Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Ընդդէմ», «Հակա» Կարգախօսներով Որեւէ Յաջողութեան Անկարելի Է Հասնիլ»

Օգոստոս 28, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Շաբաթ, 26 օգոստոս երեկոյեան նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցող Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին կազմակերպած «Բազէ» համահայկական երիտասարդական հաւաքի մասնակիցներուն:

Այս տարի հաւաքին կը մասնակցին 18-էն 30 տարեկան շուրջ 500 երիտասարդ ճամբարականներ, որոնք կը ներկայացնեն Երեւանը, հանրապետութեան մարզերը, Արցախը, սփիւռքը: Նախագահը ծանօթացած է հաւաքի շրջագիծին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկներուն, դիտած է հաւաքին մասին պատմող «Բազէ 2017» ժապաւէնը, «Հայաստանն ապագայում» մրցումին յաղթած ներկայացումը, մասնակիցներուն կազմակերպած ֆլեշմոպը եւ նկարչական ցուցահանդէսը:

Ճամբարականներու հետ հանդիպումին նախագահ Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատած է «Բազէ»-ի դերը մեր երկրի երիտասարդական կեանքին մէջ եւ մաղթած, որ հաւաքը շարունակէ գործել նոյն արդիւնաւէտութեամբ:

«Սիրելի՛ բազէականներ, կ՛ուզեմ շնորհաւորել բոլորդ «Բազէ»-ի 15-ամեակին առիթով եւ ըսել, որ ես, իրապէս, ուրախ եմ, որ «Բազէ»-ն կայացած եւ դարձած է մեր երիտասարդական կեանքի կազմակերպման ձեւերէն մէկը: Ես այս 15 տարիներուն, թերեւս, 15 անգամ ալ մասնակցած եմ` տարին մէկ անգամ: Անկեղծօրէն, ինծի համար անիկա հարազատ դարձած է: Շատ-շատերուն կը թուի, որ «Բազէ»-ն ոչ թէ 15 տարի, այլ միշտ եղած է: Կարեւոր է, որ ապագային «Բազէ»-ն շարունակէ գործել նոյն արդիւնաւէտութեամբ: Նաեւ չափազանց կարեւոր է, որ «Բազէ»-ն կուսակցականացած չէ, կարելի է ըսել` բազմակուսակցական է:

Վստահաբար, այստեղ դուք կ՛անցընէք ձեր աշխուժ հանգիստը` կը խաղաք, կը մրցիք, կը ստեղծագործէք ու նաեւ քաղաքական քննարկումներ կ՛ունենաք: Այն, ինչ որ դուք կ՛ընէք, մեր երկրին մէջ քաղաքական նոր մշակոյթ ստեղծելու մեծ գործի ծիրին մէջ է: Քանի որ դուք երիտասարդ էք, եռանդով լեցուն ու նաեւ անմիջական յարաբերութեան մէջ, դուք այստեղ կը սորվիք բանավիճիլ, քննարկել, եւ այդ բանավէճերը չեն վերածուիր թշնամանքի: Չափազանց կարեւոր հանգամանք է, որ քաղաքական կեանքին մէջ տարբեր երեւոյթներու, իրադարձութիւններու մասին տարբեր կարծիք ունենալը չվերածուի թշնամութեան: Այստեղ դուք կը սորվիք բանավիճիլ, քննարկել, համաձայնութեան գալ:

Հաւատացէք, որ քաղաքական դաշտին մէջ համաձայնութեան գալը, հաշտութեան գալը շատ կարեւոր է, եւ ընդհանրապէս կեանքին մէջ փոխզիջումներու միջոցով համաձայնութեան գալը շատ կարեւոր հանգամանք է: Խօսքս չի վերաբերիր յարմարուողականութեան, այլ դիմացինի շահը հասկնալուն, եւ վստահ եմ, որ ձեզմէ շատ-շատերը կը յիշեն յայտնի մարդու այն ասացուածքը, որ ամէնէն քաղցր յաղթանակը այն յաղթանակն է, որ ձեռք բերուած է քիչ կորուստներով, քիչ ջանքերով: Հաւատացէք, որ ատիկա այսպէս է: Ես կ՛ուզէի, որ երբ արդէն այլ հարցերու մէջ անմիջականօրէն սկսիք մեծավարի զբաղիլ, միշտ ըլլաք համաձայնութեան գալու կողմնակից: «Ընդդէմ», «հակա» կարգախօսներով որեւէ յաջողութեան անկարելի է հասնիլ:

Շատ ուրախ եմ, որ այստեղ դուք բազմաթիւ ընկերներ կ՛ունենաք, բազմաթիւ ծանօթութիւններ կը հաստատէք, եւ տեղեակ եմ, որ այս 15 տարիներուն ընթացքին բազէականները նաեւ բազմաթիւ ընտանիքներ կազմած են: Կ՛ուզէի, որ այդ ընտանիքները միշտ լեցուն ըլլան սիրով: Մեր երկիրն ալ մեծ ընտանիք է: Այո՛, մեր երկիրը փոքր է, բայց մեծ ընտանիք է, եւ այդ մեծ ընտանիքն ալ, երբ կամեցողութեամբ լեցուն ըլլայ, երբ սիրով լեցուն ըլլայ, այն ժամանակ մենք պիտի ունենանք մեր երազանքի Հայաստանը», ըսած է նախագահ Սերժ Սարգսեանը:

Նախորդը

Թշնամիի Կրակոցէն Վիրաւորուած Զինուորը Մահացած Է

Յաջորդը

Տեղի Ունեցած Է Փտածութեան Դէմ Պայքարի Խորհուրդի Հերթական Նիստը

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում
Գլխաւոր լուրեր

Հայ-Ուրուկուէյական Յարաբերութիւններու Հետագայ Զարգացման Ուղիներու Քննարկում

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?