Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Տիգրան Բալայեան իր թուիթըրեան էջին մէջ կարճ գրառում մը կատարած է` հաստատելով, որ ազրպէյճանական զինուժը շաբաթ գիշեր ռմբակոծած է հայկական գիւղ մը:
Նշենք, որ շաբաթ գիշեր 22 յուլիս 2017-ին հակառակորդը կրակած է Տաւուշի մարզի Բարեկամաւան գիւղին ուղղութեամբ: «Երկիր»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այս մասին հաստատած է Բարեկամաւանի գիւղապետը: