Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Չփոխել Զուգահեռին Ուղղութիւնը

Օգոստոս 28, 2017
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինսքի խմբակի արդէն պաշտօնաթող ամերիկացի համանախագահին կարապի երգ-յայտարարութիւնը, այո՛, ըստ էութեան նոր սկզբունքներ կամ առաջադրանքներ չի փոխանցեր: Ոեւէ համանախագահ ծայրայեղօրէն բծախնդրութիւն ցոյց կու տայ իր երկու միւս գործընկերներուն եւ մանաւանդ ԵԱՀԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւններուն հիմնականօրէն չհակասելու:

Պարզապէս շեշտադրումներու, ըսելաձեւերու փոփոխութիւններ կ՛երեւին անոնցմէ իւրաքանչիւրին կատարած յայտարարութիւններուն մէջ, որոնց վրայ կ՛ազդեն տեղի եւ պահու գործօնները բնականաբար: Հոկլընտի պարագային հաւանաբար կէտ մը եւս, եթէ յիշենք անոր Հայաստանի մէջ դիւանագիտական առաքելութիւն ստանձնելու նախօրեակին Հայ դատի յանձնախումբի հրապարակած վերապահումները, լսումներու ընթացքին փոխանցած մտահոգութիւնները, պաշտօնի ստանձնման որոշումի առկախման փաստը:

Այս բոլորը կ՛ազդեն հայկական կողմի ընկալման գործընթացներուն վրայ: Անձը, Հայ դատի կողմէ դիւանագիտական առաքելութիւն ստանձնելու որոշումին դէմ դրուած արգելքը, Ուաշինկթընի կողմէ այդ աքթին դիմաց հայկական այլ թղթածրար մը յանձնելու հակաորոշումը, պաշտօնաթողութենէն առաջ կարապի երգին որոշ բաղաձայն հնչիւնները:

Բայց խնդիրը քաղաքական սառն տրամաբանութեամբ դիտարկելու պարագային, օրինաչափութեան  պահպանման սկզբունքները կը յուշեն, որ Հոկլընտի յայտարարութեան մեկնաբանութիւններուն մէջ բացասականօրէն ըմբռնելու բեկումնային նոր պահու հասունացում պէտք չէ տեսնել անպայման:

Նախ չմոռնանք այն, որ այս կէտերը ոչ թէ համաձայնեցուող սկզբունքներու մասին են, այլ քննարկման սեղանին վրայ դրուած: Հայկական բանակցային կողմի ռազմավարութիւնը մինչ այժմ իր դիրքորոշումներն ու միջազգային ընտանիքի մօտեցումները կը փորձէ զուգահեռականացնել` այդ զուգահեռներուն դիմաց ցոյց տալով Պաքուի հակադրութիւնը:

Այս մօտեցումը մինչ այժմ կայացած է, թէեւ ակնկալուած արդիւնքը չի տար` հակամարտող կողմերուն պատասխանատուութեանց համահաւասարեցման վարքագիծերու մնայուն դրսեւորումները նկատի ունենալով: Այստեղ սակայն պէտք է անպայման յիշել թէ՛ Վիեննան թէ՛ Փեթերսպուրկը եւ թէ՛ եզակի այն գնահատականը, որ միաժամանակ կատարեցին պաշտօնական Մոսկուան եւ համանախագահները` մատնացոյց ընելով Պաքուի յարձակողապաշտութիւնը: Այդ եզակի գնահատականէն ետք, համանախագահները վերադարձան դասական վարքագիծին:

Հոկլընտի վերջին երգը պատճառ չէ, որ հայկական կողմը միջազգային ընտանիքի բառապաշարին եւ մօտեցումներուն հետ զուգահեռներ գծելու իր վարքագիծէն շեղում կատարէ: Յստակացումներ` այո՛.

Ա. Այս սկզբունքները մէկ ամբողջութիւն են եւ որեւէ նախազիջումնային տրամաբանութիւն գոյութիւն չունի բանակցային փիլիսոփայութեան մէջ: Այդ կը նշանակէ, որ այդ սկզբունքներէն հայկական կողմին համար գերակայ նկատուող կարգավիճակի ճշդումը որեւէ կերպով սակարկելի խնդիր չէ:

Բ.- Առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի համաձայնութեան, որեւէ փուլային-փաթեթային նախագիծ չի կրնար առարկայանալ եւ վերածուիլ համաձայնագիրի:

Այս երաշխիքները կան, գոյութիւն ունին իրողապէս եւ դիւանագիտական ըսելաձեւերով նաեւ նոյնիսկ Հոկլընտի կատարած յայտարարութեան մէջ: Տարբեր հարց, որ պաշտօնական Պաքու իւրովի կը մեկնաբանէ այս բոլորը եւ նորացուած մատրիտեան սկզբունքները կ՛ընդունի իբրեւ հիմք բանակցութիւնները շարունակելու: Փաստօրէն, Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարը այս առիթով փորձ կը կատարէ յաչս միջազգային ընտանիքին հայկական կողմի որդեգրած վարքագիծը կիրարկելու:

Ահա այս առիթն է, որ պէտք չէ որեւէ կերպով դերերու փոփոխութեան դուռ բանայ: Հոկլընտը իբրեւ համանախագահ կարեւոր բացթողում կատարած է: Իրենց իսկ կազմակերպած եւ որդեգրած Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի որոշումները մոռացութեան տալով:

Իսկ Վիեննան եւ Փեթերսպուրկը պարզ տեսքով կը փոխանցեն, որ բանակցութիւններուն վերադառնալէ առաջ պիտի հաստատուին հրադադարը պահպանելու միտումով գործիքակազմեր` մշտադիտարկում եւ հետաքննութիւն իրականացնելու համար: Այստեղ եւս հայկական եւ միջազգային առաջադրանքները զուգահեռ կ՛ընթանան` պարզ դարձնելով, որ այդ որոշումներուն իրականացումը արգելակողը Պաքուն է:

Ուրեմն` գործադրել նախ Վիեննայի եւ Փեթերսպուրկի որոշումները: Կայունացնել հրադադարը, ունենալ այդ կայունացման երաշխիքները, ապա վերսկսիլ բանակցութիւններուն, ուր սեղանին վրայ դրուած սկզբունքները կ՛ընդունուին իբրեւ մէկ ամբողջութիւն եւ ուրկէ չի բխիր որեւէ համաձայնագիր առանց պաշտօնական Ստեփանակերտի համաձայնութեան: Մինչ այդ պահել հայկական եւ միջազգային վարքագիծերու զուգահեռները:

«Ա.»

Նախորդը

2017-ի Սկիզբէն Ի Վեր Հնդկաստանի Մէջ Խոզի Կրիփէն Մահացածներու Թիւը Հասած Է Աւելի Քան 900-ի

Յաջորդը

Չեչենիոյ Մէջ Երեսփոխան Մը Սպաննուած Է

RelatedPosts

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի,  Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիա – Ուքրանիա Հանդիպումը Պուտափեշթի, Ժընեւի, Մինսքի Եւ Մոսկուայի Մէջ Կատարելու Առաջարկներ

Օգոստոս 21, 2025
Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ  Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն  Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ  Ամերիկեան Տեսլականին»
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով. «Մոսկուան Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Ուքրանական Տագնապի Արմատական Պատճառներէն Ձերբազատուելու Անհրաժեշտութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Տեսլականին»

Օգոստոս 21, 2025
Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ  Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսական Բանակը Ուքրանիոյ Արեւելքին Մէջ Երեք Գիւղեր Գրաւեց

Օգոստոս 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?