«Հայ Հոգեւորականին Բարձրագոյն Վկայականը Ծառայութիւնն Է»
Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս
Երկուշաբթի, 24 յուլիս 2017-ին, շրջապատուած միաբան հայրերով, Արամ Ա. կաթողիկոս Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ անմահ պատարագին, վերջին օծումը կատարեց հոգելոյս Նորայր եպս. Աշըգեանին:
Իր դամբանական խօսքին մէջ վեհափառ հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ հանգուցեալ սրբազանին քառասուն տարիներու նուիրեալ ծառայութեան` թէ՛ վանքին եւ թէ՛ թեմերուն մէջ: Արամ Ա. կաթողիկոս յատկապէս ըսաւ. «Նորայր սրբազանը համալսարան չգնաց, համալսարանական վկայականներու չտիրացաւ. իր միա՛կ վկայականը եղաւ անշահախնդիր ծառայութիւնը` Հայ եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան: Հայ հոգեւորականին բարձրագոյն վկայականը ծառայութիւնն է: Այս համոզումով ու նուիրումով ծառայեց Նորայր սրբազանը` հաւատարմութիւնն ու համեստութիւնը դարձնելով իր ծառայութեան ամէնէն յատկանշական երեսները»:
Հանգուցեալ սրբազանին քառասուն տարիներու ծառայական կեանքին մէջ յատկապէս երեք մարզեր միշտ մնացին տիրական.
Ա) Մեր եկեղեցւոյ ծիսական կեանքը: Ներկայ աշխարհի պայմանները այնպիսին են, որոնք յաճախ մեզ կը հեռացնեն ընդհանրապէս եկեղեցւոյ կեանքէն եւ յատկապէս անոր ծէսէն: Այս փորձութեան մէջ կը գտնուին նոյնիսկ հոգեւորականներ: Նորայր սրբազանը միշտ մասնակից եղաւ մեր եկեղեցւոյ ծէսին: Ան ո՛չ միայն սիրեց մեր ծէսը եւ անոր շարականներն ու աղօթքները, այլեւ ապրեցաւ իր կեանքին մէջ յաճախակիօրէն շարականներ ու մեղեդիներ երգելով եկեղեցիին մէջ թէ դուրս:
Բ) Մեր Սուրբ աթոռին հրատարակչական մարզը: Իբրեւ երկար տարիներու կաթողիկոսարանի տպարանի տեսուչ ո՛չ միայն մօտէն հետեւեցաւ տպագրական աշխատանքներուն, այլ նաեւ հետեւողական ճիգ թափեց տպարանը արդիականացնելու նոր սարքաւորումներով, ինչպէս նաեւ օգտակար հանդիսանալով կաթողիկոսարանի հրատարակութիւններու բարւոք կատարման: Այլ խօսքով` սրբազանը միշտ մնաց հայ գիրքին մօտ:
Գ) Թեմական ծառայութիւն: Հանգուցեալ սրբազանին թեմական ծառայութեան մէջ առանցքային տեղ ունեցաւ Ճեզիրէն (Սուրիա), ուր երկար տարիներ ծառայեց, եւ ուր իր անունը մինչեւ այսօր գնահատանքով կը յիշուի: Սրբազանը նաեւ իր մասնակցութիւնը բերաւ ընդհանրապէս Սուրիոյ եւ յատկապէս Հալէպի հայութեան կեանքին:
Այս երեք կէտերուն մէջ ամփոփելէ ետք հանգուցեալ սրբազանին ծառայական կեանքը, վեհափառ հայրապետը իր ցաւակցութիւնը յայտնեց միաբանութեան, անոր ծնողքին եւ բարեկամներուն: Վերջին օծումէն անմիջապէս ետք, Արամ Ա. կաթողիկոսին նախագահութեամբ տեղի ունեցաւ թաղման կարգը մայրավանքի միաբանութեան դամբարանին մէջ: Ապա, հայրապետը վեհարանին մէջ ընդունեց ցաւակցութիւններ:
Յայտնենք, որ այս տխուր առիթով Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը, Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեանը եւ Կ. Պոլսոյ պատրիարքական տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեանը, ինչպէս նաեւ թեմակալ առաջնորդները իրենց ցաւակցութիւնները յայտնեցին վեհափառ հայրապետին: