Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. «Համատեղ Անցեալ»-ով Արտայայտուող Մասնատման Վտանգի Նախանշումը

Յուլիս 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ խորհրդարանի որոշումը` Ցեղասպանութեան եզրոյթը արգիլող, Անգարայի նորագոյն քաղաքականութեան համահունչ որոշում է եւ կարելի է նաեւ դիտարկուիլ նոյնիսկ իբրեւ օրինաչափ, նկատի ունենալով այն հսկայական ետդարձը, որ էրտողանական Թուրքիան կը շարունակէ կատարել:

Այսպէս. հասարակական ճնշումներուն, արգիլումներուն եւ անոնց հիման վրայ տեղի ունեցող ձերբակալութիւններուն եւ բանտարկութիւններուն կը հետեւի այս անգամ Թուրքիոյ օրէնսդիրին մէջ բառեզրերու օգտագործումին դէմ յստակ արգելք:

Արգելքը ինքնին կը նախատեսէ խախտումի պարագային օրինական հետապնդում օրինազանցին նկատմամբ. հետեւաբար նաեւ անձեռնմխելիութեան վերացում, ապա ձեւական դատավարութիւն եւ անմիջական բանտարկութիւն:

Օրէնքի ընդունման հիմնաւորումը կը կայանայ թուրք ազգի պատմութիւնն ու համատեղ անցեալը վիրաւորելու բացառման անհրաժեշտութեան վրայ. որոշումը կ՛արգիլէ նաեւ «Քիւրտիստան» եւ «քրտական նահանգներ» եզրոյթներուն օգտագործումը:

Անգարայի կողմէ այստեղ կ՛երեւի թէ՛ հայկական եւ թէ՛ քրտական գործօններու վտանգաւոր ըլլալուն նկատմամբ համահաւասար մօտեցում մը: Թիրախային հասցէն այս պարագային քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան անդամներն են, որոնք արգիլուած երկու նիւթերուն ուղղութեամբ բազմաթիւ ելոյթներ ունեցած էին խորհրդարանին մէջ:

Թրքական խորհրդարանի կարմիր քարտը կը փորձէ վերջ դնել խորհրդարանական այս քննարկումներուն: Պաշտօնական Անգարայի վարիչներուն քաղաքական ելոյթներու ենթաթեքսթը մնայուն ակնարկութիւն կը կատարէ Թուրքիոյ մասնատման վտանգին եւ այդ հաւանականութեան ծառայող ուժերուն եւ զանոնք հովանաւորողներուն:

Ճիշդ է, որ քրտական խնդիրը աշխարհաքաղաքական օրակարգի վերածուած է եւ համեմատաբար հայկականին` անհամեմատելի միջազգային հնչեղութիւն ստացած է, մանաւանդ նկատի ունենալով գերտէրութիւններու կեցուածքն ու գործնական օժանդակութիւնները քրտական տարբեր խմբաւորումներու: Այսուհանդերձ, քրտականին համահաւասար հայկական գործօնի յիշատակումն ու Ցեղասպանութեան եզրոյթի օգտագործումի արգիլումը Անգարայի իշխանութիւններուն կողմէ, մտավախութեան եւ գործօնի ազդեցիկութեան բարձրացման մասին կը յուշէ:

Անկախ հայկական եւ քրտական գործօններու վտանգի համահաւասարեցման մօտեցումէն, կայ այլ դիտարկելի կէտ, որ ուշագրաւ է:

Օրէնքի հիմնաւորումը 301 յօդուածի համահնչեղութեամբ կը խօսի թուրք ազգի պատմութիւնը վիրաւորելու աքթին քրէականացման մասին. բայց նաեւ կ՛արձանագրէ «համատեղ անցեալ» հասկացողութիւնը:

Համատեղ անցեալին մէջ կը ներառուին թուրքերը, քիւրտերը, ալեւիները, հայերը, յոյները  եւ Թուրքիոյ տարածքին ապրող այլ ազգաբնակչութիւններ: Ճիշդ այստեղ է Անգարայի  քաղաքականութեան առաջադրած նշանակէտը: Համատեղ անցեալը կը վերաբերի համատեղ ժողովուրդներու, որոնք ապրած են համատեղ բնօրրանի, հետեւաբար համատեղ հայրենիքի մէջ:

Այս համատեղ տարածքն է, որ ըստ Անգարայի իշխանութիւններուն պէտք է պահէ իր ամբողջականութիւնը: Թէ՛ երբեմնի արտաքին գործոց նախարար եւ ապա վարչապետ Տաւութօղլուի դիւանագիտական հրապարակումներուն եւ թէ՛ նորօրեայ սուլթան Էրտողանի աւելի կոշտ բարձրաձայնումներուն եւ թէ՛ տակաւին բանտին մէջ պատուէրով (ենթադրաբար ճնշումով) գրել տրուած Օճալանի բաց նամակին մէջ կարմիր թելի նման կայ այս պետական մօտեցումը` ընդգծելու եւ մնայունօրէն ամրագրելու համար համատեղ հայրենիքի գաղափարը:

Իսկ համատեղ հայրենիքի գաղափարի յանկերգումը ամէն առիթի –  եւ այժմ ալ օրէնքի կարգով «համատեղ անցեալ» բառեզրով նոյն գաղափարը շեշտելով – Թուրքիոյ իշխանութիւնները Թուրքիոյ մասնատման վտանգի նախանշումը կ՛ամրագրեն օրէնքով, խորհրդարանով:

Անկախ այն իրողութենէն, որ հսկայական ետդարձը հասած է նոյնիսկ օրէնսդիրներու կողմէ բառեզրեր  օգտագործելու արգիլման, խնդիրը այս պարագային Թուրքիոյ այսօրուան տարածքային ամբողջականութեան սասանման մտավախութեան նուիրականացումն է:

Իսկ մեր պարագային նաեւ այն, որ այդ մասնատման մէջ աշխարհաքաղաքական գործօնին առընթեր նշուած է նաեւ հայկական գործօնը:

«Ա.»

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Երիտասարդներուն Աչքը Սուր Է, Անոնք Հեռուն Կը Տեսնեն»

Յաջորդը

Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարք. Ռէալ Մատրիտ – Մանչեսթըր Եունայթըտ Մրցումին Իրաւարարները Յստակացան

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին  Կանգնած Իրականութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջին Անմիջական Արձագանգին Ետին Կանգնած Իրականութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Պաքուի Մէջ Կը Շարունակուի  Հայ Գերիներու Դատավարութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Աւարտած Է Արցախի Ռազմաքաղաքական Ղեկավարներու Եւ Միւս Գերիներու Դատավարութիւնը

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?