Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Նոր Շրջափուլը Պէտք Է Ըլլայ Ըստ Կարելւոյն Անցնցում»

June 30, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ նախագահ Սերժ Սարգսեան վերահաստատեց, որ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւնը ամբողջութեամբ կը սատարէ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին:

«Կառավարութիւնը նոր շրջափուլ սկսած է, որ պէտք է անցնի ըստ կարելւոյն անցնցում»: Երէկ, բաց յայտարարելով կառավարութեան նիստը, այս մասին յայտարարեց նախագահ Սերժ Սարգսեան, իր ելոյթին ընթացքին, սակայն, չյստակացնելով, թէ ի՛նչ հաւանական  ցնցումներէ կը զգուշանայ իշխանութիւնը: «Կառավարութեան ծրագիրին հաստատումով կրնանք ազդարարել գործադիր իշխանութեան նոր շրջափուլի սկիզբը: Մեր խնդիրն է` այդ շրջափուլը անցնիլ արդիւնաւէտ եւ ըստ կարելւոյն անցնցում», ըսաւ Հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան, որ կառավարութեան ծրագիրի հաստատումէն ետք առաջին անգամն ըլլալով կը մասնակցէր կառավարութեան նիստին, անգամ մը եւս յայտարարեց, թէ իշխող Հանրապետական կուսակցութիւնը ամբողջութեամբ կը սատարէ վարչապետ Կարէն Կարապետեանին: «Մենք ձեւաւորած ենք  կառավարութեան կազմ մը, որ վստահ եմ, ունակ է լուծելու իր առջեւ դրուած բոլոր խնդիրները», ըսաւ նախագահ Սարգսեան եւ շարունակեց. «Կառավարութեան ներկայիս կազմը` վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ, կը վայելէ իմ եւ մեր ամբողջ քաղաքական խմբակի լիակատար վստահութիւնը»:

Վարչապետին ու կառավարութեան անդամներուն նախագահը յորդորեց չզլանալ` զրուցել քաղաքացիներուն հետ, աշխատանքին մէջ ըլլալ թափանցիկ: «Թափանցիկութիւնը ինքնանպատակ չէ եւ, անշուշտ, ինքնադրսեւորման միջոց չէ: Թափանցիկութեան հիմնական նպատակն է փտածութեան եւ հովանաւորչութեան վերացումը: Պետական ծախսերու, գնումներու համակարգը պէտք է ըլլայ ամբողջովին վերահսկելի, ինչպէս խորհրդարանի, այնպէս ալ մեր ամբողջ հասարակութեան համար»:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան կառավարութենէն պահանջեց «այս շրջափուլի» աւարտին` մինչեւ ապրիլ 2018-ի աւարտ իրագործել ծրագրուած աշխատանքները: «Մինչեւ յաջորդ տարուան ապրիլի կէսը պէտք է կատարենք բազմաթիւ օրէնսդրական փոփոխութիւններ: Այդ աշխատանքը յաջողութեամբ յառաջ տանելու համար անհրաժեշտ է գործել նպատակասլաց եւ սերտօրէն համադրել կառավարութեան ու Ազգային ժողովի քայլերը», ըսաւ նախագահ Սերժ Սարգսեան:

Նախագահը նշեց, որ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւնները ցոյց տուին, թէ կառավարութիւնը աշխատանքը շարունակելու համար ունի անհրաժեշտ վստահութեան քուէ:

«Խորհրդարանական ընտրութիւններուն մեր ստացած ձայներուն համեմատութիւնը բաւարար էր` միայն Հանրապետականի ուժերով կառավարութիւն ձեւաւորելու համար, սակայն մենք որոշեցինք շարունակել նախապէս ստեղծուած ձեւաչափով համագործակցութիւնը: ՀՅԴ-ի մեր գործընկերներուն հետ մենք ձեւաւորած ենք հարցեր լուծելու ունակ կառավարութիւն մը», ըսաւ Հանրապետութեան նախագահը:

Խօսելով հեռանկարային ծրագիրներու մասին` նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց նաեւ, թէ իշխանութիւնները պատրաստ են համագործակցելու կառուցողական դաշտին մէջ գործող բոլոր քաղաքական ուժերուն հետ: «Նման համագործակցութեան համար մեր կողմէ միակ նախապայմանն է քաղաքավարութեան եւ բարեկրթութեան չափանիշներու պահպանումը: Ընդ որում ընդգծեմ, որ քննադատութիւնը նշածս չափանիշներու խախտում չենք նկատեր, յատկապէս, եթէ անիկա  կառուցողական է եւ նպատակ ունի բարելաւելու իրավիճակը», նշեց Հանրապետութեան նախագահը:

Նախագահին խօսքին արձագանգելով վարչապետ Կարէն Կարապետեան ըսաւ. «Մենք կը հասկնանք, որ այդ ճամբան դիւրին պիտի չըլլայ, բայց մենք շատ վճռական տրամադրուած ենք եւ բոլոր նախատեսուած ծրագիրները պիտի իրագործենք»:

 

Նախորդը

Մանոյեան. «Միջին Արեւելքի Մէջ Հայութեան Ներկայութիւնը Կը Նպաստէ Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ապահովման»

Յաջորդը

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Բ.- Իրերը Իրենց Անուններով Կոչելու Անհրաժեշտութիւնը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.