Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վերջին 10 Օրուան Ընթացքին Ազրպէյճանական Կողմը Ունի Առնուազն 8 Սպաննուած Զինուոր» Կ՛ըսէ Նախարար Վիգէն Սարգսեան

Յունիս 29, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը որեւէ զէնքի մատակարարում Ազրպէյճանին շատ բացասական կը նկատէ, որովհետեւ Ազրպէյճան անկանխատեսելի երկիր է ժողովրդական վերահսկողութեան մեքանիզմներու բացակայութեան պատճառով: Երէկ լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումի մը ընթացքին նախարար Սարգսեան ըսաւ, որ Ազրպէյճանի յարձակողապաշտութեան մակարդակը պայմանաւորուած է միայն ներքին եւ երբեմն վերլուծութեան դժուար ենթարկուող խնդիրներու համադրումով: «Որեւէ զէնքի մատակարարում` ըլլայ ռուսական, իսրայէլեան, թէ թրքական, նոր վտանգներ կը ստեղծէ, որովհետեւ դժուար է կանխատեսել, թէ այդ երկրին մէջ ո՛վ այդ պահուն եւ ապագային  որոշումներ պիտի տայ», ըսաւ Վիգէն Սարգսեան:

Նախարարին համաձայն, Հայաստանը Ռուսիոյ հետ ունի փոխադարձ գործակցութեան իր ծրագիրը: «Ատիկա ռազմավարական գործընկերութեան` դաշնակցային յարաբերութիւններով պայմանաւորուած զինուորական արհեստագիտութեան, ռազմաքաղաքական փոխադարձ գործակցութեան ծրագիր է: Մենք բաւարարուած ենք այնքանով, թէ այդ ծրագիրը ինչպէ՛ս կ՛իրականացուի, ատիկա շատ յաւակնոտ ծրագիր է, որ մենք պարբերաբար կ՛ընդլայնենք, եւ պէտք է ըսեմ, որ մեր հարցերը, որոնք կը բարձրացնենք երկխօսութեան ընթացքին, շատ աւելի երկարատեւ կայունացնող են, քան ուղղակի զէնքի այս կամ այն քանակի մատակարարումը», ըսաւ Սարգսեան:

Վերջին 10 օրուան ընթացքին, հաստատուած տուեալներով, ազրպէյճանական կողմը ունի առնուազն 8 սպաննուած զինուոր, լրագրողներուն յայտնեց նախարար Վիգէն Սարգսեանը:

«Ունինք դիտարկման արդիւնք, բայց չունինք ապացոյց: Այդ 8 սպաննուածները տակաւին յուղարկաւորուած չեն, եւ ազրպէյճանական մամուլին մէջ այդ մասին տակաւին ոչ մէկ լուր կայ: Ասիկա պէտք է հաշուի առնել` հասկնալու համար, թէ ի՛նչ տեսակի հակառակորդի հետ գործ ունինք», ըսաւ ան:

Վիգէն Սարգսեանի համաձայն, լայնածաւալ պատերազմ չի սկսիր պարզ պատճառով մը` այդ ձեւով Արցախի խնդիրը չի լուծուիր: «Հաշուի առնելով մեր հակառակորդը` զինուորական գործողութիւններու վերսկսումը կրնայ բազմաթիւ դրդապատճառներ ունենալ: Համոզուած եմ` պատերազմ պէտք չէ սկսի, չկայ որեւէ զարգացում, որուն միջոցով Ղարաբաղի հարցը կրնայ լուծել ի նպաստ Ազրպէյճանին», ըսաւ ան:

Նախորդը

Արցախի Մէջ. Նախագահ Բակօ Սահակեան Ընդունած Է Նախարար Լեւոն Մկրտչեանը

Յաջորդը

Լարիճանի. «Ղարաբաղեան Տագնապին Մէջ Իսրայէլի Ներգրաւումը Բացասական Հետեւանքներու Պիտի Յանգեցնէ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?