Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտօնական Բացումը` Այսօր. ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ Մարզախաղերը Ընթացք Առին Մեծ Ոգեւորութեամբ

Յուլիս 22, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

– Մասնակիցները Յարգանքի Իրենց Տուրքը Մատուցեցին Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յիշատակին Եւ Այցելեցին Հայկական Բանակի Զօրամաս

Այսօր երեկոյեան, Երեւանի ժամանակացոյցով ժամը 7:30-ին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանդիսաւոր բացումը կը կատարուի համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերուն, որոնք նուիրուած են միութեան 100-ամեակին: Կը սպասուի, որ բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուին եւ ողջոյնի խօսքեր արտասանեն հայրենի պետական հիւրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, մարզախաղերու նախագահ ՀՄԸՄ-ական Սարգիս Տէր Պետրոսեան, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ներկայացուցիչներ:

Բացման հանդիսութիւնը պիտի ընդգրկէ մարզախաղերու պատուիրակութիւններու տողանցք, Ծիծեռնակաբերդի Եղեռնի յուշահամալիրի անմար կրակէն բերուած ջահի բոցավառում, խօսքեր եւ համերգային բաժին: «Երկիր մետիա»-ն համացանցային ուղղակի կապով պիտի սփռէ բացման ամբողջ հանդիսութիւնը:

Առաջին Երկու Օրուան
Նախապատրաստութիւնները

Բացման պաշտօնական հանդիսութենէն օր մը առաջ` երէկ, մարզախաղերը արդէն ընթացք առին Երեւանի գլխաւոր դաշտերուն վրայ:

Խաղերէն օր մը առաջ, հինգշաբթի, 20 յուլիսի երեկոյեան, տեղի ունեցաւ մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններու պատասխանատուներու ժողովը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան շեշտեց, որ համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը սովորական մրցումներ չեն, ուր յաղթողներ եւ պարտուողներ ըլլան: Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը միջոց են ՀՄԸՄ-ի մարզիկները քով-քովի բերելու եւ միութենական առողջ մթնոլորտի մէջ, մէկ եւ միեւնոյն ընտանիքի պատկանելիութեան զգացումը ապրելու: Ասոնք երրորդ մարզախաղերն են, որոնք Հայաստանի մէջ կը կատարուին, ինչ որ առիթը կը ստեղծէ, որ ՀՄԸՄ-ականներ իրարու քով գալու առընթեր, հայրենիք գան, ազգային իրենց արժէքներուն ծանօթանան, ազգային իրենց ինքնութիւնն ու դիմագիծը ամրապնդեն եւ շրջաններ վերադարձին հայրենիքի սէրն ու կապուածութիւնը փոխանցեն իրենց շրջապատին, ըսաւ Մկրտիչեան:

Շարունակելով, Մկրտիչեան յայտնեց, որ համա-ՀՄԸՄ-ական այս մարզախաղերը նուիրուած են միութեան 100-ամեակին: Մարզախաղերը ունին ՀՄԸՄ-ական նախագահ, ՀՄԸՄ-ական մեկենասներ, որոնք կը հովանաւորեն 16 վաստակաշատ ՀՄԸՄ-ականներու յիշատակին նուիրուած բաժակներ, ինչպէս նաեւ սոյն մարզախաղերը ունին իւրաքանչիւր մարզախաղի ՀՄԸՄ-ական մասնագէտ պատասխանատու մը: Հետեւաբար, շեշտեց ան, այս մարզախաղերը պիտի  ըլլան 100-ամեայ ՀՄԸՄ-ի մարզական ուժին եւ կարողութիւններուն ներկայացման լաւագոյն առիթը:

Ժողովին խօսք առաւ համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեան (Միացեալ Նահանգներ) եւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց մարզախաղերուն կազմակերպչական ընդհանուր ընթացքը: Փաթիլ Եսայեան (Լիբանան) մանրամասնօրէն ներկայացուց մարզախաղերու կողքին նկատի առնուած յայտագիրները (դաստիարակչական հանդիպումներ, զօրանոց այցելութիւններ, բացման եւ փակման հանդիսութիւններ, ընկերային երեկոներ եւ այլն): Խօսքեր արտասանեցին նաեւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան անդամ Պերճ Թիւֆէնկճեան եւ Արմանտ Քիլեճեան (Միացեալ Նահանգներ): Թիւֆէնկճեան կատարեց մարզիկներու եւ մարզադաշտերու կապուած անմիջական փոխանցումներ, իսկ Քիլեճեան ներկայացուց այս առիթով ստեղծուած բջիջային հեռաձայնի յատուկ ծրագիրը (http://10th-games.homenetmen.org), որուն շնորհիւ մասնակիցները, պատասխանատուներն ու աշխարհասփիւռ համակիրները վայրկեանը վայրկեանին կրնան հետեւիլ մարզախաղերու լուրերուն եւ արդիւնքներուն:

Աւարտին, խօսքեր արտասանեցին 9 մարզաձեւերու պատասխանատուները եւ ներկայացուցին  իւրաքանչիւր մարզաձեւի գլխաւոր օրէնքները:

Մարզախաղերու Ծանօթացման
Մամլոյ Ասուլիսը

Ուրբաթ, 21 յուլիսի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, մարզախաղերու կազմակերպիչ մարմինը «Մարիոթ» պանդոկին մէջ կազմակերպուած մամլոյ ասուլիսով մը հայրենի լրատուամիջոցներուն ներկայացուց մարզախաղերուն յայտագիրը, նպատակը եւ կարեւորութիւնը` ՀՄԸՄ-ի կեանքին մէջ: Ասուլիսին խօսքեր արտասանեցին եւ լրագրողներու հարցումներուն պատասխանեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Վիգէն Քորթեան, մարզախաղերու յանձնախումբի ատենապետ Մանուէլ Մարսէլեանի եւ ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ Դաւիթ Յակոբեան:

Հայկական Բանակի
Զօրամաս Այցելութիւնը

Համա-ՀՄԸՄ-ական 10-րդ մարզախաղերու դաստիարակչական ծրագիրներու ծիրին մէջ, երէկ առաւօտեան ժամը 10:00-ին, մարզախաղերու մասնակից պատուիրակութիւններէն մաս մը` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներ Իշխան Եղիայեանի, Արմանտօ Թորգոմեանի եւ «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի խմբագիր Վիգէն Աւագեանի գլխաւորութեամբ, այցելեց հայկական բանակի Նուպարաշէնի զօրամասը:

Աւելի քան 450 մարզիկ-մարզիկուհիներէ բաղկացած պատուիրակութիւնը շրջեցաւ զօրամասի զանազան բաժինները, ծանօթացաւ հայ զինուորի առօրեային, զինուորական նախապատրաստութիւններուն եւ օգտագործած զէնք ու զրահին` թեթեւ, կիսածանր եւ ծանր, մինչեւ «Թ72» տիպի հրասայլեր:

Հայութեան «կամաւոր բանակ»-ի անդամները զրուցեցին զօրամասի զինուորներուն հետ եւ իրենց գնահատանքն ու զօրակցութիւնը յայտնեցին հայրենիքի պաշտպանութեան նուիրական գործին մէջ անոնց ի գործ դրած մեծ զոհողութիւններուն համար:

Այցելութեան վերջին մասով, մարզիկ-մարզիկուհիները հաւաքուեցան զօրամասին հրապարակը, ուր հրամանատարի տեղակալ, գնդապետ Յակոբ Աւետեան խրախուսական խօսք մը ուղղեց այցելուներուն: Ան ըսաւ, որ նման այցելութիւններ կը գօտեպնդեն հայ զինուորը եւ զգացնել կու տան, որ ան իր թիկունքին ունի ո՛չ միայն Հայաստանի երեք միլիոն ժողովուրդը, այլեւ աշխարհի 10 միլիոն համայն հայութիւնը: «Հայ զինուորը իր մարտունակութեամբ եւ կազմակերպուածութեամբ կարեւորագոյն երաշխիքն է մեր հայրենիքի հզօրութեան եւ մեր ժողովուրդի անվտանգութեան ապահովման», նշեց ան:

Խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Իշխան Եղիայեան: Ան յայտնեց, որ հայկական քաջարի բանակը ազգային մեր հպարտութիւնն է եւ արժանապատուութիւնը: ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ 108 մասնաճիւղերը պէտք է նկատել հայկական բանակին մէկական զօրամասերը, ուր ՀՄԸՄ-ականներ կը սորվին ծառայել իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

Յաջորդեց յիշատակի նուէրներու փոխանցումը: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արմանտօ Թորգոմեան հրաւիրեց պատուիրակութիւններուն ներկայացուցիչները ՀՄԸՄ-ի կողմէ մարզական իրեր նուիրելու հայկական բանակին: Այս առիթով Թորգոմեան շեշտեց, որ իւրաքանչիւր ՀՄԸՄ-ականի մէջ բանակային մը կայ: ՀՄԸՄ-ի «կամաւոր բանակ»-ը միշտ եղած է ու պիտի մնայ ազգային բանակի կողքին, որովհետեւ ազգային արժէքները սրբութիւններ են ՀՄԸՄ-ական սերունդներուն համար:

Այսօր, մարզախաղերուն մասնակից երկրորդ պատուիրակութիւն մը կ’այցելէ նոյն զօրամասը:

Յարգանքի Տուրք` Ցեղասպանութեան
Նահատակաց Յիշատակին

Երէկ, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու բոլոր մասնակիցները, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամներու առաջնորդութեամբ, այցելեցին Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցեցին Մեծ եղեռնի նահատակաց յիշատակին:

Ծիծեռնակաբերդ հասնելով` ՀՄԸՄ-ի մարզիկ-մարզիկուհիները կարգապահ ու տպաւորիչ շարքերով քալեցին մինչեւ անմար կրակի յուշակոթողը: Մուտքին, ՀՄԸՄ-ի ընտանիքին անունով, Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան զետեղեց յարգանքի ծաղկեպսակ մը:

Յուշակոթողին մէջ, Մինաս աբղյ. Հախվերտեան Տէրունական աղօթքով եւ յատուկ շարականներով ոգեկոչեց յիշատակը «Վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց» ինկած մեր մէկուկէս միլիոն նահատակ սուրբերուն: Ապա, մարզախաղերու մասնակիցներէն Յակոբ Թութուշեան (Հարաւային Ամերիկայէն) եւ Մեղրիկ Եագուպեան (Սուրիայէն) ՀՄԸՄ-ական նորահաս սերունդին յանձնառութիւնն ու պահանջատիրութիւնը արտայայտող խօսքեր ուղղեցին ներկաներուն:

Աւարտին, Իզապէլ Մարգարեան (Աւստրալիայէն) կատարեց «Տէր ողորմեա»-ն, որմէ ետք հնչեց ՀՄԸՄ-ի քայլերգ «Յառաջ նահատակ»-ը:

 

Նախորդը

Վախճանեցաւ Նորայր Եպս. Աշըգեան (1956-2017)

Յաջորդը

Էրտողան. «Ո՛չ Գերմանիան, Ո՛չ Ալ Ամբողջ Աշխարհը Կրնան Աղարտել Թուրքիոյ Վարկը»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մինչեւ 15 Մայիս
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մինչեւ 15 Մայիս

Մայիս 12, 2025
Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց  Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?