19-էն 29 յուլիսի ժամանակամիջոցին Արցախի Ազգային ժողովը պիտի ընտրէ հանրապետութեան նախագահը:
Նշենք, որ կատարուած Սահմանադրական փոփոխութիւններով մինչեւ 2020 երկրին նախագահը պիտի ընտրուի խորհրդարանին միջոցով:
1 յուլիսին Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած է Արցախի ժողովրդավարական կուսակցութեան հերթական` 5-րդ համագումարը, որ լիազօրած է Արցախի Ազգային ժողովի «Ժողովրդավարութիւն» խմբակցութիւնը յուլիսին խորհրդարանին կողմէ նախագահի ընտրութիւններուն առաջադրելու Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը: