Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանի Յաղթանակը Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Պաապտայէն . Նախագահ Աուն. «Այսօր Կը Յայտարարենք Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանի Յաղթանակը»

August 31, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զօր. Աուն. «Բանակը Յաղթեց Եւ «Բարձունքներու Արշալոյսը» Ծագեցաւ»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, ներկայութեամբ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, երէկ նախագահական պալատէն պաշտօնապէս յայտարարեց ահաբեկչութեան դէմ Լիբանանի յաղթանակը եւ բռնագրաւուած լիբանանեան բարձունքներուն ազատագրումը:

Նախագահ Աուն այս յաղթանակը նուիրեց լիբանանցիներուն, որոնց իրաւունքն է հպարտանալ իրենց բանակով եւ ապահովութեան ուժերով:

Ան շնորհաւորեց բանակի հրամանատարութիւնը եւ ողջունեց բանակայինները` զանոնք կոչելով այդ յաղթանակը կերտողներ:

«Կը ցանկայինք յաղթանակը տօնել ձեր առեւանգուած զինակիցներուն հետ, սակայն մեր միակ մխիթարութիւնը այն է, որ կրցանք գտնել զանոնք, յատկապէս նկատի ունենալով, որ անոնց ճակատագիրին բացայայտումը մեր մղած ճակատամարտին նպատակներէն մէկն էր: Մենք միասնաբար հրաժեշտ պիտի տանք անոնց, եւ Լիբանան հաւատարիմ պիտի մնայ անոնց նահատակութեան», հաստատեց նախագահ Աուն:

Ան դրուատեց սահմանամերձ շրջանի բնակիչները` շեշտելով, որ անոնց նկատմամբ ցուցաբերուելիք հոգատարութիւնը պիտի ըլլայ անմիջական, «իսկ այդ շրջաններուն բարգաւաճումը պիտի ըլլայ մեր նպատակը, որպէսզի ամրապնդենք սահմանագօտիին վրայ ձեր գոյատեւումը», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն շեշտեց, որ այս մաքուր ճակատամարտին ընթացքին լիբանանեան բանակը փաստեց, որ ինք հզօր է եւ միակ բանակը, որ կրնայ տապալել ՏԱՀԵՇ-ը եւ զայն վտարել իր հողերէն:

Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն արտօնութիւն չտալու, որ քաղաքական լարուածութիւններն ու տարակարծութիւնները, ինչպէս նաեւ վերջին քանի մը օրերուն կատարուած փոխադարձ ցեխարձակումները, մոռացութեան ենթարկեն արձանագրուած յաղթանակը:

«Մեր պարտականութիւնն է իբրեւ պատասխանատուներ, կուսակցութիւններ, ընկերային տարբեր շերտեր, պաշտպանել արձանագրուած յաղթանակը եւ արդիւնաւորել զայն` ազգային յաւելեալ միասնականութեամբ, ինչպէս նաեւ այդ յաղթանակը իբրեւ հիմք օգտագործել` կերտելու ապագան եւ շարունակելու Լիբանանի պաշտպանութիւնը», հաստատեց նախագահ Աուն:

Իր կարգին, զօր. Ժոզեֆ Աուն Լիբանանի, բանակայիններուն եւ բանակի հերոսներուն անունով յայտարարեց 19 օգոստոսին սկսած «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան աւարտը եւ ապա բացատրեց այդ գործողութեան մանրամասնութիւնները:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ բանակին մղած ճակատամարտը իրականացուցած է իր զոյգ նպատակները, որոնք էին ՏԱՀԵՇ-ի վտարումն ու առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրին բացայայտումը:

Ան յայտնեց, որ ահաբեկիչները կա՛մ կը սպաննուէին, կա՛մ ալ փախուստ կու տային դէպի սուրիական հողեր: «Հիմնական խոչընդոտը վերջին տարածքին մէջ էր` նկատի ունենալով, որ հոն կային քաղաքայիններ: Հետեւաբար, իբրեւ բանակ մենք փորձեցինք քաղաքայինները չէզոքացնել զինուորական գործողութիւններէն: Զինուորական հասկացողութեամբ ճակատամարտը աւարտած է, որովհետեւ բանակի ջոկատները մուտք գործած են Խըրպեթ Տաուտ եւ Ուատի Մարթպայա, որոնք ահաբեկչութեան լուծէն ազատագրուած են:

«Կ՛ողջունեմ պատերազմի ընթացքին զոհուած նահատակներուն յիշատակը եւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթեմ վիրաւորներուն: Այս ճակատամարտին նահատակուեցան 7 բանակայիններ. բանակը յաղթեց եւ «Բարձունքներու արշալոյսը» ծագեցաւ», եզրափակեց զօր. Աուն:

Նախորդը

Բանակի Հրամանատարը Կը Յայտարարէ Ռաս Պաալպեքի Եւ Քաայի Բարձունքներուն Վերադարձը Լիբանանեան Գերիշխանութեան

Յաջորդը

Քանատայի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Հանդիպումներ Ունեցած Է Հայաստանի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներուն Հետ

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ  Որոշում Մը Պիտի Տամ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Վերաբերեալ Որոշում Մը Պիտի Տամ»

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.