Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Երիտասարդներուն Աչքը Սուր Է, Անոնք Հեռուն Կը Տեսնեն»

July 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ, «Լոյս» հիմնադրամի համահիմնադիր Սերժ Սարգսեան երէկ նախագահի նստավայրին մէջ ընդունած է հիմնադրամի 2017-2018 ուսումնական տարուան կրթաթոշակառուները: Հանդիպման ներկայ եղած են նաեւ աշխարհի լաւագոյն համալսարաններուն մէջ «Լոյս»-ի աջակցութեամբ ուսանողներ եւ շրջանաւարտներ:

Հիմնադրամի կրթաթոշակառուները հանրապետութեան նախագահին ներկայացուցած են «Լոյս»-ի «Զարգացնենք Հայաստանը միասին»  ծրագիրի ծիրին մէջ իրենց իրականացուցած եւ ընթացքի մէջ գտնուող նախագիծերը` աշխարհի լաւագոյն համալսարաններուն մէջ ստացած գիտելիքները եւ փորձառութիւնը ի բարօրութիւն Հայաստանի օգտագործելու ուղղութեամբ առաջին ձեռնարկումներն ու յաջողութիւնները:

Նախագահը բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ նոր ընդունուած ուսանողներուն յանձնած է «Լոյս» հիմնադրամի կրթաթոշակին արժանանալու հաւաստագիրները. 2017-2018  տարեշրջանին կրթաթոշակի արժանացած է աշխարհի լաւագոյն 8  համալսարաններ ընդունուած 60 ուսանող: Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհաւորած է ուսանողները, մաղթած բարի երթ եւ յաջողութիւն ուսումնառութեան մէջ:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան ցանկացած է, որ «Լոյս» հիմնադրամի` մագիստրոսի ուսման ընդունուող տղայ կրթաթոշակառուները ծառայած ըլլան հայկական բանակին մէջ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այս մասին ան ըսած է հիմնադրամի ռազմավարութեան մէջ փոփոխութիւններու վերաբերեալ` երիտասարդներէն մէկուն հարցումին ի պատասխան:

«Ես միշտ կը հանդիպիմ երիտասարդներու հետ, միշտ իւրաքանչիւր առիթ, կարելիութիւն կ՛օգտագործեմ կապ հաստատելու անոնց հետ, որովհետեւ համոզուած եմ, որ ատիկա մեր երկրին, հասարակութեան զարկերակին վրայ ձեռքը պահելու լաւագոյն միջոցներէն մէկն է, որովհետեւ երիտասարդներուն աչքը սուր է, անոնք հեռուն կը տեսնեն եւ  շատ լաւ կրնան կողմնորոշուիլ այս արագ փոփոխուող աշխարհին մէջ:

«Մեր ցանկութիւնն է, որ հիմնադրամի շահառուները իրենց աւանդը ներդնեն Հայաստանի զարգացման գործին մէջ, այսինքն` օտարերկրեայ համալսարաններ աւարտելէ ետք անոնք որոշակի ժամկէտով մնան եւ աշխատին Հայաստանի մէջ: Ես կը կարծեմ, որ հիմնադրամը պէտք է համահունչ աշխատի Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող փոփոխութիւններուն: Կ՛իրականացնենք ծրագիր, որուն համաձայն, համալսարաններու մէջ ուսանող բոլոր երիտասարդները կա՛մ ընթացքին պէտք է ծառայեն հայկական բանակին մէջ, կա՛մ աւարտելէ ետք որոշակի ժամկէտով պէտք է ծառայեն իբրեւ սպաներ: Մենք կ՛ուզենք, որ հիմնադրամի շրջանաւարտները աւելի արդիւնաւէտ մասնակցին Հայաստանի զարգացման գործին», ըսած է ան:

2009-էն ի վեր «Լոյս» հիմնադրամը աջակցած է աւելի քան 500 ուսանողներու` կրթութիւն ստանալու աշխարհի ամէնէն հեղինակաւոր համալսարաններուն մէջ:

Նախորդը

Նալբանդեան Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Առեւտուրի Հարցերով Բարձրաստիճան Պատուիրակութիւնը

Յաջորդը

Ակնարկ. «Համատեղ Անցեալ»-ով Արտայայտուող Մասնատման Վտանգի Նախանշումը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.