Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Արեւելեան Լեռնաշղթան ՏԱՀԵՇ-ազերծուած Է . Վարչապետ Սաատ Հարիրի Կը Խոստանայ Ազգային Սուգի Օր Հռչակել, Իսկ Սէյիտ Նասրալլա 28 Օգոստոս 2017-ը Կը Յայտարարէ Բ. Ազատագրումի Օր

Օգոստոս 29, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթան ՏԱՀԵՇ-ազերծուած է, այսինքն` այդ լեռնաշղթային մաս կազմող Ռաս Պաալպեքի, Ֆեքհայի եւ Քաայի բարձունքները եւս ազատագրուած են, ինչպէս էր պարագան Արսալի բարձունքներուն:

Արեւմտեան Քալամունի մէջ անձնատուր եղած ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներն ու անոնց ընտանիքները երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսան տեղաւորուիլ զիրենք Տէր Զօր փոխադրութեան համար ապահովուած պասերուն մէջ:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին պասերը սկսան ՏԱՀԵՇ-ի անդամներն ու անոնց ընտանիքները Արեւմտեան Քալամունի Քարայի բարձունքներէն Շէյխ Ալի Ռումիյաթ անցքով փոխադրել դէպի Տէր Զօր, Պուքամալ, որ տակաւին կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի տիրապետութեան տակ:

Նշենք, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներն ու անոնց ընտանիքները նախապէս Լիբանանի բարձունքներէն դէպի Հալիմա Քարա փոխադրուած էին:

Այսպիսով, լիբանանեան հողերէն դուրս եկաւ երկրին բարձունքները բռնագրաւած վերջին ՏԱՀԵՇ-ականը:

Միւս  կողմէ, առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքները ուղղուեցան Ռիատ Սոլհի իրենց վրանը, ուր անոնք իրարու մխիթարեցին, կառչած մնալով յոյսի այն նշոյլին, որ այդ աճիւնները կրնան իրենց զաւակներունը չըլլալ:

Այս շրջագիծին մէջ սակայն, բանակայիններուն ընտանիքները ուղղուեցան Պատարոյի Զինուորական հիւանդանոց, ուր իրենց ծինային տուեալները յանձնեցին` դիւրացնելու համար գտնուած աճիւններուն վրայ կատարուելիք «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւնները:

Հաւանական նկատուեցաւ, որ «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւններուն արդիւնքը հրապարակուի երկու շաբաթ ետք:

Վարչապետ Սաատ Հարիրիի գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Լիբանանի յաղթանակը խորհրդանշող այս օրը նաեւ առիթ մըն է ողջունելու բանակի հրամանատարութիւնը, որ կատարեալ պատասխանատուութեամբ մղեց ազգային արժանապատուութեան այս ճակատամարտը եւ երկիրը փրկեց ահաբեկչութեան վտանգներէն: «Այսօր նաեւ նահատակները պատուելու օր է, որովհետեւ անոնց արեամբ կարելի եղաւ պաշտպանել Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու լիբանանցիները», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նոյն հաղորդագրութիւնը ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ խորհրդակցելէ ետք, կառավարութիւնը որոշած է Ազգային սուգի եւ բանակին ու բանակայիններուն զօրակցութեան օր հռչակել «Տի. Էն. Էյ.»-ի քննութիւններու արդիւնքի հրապարակումէն ետք:

Ժողովրդային մակարդակի վրայ, առեւանգուած բանակայիններուն վիճակուած այս սեւ ճակատագիրին պատասխանատուները պատժելու իմաստով գրեթէ համախոհութիւն տիրեց:

Այս շրջագիծին մէջ, հանգստեան կոչուած հազարապետ-զօրավար Շամել Ռուքոզ յայտնեց, որ եթէ 2014-ին բանակի հրամանատարութեան կողմէ զինադադարի  որոշում չտրուէր, ապա իրենք կրնային առեւանգուած բանակայինները ազատել: «Զինադադարի այդ որոշումը գործուած մեծ սխալ մըն էր, որովհետեւ մենք գիտէինք, որ բանակայինները Մուսթաֆա Հուժէյրիի բնակարանին մէջ կը գտնուէին, եւ կրնայինք զանոնք ազատել, սակայն զինադադարի որոշումին պատճառով առեւանգուած բանակայինները Արսալի բարձունքները փոխադրուեցան», ըսաւ ան:

Երէկ յետմիջօրէին արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի այցելեց առեւանգուած բանակայիններուն ընտանիքներուն եւ անոնց յայտնեց, թէ պատասխանատուութեան պիտի կանչեն բոլոր անոնք, որոնք առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին գծով թերացում կամ բացթողում արձանագրած են:

Երեկոյեան ժամը 6:00-ին «Օմեկա թիմ» կոչուող խմբաւորումի երիտասարդներ բողոքի ինքնաբուխ արտայայտութեամբ մը ուղղուեցան Ռապիէ, ուր անոնք կարմիր ներկ պարունակող գնդիկներով հարուածեցին պաշտպանութեան նախկին նախարար Սամիր Մուքպելի գրասենեակը: Անոնք բարձրացուցին նահատակ 8 բանակայիններուն լուսանկարները` պահանջելով պատժել դաւաճանները, որպէսզի նահատակ բանակայինները իրենց արիւնը յումպէտս թափած չըլլան:

Մուքպել, որ կը գտնուէր իր գրասենեակը, փութաց երիտասարդներուն մօտ եւ լսեց անոնց պահանջները` համաձայն գտնուելով կազմելու հետաքննիչ յանձնախումբ մը եւ կատարեալ թափանցիկութեամբ հետաքննութիւն բանալու բանակայիններու առեւանգումին շուրջ:

Երեկոյեան ժամը 8:00-ին քաղաքացիական ընկերութեան «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք» արշաւին կողմէ կազմակերպուեցաւ մոմավառութիւն մը` նահատակ բանակայիններուն յիշատակին, սակայն առեւանգուած բանակայիններու ընտանիքներուն անունով Հիւսէյն Եուսեֆ յայտնեց, որ իրենք բաւական յոգնած կը զգան եւ մոմավառութեան ներկայ պիտի չգտնուին: «Մենք պիտի սպասենք բանակի հրամանատարութեան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի յայտարարութեան», ըսաւ ան:

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ հանդիպում մը ունեցաւ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի հետ: Քննարկուեցան լիբանանեան ապահովական վերջին զարգացումները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Ռաս Պաալպեքի եւ Քաայի բարձունքներուն վրայ գտնուող բանակի ջոկատներուն, ինչպէս նաեւ առեւանգուած բանակայիններու թղթածրարին:

Նշենք, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ ուղղուեցաւ Ռաս Պաալպեք, ուր շեշտեց, որ քաղաքական յայտարարութիւնները պէտք է մէկդի դնել եւ լիբանանեան բանակին կատարեալ հովանաւորութիւն եւ զօրակցութիւն ապահովել:

Սէյիտ Նասրալլա Կը Մերժէ Հըզպալլայի Հասցէին
Կատարուած Շանթաժի Ամբաստանութիւնը

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին պատկերասփռուած ճառի մը ընդմէջէն ողջունեց նահատակուած բանակայիններուն եւ բոլոր նահատակներուն ընտանիքները` շեշտելով, որ անոնք հայրենիքին փառքն են, եւ պէտք է հպարտանալ անոնց կերտած յաղթանակով:

Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ ինք կը հասկնայ իր արտասանած վերջին խօսքին մասին արձանագրուած ընդվզումը, որուն վարժ է 2000-էն ի վեր, «սակայն կայ յստակ կէտ մը, որ անկարելի է ընդունիլ եւ արտօնել, որ անպատասխան մնայ: Այդ կէտը ուղղակիօրէն առնչուած է Հըզպալլայի նկատմամբ վստահութեան եւ Դիմադրութեան պարկեշտութեան:

«Հըզպալլայի հասցէին կատարուած այն ամբաստանութիւնը, թէ Հըզպալլա լիբանանեան պետութիւնը շանթաժի ենթարկած է` շահագործելով մարդկային թղթածրար մը, որ առեւանգուած բանակայիններուն թղթածրարն է, խիստ մերժելի է: Հըզպալլայի դէմ նման ամբաստանութիւն անընդունելի է, որովհետեւ Հըզպալլա իր հիմնադրութենէն ի վեր այդպիսի յանցանք չէ գործած», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա: Ան հաստատեց, որ այդ հարցով ինք երկու ընտրանք առաջարկած է. անոնցմէ առաջինին համաձայն, լիբանանեան պետութիւնը կրնայ ստանձնել ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցութիւնները, պայմանով, որ ան Սուրիոյ պետութենէն պաշտօնապէս գործակցութիւն խնդրէ, իսկ երկրորդին համաձայն, Հըզպալլա կը ստանձնէ բանակցութիւնները եւ Սուրիոյ պետութիւնը կ՛ընդառաջէ, առանց պաշտօնական գործակցութիւն խնդրելու: «Հետեւաբար այդ ամբաստանութիւնները կատարողները կա՛մ արաբերէն չեն հասկնար եւ կա՛մ անպարկեշտ են: Եթէ անպայման պիտի ամբաստանէք, ապա փնտռեցէ՛ք այն անձը, որ արտօնած է բանակայինները պահել զիրենք առեւանգողներուն մօտ: Բանակայիններուն ճակատագիրը բացայայտելու եւ Լիբանանը ահաբեկչութենէն ազատագրելու համար կռուած եւ նահատակներ տուած կողմը դատապարտելու փոխարէն, Լիբանանի կառավարութենէն, դատական իշխանութիւններէն եւ խորհրդարանէն պաշտօնապէս պահանջեցէ՛ք հետաքննութիւն բանալ, թէ բանակայիններուն առեւանգումէն ետք ո՛վ արգիլած է բանակին յառաջխաղացքը եւ զինուորական գործողութիւններուն շարունակութիւնը», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ օրին բանակը կարող էր ահաբեկիչները մաքրագործել ինչպէս ներկայիս, սակայն ոմանք չէին հաւատար բանակին կարողութեան եւ կասկածներ ունէին բանակին վրայ:

