Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանոյեան. «Միջին Արեւելքի Մէջ Հայութեան Ներկայութիւնը Կը Նպաստէ Հայաստանի Ազգային Անվտանգութեան Ապահովման»

Յունիս 30, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

27 յունիսին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին, այլ հարցերու կողքին քննարկուած են Միջին Արեւելքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները եւ անոնց ազդեցութիւնը հայկական համայնքներու  վրայ:

Խօսելով վերոնշեալ նիւթին մասին` ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան դրական գնահատած է այս հարցին քննարկումը Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին` շեշտելով, որ Միջին Արեւելքը շատ հեռու չէ մեր երկրէն, եւ այս շրջանի տագնապները այս կամ այն ձեւով կ՛ազդեն Հայաստանի անվտանգութեան վրայ:

«Ասիկա կը նշանակէ, որ մեր պետութիւնը մտահոգ է եւ կը զբաղի նաեւ սփիւռքահայ հայրենակիցներու հարցերով` անկախ անկէ, թէ  Հայաստանի քաղաքացիութիւն ունին կամ ոչ: Միջին Արեւելքը Հայաստանի համար հեռու վայր չէ, եթէ մէկ կողմ ձգենք այդ շրջաններուն մէջ հայերով բնակուելու հանգամանքը: Իրականութեան մէջ շատ մօտ վայր է: Բնականաբար չենք գիտեր, թէ ի՛նչ եզրակացութեան հասած են, բայց ընդհանուր առմամբ ճիշդ քայլ է, որ մեր պետութիւնը զբաղի սփիւռքի, յատկապէս այդպիսի անկայուն շրջաններու մէջ բնակող հայերուն վիճակով», «Առաջին լրատուական»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Կիրօ Մանոյեան:

Կիրօ Մանոյեան կարծիք յայտնեց, որ եթէ Միջին Արեւելքի իրավիճակը շատ անկայուն ըլլայ, ատիկա անպայման իր ազդեցութիւնը կ՛ունենայ Հայաստանի ընդհանուր անվտանգութեան վրայ` ոչ անպայմանօրէն անմիջական իմաստով: «Նկատի պէտք է ունենալ, որ Միջին Արեւելք ըսելով` նաեւ կայ մեր դրացի Թուրքիան, եթէ նոյնիսկ դրացնութեան պահուածք չունի: Եւ այդ իմաստով կարեւոր է, որ հետեւինք խնդիրներուն: Բնականաբար, կայ նաեւ Իրանի նկատմամբ վերաբերմունք: Ուրեմն այս բոլորը մեր անմիջական շրջապատն են: Չեմ կարծեր, որ Հայաստանի մէջ կայ որեւէ մէկը, ներառեալ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի անդամները, որոնք կը կարծեն, թէ մենք կրնանք մեծ ազդեցութիւն ունենալ այդ իրադարձութիւններուն վրայ, բայց հաստատ, որ զգօն պէտք է ըլլանք, որ այդ իրադարձութիւններուն  հետեւանքները չվնասեն մեր անվտանգութեան, այս պարագային` նաեւ այնտեղ բնակող հայկական համայնքներուն»:

Անդրադառնալով Սուրիոյ հայ համայնքի հարցին` Կիրօ Մանոյեան  յիշեցուց, որ այս տարիներուն ընթացքին շատ խօսուած է սուրիահայերը տարհանելու մասին, բայց անոր կարծիքով` ատիկա ճիշդ մօտեցում չէ այն իմաստով, որ կարելի չէ մարդոց ստիպել դուրս գալ իրենց տուներէն, եթէ անոնք կ՛ուզեն Սուրիա մնալ: Միւս կողմէ, անհրաժեշտ է ստեղծել պայմաններ այն մարդոց համար, որոնք  կ՛ուզեն Սուրիայէն տեղափոխուիլ Հայաստան:

«Յստակ է, որ այսօր Սուրիոյ համայնքին թիւը այն չէ, ինչ որ էր մինչեւ սուրիական տագնապին սկսիլը` 2011 թուական, բայց արդէն կը խօսուի  Սուրիոյ հայ համայնքի վերականգնման, վերակառուցման, աշխատանքներուն մասին, որոնց ուղղութեամբ եւս պետութիւնը եւ ամբողջ հայութիւնը ընելիք ունին աջակցելու առումով, որովհետեւ Միջին  Արեւելքի մէջ հայութեան ներկայութիւնը նաեւ կը նպաստէ Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ապահովման»:

 

 

Նախորդը

Արցախի Քաղաքական Ուժերը Սկսած Են Նախագահի Ընտրութեան Շուրջ Խորհրդակցութիւններուն

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Նոր Շրջափուլը Պէտք Է Ըլլայ Ըստ Կարելւոյն Անցնցում»

RelatedPosts

Սէյրան Օհանեան Զրկուեցաւ  Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ
Գլխաւոր լուրեր

Սէյրան Օհանեան Զրկուեցաւ Պատգամաւորական Անձեռնմխելիութենէ

Փետրուար 9, 2023
ՀՅԴ Բիւրօ. «Հայաստանի Իշխանութեանը  Զգուշացնում Ենք` Փորձ Չանե՛լ Դաշնակիցների Հետ  Յարաբերութիւններ Հաստատել  «Առեւտր»-ի Տրամաբանութեամբ»
Գլխաւոր լուրեր

Ռուստամեան. «Մեծամասնութիւնը Իշխանութեան Եկած Է Խոստումով Մը, Բայց Կ՛իրականացնէ Բոլորովին Այլ Ծրագիր»

Փետրուար 9, 2023
Մոսկուա. «Լեռնային Ղարաբաղ ՄԱԿ-ի  Խաղաղապահներ Ուղարկելու  Գաղափարը Իրատեսական Չէ»
Հայկական

Մոսկուա. «Լեռնային Ղարաբաղ ՄԱԿ-ի Խաղաղապահներ Ուղարկելու Գաղափարը Իրատեսական Չէ»

Փետրուար 9, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In