Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ. Նախարար Լեւոն Մկրտչեանը Մասնակցած Է Խորհրդակցութիւններու

August 29, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2017-2018 ուսումնական տարուան ընդառաջ հանրապետութեան մէջ ընթացող աւանդական օգոստոսեան խորհրդակցութիւնները հասած են Արցախ, անոնց մասնակցած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան  կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան: Նախարարը հանդիպած է Արցախի Հանրապետութեան Ասկերանի շրջանի կրթութեան պատասխանատուներու, դպրոցներու տնօրէններու հետ, անոնց հետ քննարկած է նոր ուսումնական տարուան խնդիրները, ներկայացուցած հիմնական առաջնահերթութիւնները, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարած «Ուսուցիչ» նախաձեռնութեան:

Իր ելոյթին ընթացքին նախարարը նշած է, որ ներկայիս կրթութեան մարզի բարեփոխումները թեւակոխած են նոր փուլ, ուստի շատ կարեւոր է, որ հայկական երկու հանրապետութիւններու կրթութեան պատասխանատուները կարենան դիմակայել կրթութեան համակարգին  մարտահրաւէրներուն եւ միասնական տեսակէտ ձեւաւորեն կրթութեան որակի բարձրացման ուղղութեամբ: Լեւոն Մկրտչեան ընդգծած է, որ շուրջ երկու տարի է, որ Հայաստանի կրթական համակարգը մտած է վերափոխումներու նոր շրջան: Նախարարին համաձայն, անկախութեան առաջին օրերէն ձեւաւորուած է ազգային կրթական համակարգ, եւ բարեփոխումները կրած են շարունակական բնոյթ: Արդիւնքը` ձեւաւորուած է աշխարհի համար չափելի, ընկալելի եւ հասկնալի կրթական համակարգ: Առհասարակ, Հայաստանի կրթական մարզը աշխուժօրէն ներառուած է միջազգային կրթական տարածքին մէջ, յատկապէս, եւրոպական քաղաքակրթական համակարգին մէջ, որուն  մէջ կը մտնեն նաեւ ԱՊՀ երկիրները:

Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը տեղեկացուցած է, որ մշակուած է Կրթութեան զարգացման պետական ծրագիրը (մինչեւ 2030 թուական), որ ունի կարեւոր բաղադրիչներ` հանրակրթութեան պետական ծրագիր, որ ամբողջութեամբ պիտի կարգաւորէ կրթութեան մարզի զարգացման հեռանկարները:

Իր կարգին, Արցախի կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւիկ Ասրեան ներկայացուցած է Արցախի Հանրապետութեան կրթութեան համակարգին մէջ առկայ խնդիրները, որոնք գրեթէ Հայաստանի կրթական խնդիրներուն հետ կը նոյնանան:

 

 

Նախորդը

Հսկայական Հրդեհ «Նայիրիտ» Գործարանի Տարածքին Մէջ. Իրավիճակը Հսկողութեան Տակ Է

Յաջորդը

Նախագահ Սարգսեան Ընդունած Է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Գլխաւոր Քարտուղարը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.