«Ազդակ»-ի խմբագրութեան կազմակերպած լրագրութեան վարժողական ծրագիրը կը շարունակուի:
Հայկական վարժարաններու միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու աշակերտներ Կալի Աւագեան, Ռուբէն Խաչատուրեան, Հուրի Հալէպլեան, Նանար Մինասեան, Նարեկ Քէշիշեան, Գոհար Եագուպեան, Սիլվի Սէրայտարեան, Ալիսիա Իշխանեան, Լորի Գորէսեան, Նանի Գալուստեան, Արենի Խաչատուրեան եւ Քրիստ Իսկէնտէրեան, որոնք կը մասնակցին «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին, երէկ երեկոյեան ժամը 5:15-ին «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ ծանօթացան «Ազդակ»-ի աշխատանքներուն:
Լրագրութեան վարժողական ծրագիրին գործադրութեան հսկող, «Ազդակ»-ի խմբագրակազմի անդամ Արշօ Պալեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց խմբագրատան մէջ կատարուող զանազան աշխատանքները: Ան անդրադարձաւ «Ազդակ»-ի տասը էջերուն դիմագիծին, բովանդակութեան եւ պատրաստութեան հոլովոյթին, ինչպէս նաեւ «Ազդակ»-ի պաշտօնական կայքին, բջիջայինի յատուկ «Էփ»-ին, արագ լուրերու «Փուշ նոթիֆիքէյշըն»-ի դրութեան եւ «Ազդակ»-ի արխիւները թուայնացնելու աշխատանքին:
Աշակերտներուն կողմէ մեծ հետաքրքրութիւն ցուցաբերուեցաւ բջիջայինի յատուկ «Էփ»-ին եւ «Փուշ նոթիֆիքէյշըն»-ի դրութեան նկատմամբ:
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ օրաթերթին կողքին ամսական դրութեամբ լոյս տեսնող «Պզտիկ Մզտիկ» մանկապատանեկան յաւելուածին, Նոր տարուան եւ Ապրիլ 24-ին հրատարակուող երկու բացառիկ թիւերուն, ինչպէս նաեւ տարբեր առիթներով հրատարակուող յաւելուածներուն:
Աշակերտները այցելեցին «Ազդակ»-ի թուայնացումի եւ ուսումնասիրութեան «Ժիրայր Պուտագեան» կեդրոնը, թերթին արխիւը եւ «Ազդակ»-ի տպարանը, ուր ծանօթացան տպարանի աշխատանքներուն:



