Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցած Է  Բրիտանիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյին

Նախագահ Սարգսեան Ցաւակցած Է Բրիտանիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ցաւակցական հեռագիր մը յղած է  Բրիտանիոյ վարչապետ Թերեզա Մէյին` Մանչեսթըրի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութեան առիթով: «Կորուստի այս դժուար պահուն իմ զօրակցութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, Բրիտանիոյ բարեկամ ժողովուրդին եւ զոհուածներու ընտանիքներուն` մաղթելով ուժ եւ ոգիի արիութիւն, իսկ վիրաւորներուն` շուտափոյթ ապաքինում: Հայաստանը խստօրէն կը դատապարտէ նման անմարդկային գործողութիւններ եւ վճռական է միացեալ ուժերով շարունակելու պայքարը բռնութեան եւ...

Մոկերինի. «Ղարաբաղեան Տագնապը  Զինուորական Լուծում Չունի»

Մոկերինի. «Ղարաբաղեան Տագնապը Զինուորական Լուծում Չունի»

23 մայիսին Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորհուրդի 17-րդ նիստը: Հայաստանի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալբանդեան, իսկ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը` Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ, Եւրոպական յանձնախումբի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի: Կողմերը անդրադարձ կատարեցին Համագործակցութեան խորհուրդի նախորդ նիստէն ետք արձանագրուած ձեռքբերումներուն: Քննարկում կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն օրակարգի հարցերուն շուրջ, որոնց կարգին`...

Երեսփոխան Բագրատունի Ցաւակցութիւն  Յայտնեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին

Երեսփոխան Բագրատունի Ցաւակցութիւն Յայտնեց Լիբանանի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով ցաւակցական նամակ մը յղեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի: Բագրատունի իր նամակին մէջ դատապարտեց Բրիտանիոյ Մանչեսթըր քաղաքին մէջ կատարուած ահաբեկչական յարձակումը, ցաւակցութիւն յայտնեց կատարուած անմեղ զոհերուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն: ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր կարգին նոյնպիսի ցաւակցական...

«Ազդակ» Կը Շնորհաւորէ «Արցախփրես»  Լրատու Գործակալութիւնը` Հիմնադրութեան  3-ամեակին Առիթով

«Ազդակ» Կը Շնորհաւորէ «Արցախփրես» Լրատու Գործակալութիւնը` Հիմնադրութեան 3-ամեակին Առիթով

«Արցախփրես» լրատու գործակալութեան հիմնադրութեան 3-ամեակին առիթով «Ազդակ»  շնորհաւորած է զայն: «Ազդակ»-ի խմբագրութեան կողմէ այս առիթով յղուած շնորհաւորական խօսքին մէջ ըսուած է. «Իւրաքանչիւր լրատուամիջոցի ծնունդ հայկական լրատուադաշտին մէջ բոլորիս համար գօտեպնդիչ է: Արդէն երրորդ տարին է, որ «Արցախփրես»-ը պատուով կ՛իրականացնէ հայկական լրատուամիջոցէ մը ակնկալուած կարեւորագոյն գործառոյթները եւ թարմ, արագ լրատուութիւններ կը հրապարակէ` արցախեան մեր հայրենիքի քաղաքական, հոգեւոր, մշակութային մարզերուն վերաբերեալ: Ակներեւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Քուէյթի Մէջ Լիբանանի  Եւ Հայաստանի Դեսպանատուներ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կ՛այցելէ Քուէյթի Մէջ Լիբանանի Եւ Հայաստանի Դեսպանատուներ

Քուէյթ իր հովուապետական այցելութեան ծիրին մէջ, Արամ Ա. կաթողիկոս յաջորդաբար այցելեց Լիբանանի եւ Հայաստանի դեսպանատուները: Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Մահեր Խէյր լիբանանեան յատուկ հիւրասիրութեամբ եւ բացառիկ ընդունելութեամբ դիմաւորեց վեհափառ հայրապետը: Ընդունելութեան ներկայ էին նաեւ լիբանանեան համայնքի ներկայացուցիչներ, բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, հոգեւոր պետեր եւ Քուէյթի մէջ գործող շարք մը դեսպաններ: Ճաշկերոյթի սկիզբը խօսք առնելով դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին ներկայութիւնը լիբանանեան հողին վրայ: Այս առիթով դեսպանը անդրադարձաւ վեհափառ հայրապետի դերակատարութեան Լիբանանի ու Միջին Արեւելքի մէջ, ինչպէս նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ` իբրեւ կրօններու միջեւ համերաշխութեան, հանդուրժողութեան ու գործակցութեան առաքեալ: Ան նաեւ շեշտեց հայ համայնքին դերակատարութեան կարեւորութիւնը Լիբանանի մէջ: Ապա, ճաշկերոյթին մասնակից շուրջ հարիւր հրաւիրեալներու ներկայութեան խօսք առնելով անգլերէնով եւ  ֆրանսերէնով, Արամ Ա. կաթողիկոս ընդգծեց Լիբանանի իւրայատուկ դիմագիծը` իբրեւ կրօններու ու մշակոյթներու միջեւ կենդանի համակեցութեան երկիր, եւ այս ծիրին մէջ բաղդատական մը ըրաւ Քուէյթի եւ Լիբանանի միջեւ` զանոնք նկատելով երկխօսութիւնը կեանքի վերածած երկիրներ: Վեհափառ հայրապետը նաեւ անդրադարձաւ Լիբանանի հայ համայնքին, որ կը շարունակէ կարեւոր ներդրում բերել Լիբանանի հզօրացման ու զարգացման մէջ: Ճաշկերոյթի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում: Վեհափառ հայրապետը իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ այցելեց նաեւ Հայաստանի դեսպանատուն: Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանին բացակայութեան գլխաւոր հիւպատոս Լեւոն Պետրոսեան ջերմօրէն ողջունեց վեհափառ հայրապետին այցելութիւնը Քուէյթ, եւ մանաւանդ ներկայութիւնը Հայաստանի դեսպանատան մէջ: Ան անդրադարձաւ Քուէյթի եւ Հայաստանի միջեւ տակաւ աճող յարաբերութեան, ինչպէս նաեւ սփիւռքի եւ Հայաստանի միջեւ գործակցութեան, եւ այդ ծիրին մէջ Քուէյթի հայութեան բերած կարեւոր նպաստին: Արամ Ա. կաթողիկոս իր կարգին ուրախութիւն յայտնեց, որ Քուէյթի մէջ հաստատուած Հայաստանի դեսպանատունը լծուած է երկու երկիրներուն միջեւ...

Ակնարկ.  Իսլամական-Ամերիկեան  Վեհաժողովը` Հայկական Ոսպնեակով

Ակնարկ. Իսլամական-Ամերիկեան Վեհաժողովը` Հայկական Ոսպնեակով

Ռիատի մէջ կայացած իսլամական-ամերիկեան վեհաժողովէն բխած յայտարարութիւններն ու ձեռք ձգուած համաձայնութիւնները քանի մը կարեւոր հանգամանքներով հետագայ իրադարձութիւններու հաւանական հունաւորման մասին որոշ նախադրեալներ կը փոխանցեն: Ուաշինկթըն Ռիատի դերակատարութեան վերասահմանման փորձ կը կատարէ. փաստօրէն Սէուտական Արաբիան տարածաշրջանին մէջ գլխաւոր խաղցողի իր կարգավիճակը սկսած էր զիջիլ այլ տէրութիւններու: Հիմա, հսկայածաւալ պիւտճէ ենթադրող նոր համաձայնութիւններով, բանակը վերազինելու ամերիկեան որոշումը եւ անկէ բխած Ռիատը հակաահաբեկչական...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է  Իր Կառուցուածքին Մէջ Փոփոխութիւններ  Մտցնելու Մասին Օրէնքին

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուած Է Իր Կառուցուածքին Մէջ Փոփոխութիւններ Մտցնելու Մասին Օրէնքին

Երէկ տեղի ունեցած Հայաստանի կառավարութեան արտահերթ նիստին ընթացքին համաձայնութիւն տրուած է «Հայաստանի կառավարութեան կառուցուածքին մասին» եւ յարակից շարք մը օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին Հայաստանի օրէնքներու նախագիծերու փաթեթին: Կառավարութեան պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, փոփոխութիւններուն իբրեւ հետեւանք «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար-նախարար» քաղաքական պաշտօնը կը փոխարինուի «Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավար» հայեցողական պաշտօնով` համապատասխանաբար փոխելով նաեւ անոր...

Ա. Կիտանեան Լէյլա Սոլհի Հետ  Կը Ստորագրէ Նախարարութեան Ապակեայ  Սրահը Նորոգելու Համաձայնագիր Մը

Ա. Կիտանեան Լէյլա Սոլհի Հետ Կը Ստորագրէ Նախարարութեան Ապակեայ Սրահը Նորոգելու Համաձայնագիր Մը

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան «Ուալիտ պըն Թալալ»-ի անուան բարեսիրական միութեան նախագահ, նախկին նախարար Լէյլա Սոլհ Համատէի հետ ստորագրեց համաձայնագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ միութիւնը պիտի ստանձնէ զբօսաշրջութեան նախարարութեան ապակեայ սրահին նորոգութեան աշխատանքները, ինչպէս նաեւ սրահին  «Լէյլա Սոլհ Համատէ» անուանումը: Համաձայնագիրին ստորագրութեան ընթացքին Սոլհ ողջունեց նախարար Կիտանեանն ու նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Նատա Սարտուքը: Իր խօսքը ուղղելով նախարար Կիտանեանին` Լէյլա Սոլհ ըսաւ....

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Իրանի  Վերընտրուած Նախագահ Հասան Ռուհանին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Իրանի Վերընտրուած Նախագահ Հասան Ռուհանին

Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ շնորհաւորական նամակը յղեց Իրանի վերընտրուած նախագահ Հասան Ռուհանիին. «Նորին վսեմութիւն Դոկտ. Հասան Ռուհանի Նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Թեհրան Ձերդ վսեմութիւն, Ուրախութեամբ իմացանք ձեր վերընտրութիւնը իբրեւ նախագահ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան: Արդարեւ, ձեր վերընտրութիւնը պերճախօս վկայութիւն մըն է ձեր անձին նկատմամբ Իրանի ժողովուրդին ունեցած սիրոյն, վստահութեան ու ակնկալութեան: Նախագահական ձեր նախորդ շրջանին դուք փաստեցիք ձեր գերազանց կարողութիւնը` դիմագրաւելու...

Մամլոյ Լսարան Թիւ 128.  «Պոլսահայ Կեանքին Կրթական  Եւ Հրատարակչական Մարզերը» Նիւթով Զեկուցում

Մամլոյ Լսարան Թիւ 128. «Պոլսահայ Կեանքին Կրթական Եւ Հրատարակչական Մարզերը» Նիւթով Զեկուցում

«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած մամլոյ լսարաններու ծիրին մէջ երէկ` երկուշաբթի, 22 մայիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին,  «Ազդակ»-ի «Ժիրայր Պուտագեան» մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ 128-րդ լսարանը, որուն ընթացքին «Ժպիտ» մանկապատանեկան ամսաթերթի խմբագրութեան անդամ Մարի Աքպաշ անդրադարձաւ պոլսահայ կեանքի ներկայ կրթական եւ հրատարակչական մարզերուն մէջ տիրող կացութեան: Բացման խօսքը արտասանեց Կարօ Աբրահամեան, որ ներկայացուց Մարի Աքպաշը` իբրեւ պոլսահայ համայնքի արտակարգօրէն ...

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիին

Նախագահ Սերժ Սարգսեան Շնորհաւորական Ուղերձ Յղած Է Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանիին

Շաբաթ, 20 մայիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիին` Իրանի նախագահի ընտրութեան տարած յաղթանակին առիթով: «Վստահ եմ, որ ձեր հետագայ պաշտօնավարման ընթացքին բարեկամ եւ դրացի Իրանը պիտի շարունակէ իր վերընթաց զարգացման ուղին` կարեւոր եւ նշանակալի ներդրում ունենալով շրջանային խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման գործին մէջ: «Լիայոյս եմ, որ մեր միացեալ ջանքերուն շնորհիւ հայ-իրանական աւանդական ջերմ եւ...

Ազգային Ժողովի Մնայուն Յանձնախումբերու Նախագահները Ընտրուած Են

Ազգային Ժողովի Մնայուն Յանձնախումբերու Նախագահները Ընտրուած Են

Շաբաթ, 20 մայիսին տեղի ունեցած է Ազգային ժողովի մնայուն յանձնախումբերու նախագահներու ընտրութիւնը: Մինչեւ քուէարկութիւնը, բոլոր 9 յանձնախումբերու նախագահներու  թեկնածուները ելոյթ ունեցան եւ ներկայացուցին իրենց մօտեցումներն ու պատկերացումները` յառաջիկայ աշխատանքներուն վերաբերեալ: Առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու յանձնախումբին մէջ ՀՀԿ խմբակցութիւնը առաջարկած է հանրապետական Յակոբ Յակոբեանի թեկնածութիւնը: Եւրոպական համարկումի հարցերով մնայուն յանձնախումբի նախագահի պաշտօնին «Ծառուկեան» դաշինքին կողմէ առաջարկուած է Նայիրա Զոհրաբեանի թեկնածութիւնը: Արտաքին...

Աւետիս Կիտանեան Հանրապետութեան Նախագահը Ներկայացուց Պէյրութի Զբօսանաւերու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութեան

Աւետիս Կիտանեան Հանրապետութեան Նախագահը Ներկայացուց Պէյրութի Զբօսանաւերու Ցուցահանդէսի Բացման Հանդիսութեան

Հանրապետութեան նախագահի ներկայացուցիչ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան երէկ կէսօրին Մարինա Սոլիտերի զբօսաշրջական նաւահանգիստին մօտ բացումը կատարեց Պէյրութի զբօսանաւերու ցուցահանդէսի բացումին: Հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Ամմար Հուրի, ցուցահանդէսը կազմակերպող ընկերութեան պատասխանատու Ալպեր Աուն, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ, զինուորականներ, ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ եւ զանազան լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: Բացման հանդիսութեան առիթով նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ Պէյրութի մէջ կազմակերպուած...

Հովանաւորութեամբ «Էլ. Այ. Եու.» Համալսարանին.  Համազգայինի Կիթառահարներու Համոյթին Եւ «Տաւիղ» Նուագախումբին Հիանալի Ելոյթը

Հովանաւորութեամբ «Էլ. Այ. Եու.» Համալսարանին. Համազգայինի Կիթառահարներու Համոյթին Եւ «Տաւիղ» Նուագախումբին Հիանալի Ելոյթը

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստներու դպրոցի խնամակալութեան եւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին,  հովանաւորութեամբ «Էլ. Այ. Եու.» համալսարանին, կիրակի, 21 մայիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի կիթառահարներու համոյթին եւ «Տաւիղ» նուագախումբին ելոյթը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի: Յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ կիթառահարներու համոյթը` հետեւեալ գործերով. Allemande (J. S. Bach), Pavane (Gabriel...

Ծանօթացման Հանդիպում` Լիբանանի Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութեանց Եւ Տիկնանց Ու Աղքատախնամի Յանձնախումբերու Պատասխանատուներուն Հետ

Ծանօթացման Հանդիպում` Լիբանանի Թեմի Եկեղեցիներու Թաղականութեանց Եւ Տիկնանց Ու Աղքատախնամի Յանձնախումբերու Պատասխանատուներուն Հետ

Կազմակերպութեամբ Ազգային առաջնորդարանի ընկերային յանձնախումբին, ուրբաթ, 19 մայիսին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում` Լիբանանի թեմի եկեղեցիներու թաղականութեանց, տիկնանց յանձնախումբերուն, քարտուղարութեանց եւ աղքատախնամներու պատասխանատուներուն հետ: Սոյն հանդիպումին նպատակն էր նախ եւ առաջ իրարու հետ ծանօթացում, ապա ընկերային հարցերու քննարկում եւ կացութեան բարելաւում, ինչպէս նաեւ Ազգային առաջնորդարան-թաղականութիւն, Ազգային առաջնորդարան-տիկնանց յանձնախումբ, Ազգային առաջնորդարան-աղքատախնամ կապերու յաւելեալ ամրապնդում:...

Ակնարկ.  Հասցէական Մեղադրանքներու Քաղաքական Շարժառիթը

Ակնարկ. Հասցէական Մեղադրանքներու Քաղաքական Շարժառիթը

Պաշտօնական Մոսկուայի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու յայտարարութիւնները համահունչ են Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին մէջ արձանագրուած վերջին իրադարձութիւններուն գնահատականը կատարելու առումով: «Տարբեր աղբիւրներից ստացուած տեղեկութիւններով` մայիսի 15-ի կէսօրին ազրպէյճանական կողմը գնդակոծել է շփման գծի հակառակ կողմում գտնուող ռազմական համակարգը, ինչին համապատասխանաբար արձագանգ է տուել միւս կողմը»: Պարզ է բովանդակութիւնը եւ պատասխանատուութեան հասցէականութիւնը: Ազրպէյճանական զինեալ ուժերն են, որոնք յարձակողապաշտութեամբ հանդէս...

«Եկեղեցին Պէտք Է Պայծառացնենք, Որպէսզի Եկեղեցիով Մենք Պայծառանանք».  Քուէյթահայութեան Պատգամեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

«Եկեղեցին Պէտք Է Պայծառացնենք, Որպէսզի Եկեղեցիով Մենք Պայծառանանք». Քուէյթահայութեան Պատգամեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետ

«Ուրախացի՛ր, ծարաւ անապատ: Անապատը պիտի ցնծայ եւ պիտի ծաղկի շուշանի պէս»: Մարգարէական այս տողերը թարգմանը հանդիսացան քուէյթահայութեան անսահման ցնծութեան ու հոգեփոխութեան, երբ ուրբաթ, 19 մայիս 2017-ին, համայնքային կեանքը ծաղկազարդուեցաւ նորակառոյց Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ օծման արարողութեամբ` ձեռամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Քուէյթի գաղութի ոսկեմատեանին մէջ անկիւնադարձային թուական մը արձանագրելով: Երկամեակ մը առաջ Քուէյթի Ազգային առաջնորդարանն ու Սրբոց Վարդանանց եկեղեցին դատարկելու եւ...

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի Այցելեց Նախագահ Աունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութեան նպատակով ընթացող խորհրդակցութիւնները: Հանդիպումէն ետք Պաապտայէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Յ. Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով կոչ ուղղեց վաւերացնելու լիբանանցիներուն միջեւ արդարութիւն եւ հաւասարութիւն պարտադրող, ինչպէս նաեւ ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն...

Կիպրոսի Մէջ  Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ  ՀՅԴ Կիպրոսի Կառոյցի Ներկայացուցիչին Հետ

Կիպրոսի Մէջ Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Կիպրոսի Կառոյցի Ներկայացուցիչին Հետ

Երէկ Կիպրոս այցելեց Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանդեան` մասնակցելու Եւրոպական խորհուրդի արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովին: Իր Կիպրոս կատարած քանի մը ժամուան այցելութեան ընթացքին, Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ ՀՅԴաշնակցութեան Կիպրոսի ներկայացուցիչ Սիմոն Այնէճեանի հետ: Հանդիպման ընթացքին, ՀՅԴ ներկայացուցիչը անդրադարձաւ Կիպրոս-Հայաստան արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող բացառիկ յարաբերութիւններուն եւ յայտնեց ՀՅ Դաշնակցութեան Կիպրոսի կազմի եւ Կիպրոսի Հայ դատի յանձնախումբի անվերապահ աջակցութիւնը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Ախոյեանութեան Տիտղոսը Պահեցին Իրենց Մօտ` Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիասի Աղջիկները Ախոյեանութեան Տիտղոսը Պահեցին Իրենց Մօտ` Յաջորդաբար Երկրորդ Տարին Ըլլալով

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան աւարտական չորրորդ ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երբ Լիբանանի աղջկանց ախոյեան ՀՄԸՄ Անթիլիաս հիւրընկալեց Ռիատին` իր մեծաթիւ համակիրներուն ներկայութեան: ՀՄԸՄ, որ այս չորրորդ մրցումը սկսաւ 2-1 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը յաղթանակի մը պէտք ունէր` տիտղոսը պահելու համար: Այդպէս ալ պատահեցաւ, եւ ՀՄԸՄ Անթիլիասի աղջիկները,...

Page 629 of 796 1 … 628 629 630 … 796

Արխիւներ