Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմադրութիւնը Աւելի Եւս Սեղմած Է Ժապհաթ Նուսրայի Ահաբեկիչներուն Շրջափակման Օղակը. Լիբանան Կը Պատրաստուի Տօնելու Յուլիսեան Այլ Յաղթանակ Մը

Յուլիս 26, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հինգերորդ օրն ըլլալով` երէկ Դիմադրութեան մարտիկները շարունակեցին Ժապհաթ Նուսրայի դէմ յայտարարած իրենց ճակատամարտը, աւելի եւս նեղցնելով ահաբեկիչները շրջափակող իրենց օղակը` Հմայտ հովիտին եւ Մալահի շրջաններուն մէջ:

Արսալի ազատագրուած բարձունքներուն 90 տոկոսին վրայ երէկ աւելցան նաեւ Քումայլ, Համմուտէ եւ Թլայլ հովիտները, Մուքաապաթ Ֆըրն, Պայտար, Շաապաթ Նահլէ, Սըրժ Խըրպէ, Թալաաթ Նասսապ, Օքպաթ Նուհ եւ Խէյլ հովիտի շրջակայքը:

Այս բոլոր շրջանները կը գտնուին Հմայտ հովիտին եւ Զամարանիի դիմաց:

Դիմադրութիւնը մնաց իր առաջարկին վրայ, որուն համաձայն, անձնատուր ըլլալու պատրաստ իւրաքանչիւր զինեալ պարզապէս իր զէնքը գետին դնելով ինքզինք փրկած կ՛ըլլայ: Սակայն ահաբեկիչներէն ոչ ոք ընդառաջեց այդ առաջարկին: Ընդհակառակն` անոնք դիմեցին ՏԱՀԵՇ-ի մօտ ապաստան գտնելու ընտրանքին, սակայն ՏԱՀԵՇ նախապայման մը ճշդեց անոնց` հրապարակաւ ընդունիլ ՏԱՀԵՇ-ին ենթակայ ըլլալը, որպէսզի արտօնէ Նուսրայի զինեալներուն մուտքը դէպի Զամարանիէն անդին գտնուող շրջան:

Դիմադրութեան մարտիկները երէկ բուռն մարտեր մղեցին Արսալի բարձունքներուն վրայ, պատճառելով մեծ թիւով զոհեր` Ժապհաթ Նուսրայի շարքերուն մէջ:

Դիմադրութեան աղբիւրներուն համաձայն, Ժապհաթ Նուսրայի սպաննուած զինեալներուն թիւը հասած է 120-ի:

Դիմադրութիւնը բուռն կերպով ռմբակոծեց Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը:

Ըստ Դիմադրութեան պատասխանատուներուն, Քալամունի մէջ Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլիի կեդրոնին մէջ գտնուող սարքերը, ականներն ու պայթուցիչները կը փաստեն, թէ ան սովորական անհատ մը չէ, այլ կարեւոր դէմք մը:

Դիմադրութեան պատասխանատուները նշեցին նաեւ, որ Ապու Մալեք Թալլի նախքան փախուստ տալը ածիլած է իր մօրուքը:

Դիմադրութեան մարտիկներուն արձանագրած յաղթանակները եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ գլխատուած բանակայիններուն որմազդներն ու լիբանանեան դրօշները բարձրացնելը արժանացան լիբանանցիներուն մեծ տոկոսին ողջոյնին:

Գլխատուած բանակայիններուն հարազատները բարձր գնահատեցին Հըզպալլայի մարտիկներուն քայլը եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին անոնց` պատրաստակամութիւն յայտնելով համբուրելու անոնց զինուորական կօշիկներն ու Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ձեռքերը:

Մինչ երախտապարտ ըլլալու այս  կեցուածքները շրջանառութեան մէջ էին, Մուսթաքպալ պլոքը, նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի, գումարեց իր ընթացիկ նիստը եւ հրապարակեց կծու հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի յայտարարած ճակատամարտը կը նկատէ ինքնագլուխ որոշում, որ պետութեան շրջագիծէն դուրս է եւ օրինական չի նկատուիր:

Հաղորդագրութեան մէջ պահանջուեցաւ նաեւ, որ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին լոյսին տակ միջազգային խաղաղապահ ուժեր տեղակայուին արեւելեան լեռնաշղթային եւ Լիբանանի հիւսիսային սահմաններուն վրայ` մեկնելով հարաւային Լիբանանի յաջող փորձէն:

Այս հաղորդագրութիւնը դատապարտող նոյնքան կծու պատասխան մը տուաւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ, որուն դատապարտումը վերածուեցաւ իր եւ Սինիորայի միջեւ բանավէճի:

Աւելի ուշ բանավէճը վերածուեցաւ ցեխարձակումի, որուն լոյսին տակ Ուահապ Սինիորան ամբաստանեց գործակալութեան յանցանքով` նշելով, որ ան ստանձնած է Լիբանանը քանդելու պարտականութիւնը եւ պէտք է զայն դատավարութեան ենթարկել:

Իր կարգին, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ թուիթըրեան զուսպ գրառումով մը շեշտեց, որ Դիմադրութեան առանցքը յաղթանակ արձանագրած է եւ մեծամտութիւնը ոչ մէկ արդիւնք կրնայ ունենալ:

Ուշ երեկոյեան յայտնուեցաւ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆ հանդիպում մը ունեցած է Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամներուն հետ եւ շնորհաւորած Արսալի մէջ Դիմադրութեան ու լիբանանեան բանակին արձանագրած յաղթանակները:

Պէտք է աւելցնել, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց Արսալի բարձունքներուն վրայ տիրող իրավիճակն ու լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջաններուն մէջ արձանագրուած զարգացումները:

Սարրաֆ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունին, որ միշտ կը զօրակցի լիբանանեան բանակին:

Նշենք, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ ճառ մը:

Նախորդը

Հարիրի – Թրամփ Հանդիպում

Յաջորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանը Քննարկեց Ցեղասպանութիւն Եզրոյթը Արգիլող Օրէնքներու Ծրարը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?