«Հարց տուէք, թէ որո՞նք էին անոնք, որոնք այդ երկչոտ քաղաքական որոշումը տուին` բանակին գործողութիւնները կասեցնելու: Հաւանաբար այդ որոշումը տրուեցաւ նաեւ այն մօտեցումով, որ առեւանգող կողմի անդամները ահաբեկիչներ չէին, այլ յեղափոխականներ, որոնք մաս կը կազմէին այն հսկայ ծրագիրին, որուն մէջ իրենք եւս ներառուած են», հաստատեց ան:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ իրենց համար առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը գիտնալը եղած է առաջնահերթութիւն` աւելցնելով, որ Հալէպի մէջ առեւանգուած երկու եպիսկոպոսներուն եւ լիբանանցի լուսանկարիչ Սամիր Քասսապի մասին ՏԱՀԵՇ հաստատած է, որ ինք չէ զանոնք առեւանգող կողմը:

Սէյիտ Նասրալլա նշեց, որ Ռումիէի բանտէն արգելափակեալներ խնդրելու ՏԱՀԵՇ-ի պահանջը կտրականապէս մերժած է եւ ճնշում բանեցուցած, որ բանակցութիւնները ըլլան ամբողջական:

Պատասխանելով ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն սպանութիւնը պահանջող արտայայտութիւններուն` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ ասիկա ճակատամարտ է եւ ոչ թէ վրէժխնդրութիւն` աւելցնելով, որ հաւատացեալները կռնակէն չեն հարուածեր: Ան նշեց, որ դէպի Տէր Զօր փոխադրուող ՏԱՀԵՇ-ականներուն թիւը շուրջ 670 է, որոնցմէ 331-ը` քաղաքայիններ, 26-ը` վիրաւորներ եւ 308-ն զինեալներ են:

Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ վերջին օրերուն ընթացքին զինուորական գործողութիւնները յապաղեցնելու հիմնական նպատակը առեւանգուած բանակայիններու ճակատագիրին բացայայտումն էր:

Անդրադառնալով գլխատուած բանակային Ապպաս Մըտլեժի աճիւններու հարցին` սէյիտ Նասրալլա ըսաւ, որ Մըտլեժի աճիւններուն փնտռտուքը կը շարունակուի եւ կանգ պիտի չառնէ մինչեւ անոնց գտնուած վայրին բացայայտումը:

Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթային եւ Արեւմտեան Քալամունի ազատագրումը մեծ յաղթանակ է եւ անիկա շարունակութիւնն է 2000-ին հարաւային Լիբանանի ազատագրումին:

Ան հաստատեց, որ ինչպէս 25 մայիս 2000-ը Ա. ազատագրումի օրը կը խորհրդանշէ, 28 օգոստոս 2017-ն Բ. ազատագրումի օրն է` նկատի ունենալով, որ այսօր Լիբանանի բարձունքներէն դուրս եկաւ լիբանանեան հողերը բռնագրաւած վերջին ՏԱՀԵՇ-ականը:

Սէյիտ Նասրալլա կոչ ուղղեց բոլորին, յատկապէս Պեքաայի բնակչութեան մասնակցելու Բ. ազատագրումին նուիրուած տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 31 օգոստոսի յետմիջօրէին, Պաալպեքի մէջ:

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան. «Եւրոպական Միութեան Հետ Համաձայնագիրը Չստորագրելու Որեւէ Պատճառ Չունինք»

Յաջորդը

Ակնարկ. Հպարտանքն Ու Ցաւը` Զինուորաքաղաքական Դիտարկումներու Ընդմէջէն

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?