Իրանահայ պատգամաւոր Կարէն Խանլարեանի համաձայն, օրեր առաջ Իրանի խորհրդարանին մէջ ընդունուած Նորդուզ-Մեղրի սահմանային դարպասի միացեալ օգտագործման մասին օրինագիծի ընդունումը շահաւէտ էր երկուստեք. Հայաստանի Հանրապետութիւնը կարելիութիւն կ՛ունենայ տնտեսական գործունէութիւն ծաւալելու 70-80 միլիոննոց շուկայի մէջ, իսկ Իրանը այդ համաձայնութեան միջոցով կարելիութիւն կ՛ունենայ համագործակցելու ո՛չ միայն Հայաստանի, այլեւ Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներուն հետ:
Իրանահայ պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան «Թերթ»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, որ օրինագիծը մեծ թիւով պատգամաւորներու քուէարկութեամբ ընդունուեցաւ Իրանի խորհրդարանին կողմէ:
«Ասիկա առեւտրական, տնտեսական համագործակցութեան համար բաւական արժէքաւոր համաձայնագիր է, որուն շուրջ համաձայնութիւնը ձեռք ձգուած է նախագահներ Սերժ Սարգսեանի եւ Հասան Ռուհանիի հանդիպումին ընթացքին: Իրանի խորհրդարանին մէջ արդէն օրինագիծը հաստատուեցաւ», ըսաւ ան:
Պատգամաւոր Կարէն Խանլարեան նշեց, որ օրինագիծը բաւական պիտի դիւրացնէ մաքսային հոլովոյթները երկու երկիրներուն միջեւ: «Ենթադրելի է, որ անիկա բաւական կը նուազեցնէ մաքսատուրքերու չափը: Կը կարծեմ` առեւտրական մարզը երկու երկիրներուն միջեւ պիտի վերաճի ռազմավարական մակարդակի», ըսաւ ան:
Հայաստանի հետ Իրանի փոխադարձ յարաբերութիւններու ռազմավարական մակարդակը` անկախ շրջանին մէջ քաղաքական իրադրական վիճակէն, անփոփոխ է, որովհետեւ այդ յարաբերութիւնները շատ աւելի խորքային են:
«Նորդուզ-Մեղրի սահմանային դարպասի միացեալ օգտագործումը ո՛չ միայն բարեյաջող օգտագործման համար հող կը պատրաստէ, այլեւ կարելիութիւն կը ստեղծէ ազատ տնտեսական գօտիներու հաստատման: Իրանի մէջ կայ մեծ ազատ տնտեսական գօտի, կը նախատեսուի արդէն Մեղրիի մէջ նման բան հիմնել: Կ՛ենթադրուի, որ կարելիութիւն պիտի ստեղծուի նաեւ ջրելեկտրական քաղաքականութեան համար, այսինքն` Արաքսը կրնայ օգտագործուիլ ջրելեկտրակայաններ հիմնելու», ըսաւ ան: