Ռաս Պաալպեքի, Ֆեքհայի եւ Քաայի բարձունքները, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան Քալամունը ազատագրուեցան ՏԱՀԵՇ-ի լուծէն եւ լիբանանեան, սուրիական ու
Դիմադրութեան դրօշները ծածանեցան Լիբանան-Սուրիա սահմաններու հանդիպման կէտին վրայ:
ՏԱՀԵՇ անձնատուր եղաւ զոյգ բանակներուն եւ Հըզպալլայի մարտիկներուն` խոստանալով առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը բացայայտել եւ Դիմադրութեան վերադարձնել անոր նահատակներուն աճիւնները, փոխադարձ ստանալով դէպի Տէր Զօր փոխադրութեան համաձայնութիւն:
Առեւանգուած բանակայիններուն տունդարձի հաւանական պատկերը, որ օրըստօրէ սկսած էր աւելի աղօտ դառնալ լիբանանցիներուն համար, այդքան ալ մեծ ազդեցութիւն չէր գործած բանակայիններու ընտանիքներուն վրայ, որոնք տակաւին կառչած կը մնային իրենց զաւակները դարձեալ գրկելու յոյսին:
Այդ յոյսերը սակայն ի դերեւ ելան, երբ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ երեկոյեան ժամը 5:15-ին ուղղուեցաւ Ռիատ Սոլհ հրապարակ եւ առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ. «Շատ կը փափաքէի, որ այս թղթածրարը եւս ունենար նախորդներուն ճակատագիրը, սակայն Աստուծոյ կամքը եւ հայրենիքին ազատագրումն ու ճակատներուն վրայ գտնուիլը մեզի կը մղեն, որ մեր հոգիները նուիրենք հայրենիքին: Ցաւ ի սիրտ այս պահուս, երբ ես հոս կը գտնուիմ, բանակը եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերը լիբանանեան հողերուն մէջ գտնուող հաւաքական գերեզմանէ մը դուրս կը բերեն առեւանգուած բանակայիններուն աճիւնները: Արդէն իսկ դուրս բերուած են 6 բանակայիններու դիակներ, որոնք շատ հաւանաբար առեւանգուած բանակայիններուն դիակներն են` նկատի ունենալով, որ անոնք կը կրեն զինուորական «ռէյնճըր»-ներ: Կը նախատեսենք, որ առեւանգուած բանակայիններու դիակներուն թիւը հասնի 8-ի, ինչպէս մեզի տեղեկացուցած են ՏԱՀԵՇ-ի ոճրագործ խմբակները»:
Ապպաս Իպրահիմ աւելցուց. «Իմ եւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի անունով կ՛ողջունեմ նահատակուած բանակայիններուն ընտանիքները` իրենց համբերութեան եւ գոյատեւումին համար: Անոնք պէտք է հպարտանան իրենց զաւակներուն նահատակութեամբ: 2015-ի փետրուարէն ի վեր առեւանգուած բանակայիններուն մասին մեր տեղեկութիւնները կ՛ըսէին, թէ անոնք նահատակուած են, սակայն հաստատումներ չկային: Սակայն ամէն պարագայի, մեր գտած աճիւնները պիտի փոխադրուին Պէյրութի զինուորական հիւանդանոց, ուր անոնք պիտի ենթարկուին «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան»:
Ապպաս Իպրահիմ շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները լիբանանեան բանակի ռմբակոծումներուն ճնշումին ներքեւ փախուստ տուին սուրիական հողեր, ուր անոնք անձնատուր եղան Հըզպալլայի, որ վարեց բանակցութիւնները:
Անդրադառնալով ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն դէպի հիւսիսային Սուրիա փոխադրութեան` Իպրահիմ նշեց, որ այդ բանակցութիւնները իրենցմէ վեր են եւ անոնց ետին կը կանգնին պետութիւններ` աւելցնելով, որ անձնատուր եղած ՏԱՀԵՇ-ականներ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն ցոյց տուած են բանակայիններուն թաղուած վայրը, որ կը գտնուէր լիբանանեան հողերուն վրայ, Ուատի Տըպի մէջ:
Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութիւնը պիտի չաւարտի, մինչեւ որ վերջին ՏԱՀԵՇ-ականը լքէ Լիբանանը:
Իպրահիմ նշեց, որ Հալէպի երկու առաջնորդներուն եւ լուսանկարիչ Սամիր Քասսապի մասին տեղեկութիւններ չկան:
Լիբանանեան բանակի հրամանատարը հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ առեւանգուած բանակային Մոհամետ Եուսեֆի հօր` Հիւսէյն Եուսեֆի հետ եւ ցաւակցութիւն յայտնեց անոր զաւկին ու բանակայիններուն նահատակութեան առիթով:
Նշենք, որ 2 օգոստոս 2014-ին, Ուատի Հոսընի մէջ, առեւանգուած 11 բանակայիններէն երկուքը` Ալի Սէյիտ եւ Ապպաս Մըտլեժ գլխատուած էին: Ալի Սէյիտի աճիւնները յանձնուեցան անոր ընտանիքին, սակայն Մըտլեժի ընտանիքը տակաւին իր զաւկին աճիւնները չէ ստացած:
Բանակային Ապտել Ռահիմ Մոհամետ Տիապ ՏԱՀԵՇ-ին միացած էր եւ ուղղուած Ռաքքա. անոր ճակատագիրը ցարդ կը մնայ անորոշ:
Լիբանանեան բանակը երեկոյեան ժամը 7:00-ին հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, թէ Արսալի բարձունքներուն վրայ, Ուատի Տըպի մէջ, բացայայտած է 8 դիակներ, որոնք փոխադրուած են Զինուորական հիւանդանոց` «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան ենթարկուելու:
Աւելի ուշ, բանակին բացայայտած 8 աճիւնները, որոնք ենթադրաբար առեւանգուած բանակայիններուն դիակներն են, հիւանդատարներու եւ բանակի մասնայատուկ ուժերու վաշտի մը ընկերակցութեամբ Արսալէն ուղղուեցան Լապուէ եւ ապա Պէյրութի Զինուորական հիւանդանոց:
Երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Քաայի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի անձնասպանական գործողութիւններուն պատճառով հարազատներ կորսնցուցած քաղաքացիներ կատարեցին բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին անոնք ընդվզում յայտնեցին ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն դէպի Սուրիա փոխադրութեան առնչութեամբ` շեշտելով, որ անոնք ահաբեկիչներ են եւ պէտք է իրենց գործած ոճիրներուն համար պատժուին:
Անոնք կոչ ուղղեցին հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին եւ պատասխանատուներուն` պատժելու ոճրագործները:
ՏԱՀԵՇ-ի բոլոր անդամները Հըզպալլային անձնատուր եղած էին շաբաթ ուշ գիշերին:
Այս իրադարձութեան լոյսին տակ լիբանանեան եւ սուրիական բանակները, ինչպէս նաեւ Դիմադրութեան մարտիկները երէկ առաւօտեան ժամը 7:00-էն սկսեալ զինադուլ յայտարարեցին:
Հըզպալլայի պատերազմական տեղեկատուութիւնը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի անձնատուր ըլլալէն ետք, առաջին փուլին ՏԱՀԵՇ-ի անդամներէն մէկը ցոյց տուած էր Դիմադրութեան հինգ նահատակներուն թաղուած վայրը` Ուատի Միրայի մէջ:
Իսկ երկրորդ փուլը եղած է լիբանանցի բանակայիններուն ճակատագիրի բացայայտումը:
Նոյն աղբիւրները երեկոյեան ժամը 8:30-ին հաղորդեցին, որ 14 պասեր եւ սուրիական Կարմիր մահիկի 10 հիւանդատարներ հասած են Արեւմտեան Քալամուն` ՏԱՀԵՇ-ի անդամները Տէր Զօրի Պուքամալ շրջանը փոխադրելու համար:
Նշենք, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա այսօր երեկոյեան ժամը 8:30-ին պիտի արտասանէ ճառ մը` անդրադառնալու համար Լիբանանը յուզող վերջին իրադարձութիւններուն:
Միւս կողմէ, երէկ առաւօտեան պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, տնտեսութեան նախարար Ռաէտ Խուրի եւ ուժանիւթի ու ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ զինուորական ուղղաթիռով մը ուղղուեցան Ռաս Պաալպեք եւ այցելեցին լիբանանեան բանակի զօրանոցը:
Սարրաֆ շեշտեց, որ Լիբանան կը վկայէ ահաբեկչութեան դէմ նոր յաղթանակ մը, որ արձանագրուած է լիբանանեան բանակին կողմէ: Ան շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի անդամները բանակին բուռն ռմբակոծումներուն ազդեցութեան տակ անձնատուր եղած են:
Իր կարգին, Պասիլ բանակը շնորհաւորեց ահաբեկչութեան դէմ անոր կերտած յաղթանակին առիթով: Ան ընդգծեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցութիւն չէ կատարուած, այլ` ՏԱՀԵՇ պարտութեան մատնուած է եւ անձնատուր եղած: