Գասպար Կարապետեան. «Եւրոպացի Գործիչներու Արցախ Այցելութիւնները Պիտի Շարունակուին»
Եւրոպայի Հայ դատի գրասենեակը պիտի շարունակէ տեղեկացնել Եւրոպական խորհրդարանի եւ Եւրոպական երկիրներու խորհրդարաններու պատգամաւորները սահմանին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ յարձակումներուն եւ զինադադարի խախտումներուն մասին: Այս մասին «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին նշեց Հայ դատի Եւրոպայի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեանը: Անոր համաձայն, պէտք չէ բացառել 2016-ի ապրիլեան վայրագ յարձակումներու նման նոր գործողութիւններու հաւանականութիւնը, սակայն պէտք է ամէն ինչ ընել, որ անոնք ...



















