Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ լիբանանեան բանակին ուղղեց օրուան հրահանգը, որուն մէջ շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ «Բարձունքներու արշալոյսը» ճակատամարտին արձանագրած յաջողութեամբ կարելի եղած է երկրին բարձունքներուն վերեւ Լիբանանի դրօշը բարձրացնել եւ Ռաս Պաալպեքէն ու Քաայի բարձունքներէն դուրս շպրտել ահաբեկչութիւնը:
«Ձեր ջանքերուն եւ ձեր նահատակ զինակիցներուն արեամբ կերտուած այս յաղթանակով Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքները վերադարձան լիբանանեան գերիշխանութեան», ըսաւ զօր. Աուն:
Ան բանակին անունով ցաւակցութիւն յայտնեց ահաբեկչութեան նահատակ առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն եւ զօրակցութիւն յայտնեց անոնց` շեշտելով, որ այդ հերոսներուն յիշատակը իրենց համար անմոռանալի պիտի դառնայ:
«Ձեր հերոսութեամբ դուք կրցաք փակել Լիբանանի պատմութեան ամէնէն ցաւալի էջերէն մէկը: Այս առիթով կ՛ողջունեմ ձեզ` յաղթանակ կերտելու համար, լիբանանցիները` բանակին ամբողջական նեցուկ կանգնելնուն համար, իսկ մեծագոյն ողջոյնը կ՛երթայ նահատակներուն, որոնք իրենց արեամբ կերտեցին յաղթանակի արշալոյսը», ընդգծեց զօր. Աուն:
Ան հաստատեց, որ բանակին դէմ տակաւին կը ծառանան այլ դժուարութիւններ ու մարտահրաւէրներ, որոնք կը մարմնաւորուին թշնամի Իսրայէլով եւ ահաբեկչական բջիջներով: «Դուք միշտ պատրաստ պէտք է ըլլաք կատարելու զինուորականի ձեր առաքելութիւնը` պաշտպանելու հայրենիքն ու անոր սահմանները», ըսաւ ան:
Նշենք, որ զօր. Աուն երէկ երեկոյեան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ստացաւ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ճոզըֆ Ֆոթելէն:
Զօր. Ֆոթել շնորհաւորեց զօր. Աունը «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան արձանագրած յաղթանակին առիթով:
Ան շեշտեց, որ լիբանանեան բանակին ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի` նկատի ունենալով, որ բանակին տրամադրուած զինուորական սարքերը ազդու դերակատարութիւն ունեցած են այդ գործողութեան յաջողութեան մէջ:
Միւս կողմէ, բանակը գուժեց «Բարձունքներու արշալոյսը» ճակատամարտի ընթացքին ծանրօրէն վիրաւորուած տասնապետ Արեֆ Տիպի նահատակութիւնը:
Տիպի մարմինը փոխադրուեցաւ իր ծննդավայրը Տըննիէի Պէյթ Ֆաքս գիւղաքաղաքը, ուր անոր յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ` ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Քասեմ Ապտել Ազիզի, բանակի հրամանատարի ներկայացուցիչ գնդապետ-զօրավար Ուալիտ Հաժի եւ մեծ թիւով քաղաքացիներու:
Իր արտասանած դամբանականին մէջ Հաժ ողջունեց նահատակները, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ յաղթել Լիբանանի սպառնացող ահաբեկչութեան վտանգներուն եւ պատմական նուաճումներ արձանագրել:
Հաժ բարձր գնահատեց լիբանանցիներուն զօրակցութիւնը լիբանանեան բանակին, որ կը պայքարի ի խնդիր Լիբանանի միասնականութեան եւ ապահովական կայունութեան:
Մինչ Տըննիէի մէջ նահատակ բանակայինի մարմինը հողին կը յանձնուէր, Աքքար -Քըպէյաթ դիմաւորեց բանակի արագ միջամտութեան Ա. վաշտը:
«Բարձունքներու արշալոյսը» ճակատամարտէն վերադարձող բանակի զինուորները արժանացան ժողովրդային ջերմ դիմաւորումի:
Ռաս Պաալպեքի բնակիչները իրենց կարգին Լիբանանի ու բանակին դրօշներով, բրինձով ու վարդերով դիմաւորեցին Ռաս Պաալպեքի բարձունքներու ազատագրումին մասնակցած բանակի ջոկատները, յատկապէս անկարգելաւորները, որոնք կը վերադառնային իրենց զօրամասերը:
Պատկերը նոյնն էր նաեւ Ամշիթի մուտքին, ինչպէս նաեւ Պաթրունի մայրուղիին վրայ:
Պեքաայէն վերադարձող բանակայինները Թրիփոլիի մէջ դիմաւորուեցան հրավառութեամբ եւ ոչխարներու զենումով:
Առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենք իրենց զաւակներուն աճիւնները պիտի ստանան եւ պիտի պատուեն զանոնք` միաժամանակ պահանջելով մահապատիժի ենթարկել իրենց զաւակներուն սպանութեամբ դատապարտուած Ռումիէի բանտի արգելափակեալները:
Մինչ այդ, անպաշտօն աղբիւրներու համաձայն, Ուատի Տըպի մէջ բացայայտուած աճիւններուն «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութեան արդիւնքները ցարդ ցոյց տուած են, թէ անոնցմէ 6-ը առեւանգուած բանակայիններուն են: Նոյն աղբիւրները նշեցին, որ նահատակ բանակայիններուն ազգային թաղումը պիտի կատարուի 7 սեպտեմբեր 2017-ին, որ Ազգային սուգի օր պիտի յայտարարուի:




