Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շիրակի Մարզպետարանին Մէջ Ստորագրուեցաւ Համագործակցութեան Յուշագիր

Օգոստոս 30, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան Շիրակի մարզպետարանին մէջ Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեան եւ «Ակբա-քրետիթ ակրիքոլ» դրամատան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Յակոբ Անդրէասեան ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր:

Յուշագիրին հիման վրայ, կողմերը միացեալ ջանքերով պիտի նպաստեն Շիրակի մարզին մէջ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու զարգացման, համայնքներու բարեկեցութեան բարձրացման եւ զբօսաշրջութեան խթանման: «Ակբա-քրետիթ ակրիքոլ» դրամատունը մարզի տարածքին մէջ պիտի կազմակերպէ փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու վերաբերեալ դասընթացքներ եւ այլ ձեռնարկներ: Մարզպետարանը իր կարգին պիտի աջակցի դրամատան` բացայայտելու եւ թիրախաւորելու դասընթացքներու հաւանական շահառուները: Յուշագիրի ստորագրման արարողութենէն ետք կողմերը հանդէս եկան յայտարարութեամբ:

Շիրակի մարզպետ Արթուր Խաչատրեան յուշագիրի ստորագրութեան առնչութեամբ ըսաւ. «Այսօր կարեւոր օր է, որովհետեւ պետութիւնը եւ սեփական ոլորտը գիտակցելով մարզի ձեռնարկութիւններու  զարգացման կարեւորութեան, համայնքներու, մարզի եւ ամբողջ երկրի համար կը միաւորենք մեր ջանքերը` օժանդակելու մարզին մէջ գործող փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն, աւելի ճշգրիտ` «Ակբա-քրետիթ ակրիքոլ» դրամատան մեր գործընկերները փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններուն համար պիտի կազմակերպեն դասընթացքներ եւ այլ ձեռնարկներ:

Համագործակցութեան շնորհիւ մենք կ՛ակնկալենք, որ պիտի բարձրանան ձեռնարկութիւններու արդիւնաւէտութիւնը, կառավարման հմտութիւնները, պիտի աւելնան ձեռնարկութիւններու շրջանառութիւնը եւ եկամտաբերութիւնը, պիտի աւելնան աշխատատեղերը, եւ բարձրանան ձեռնարկութիւններու ընկերային պատասխանատուութիւնը հասարակութեան առջեւ: Վերջ ի վերջոյ մենք բոլորս կը գիտակցինք, որ ազգերու բարեկեցութեան հիմքերը արդիւնաւէտ ձեռնարկութիւններն են, որոնք կը ստեղծեն համախառն ներքին արդիւնք, կու տան արտադրանք, կը մատուցեն ծառայութիւններ, կ՛ապահովեն աշխատանքով եւ պետական ծախսերուն համար կ՛ապահովեն հարկային եկամուտներ: Ուրախալի է, որ այս ծրագիրի շրջագիծին մէջ առաւելագոյն ուշադրութիւն պիտի դարձուի նաեւ զբօսաշրջութեան զարգացման: Բոլորին ցոյց տալու համար մենք ունինք թէ՛ պատմական, թէ՛ բնական հետաքրքրական վայրեր, սակայն անհրաժեշտ է, որ կարենանք ճիշդ ներկայացնել այս ամէնը, ստեղծել զբօսաշրջային քարոզչութիւն, ճիշդ քաղաքականութեան միջոցով հրապուրել թէ՛ հայաստանցի եւ թէ՛ արտասահմանցի զբօսաշրջիկները:

Փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւնները մեր տնտեսութեան ողնաշարն են, եւ բոլոր հասու միջոցներով մենք պատրաստ ենք օժանդակելու մեր ձեռնարկատէրերուն` կայանալու եւ հզօրանալու: Այդ դասընթացքները, գործառոյթին օժանդակող միւս ձեռնարկները իրենց ուրոյն տեղը պիտի ունենան պետութեան, միջազգային կազմակերպութիւններուն եւ մասնաւոր կազմակերպութիւններուն միջոցով իրականացուող ծրագիրներուն միտուած փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութեան զարգացման մէջ»:

Պատասխան ելոյթին մէջ «Ակբա-քրետիթ ակրիքոլ» դրամատան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Յակոբ Անդրէասեան նշեց. «Կ՛ուզէի աւելցնել, որ «Ակբա-քրետիթ ակրիքոլ» դրամատան այս ծառայութիւնը, որ մենք կը նկատենք ոչ ֆինանսական ծառայութիւն, շուրջ 3 տարի է, որ արդէն ծաւալած ենք, Հայաստանի տարբեր մարզերը ընդգրկուած են անոր մէջ, եւ այսպէս ընդգծուած ձեւով կ՛ուզենք նաեւ նման ծառայութիւններ մատուցել մեր շրջաններուն: Շիրակի մարզին մէջ մեզի համար աւելի  հետաքրքրական ուղղութիւններն են գիւղատնտեսութիւնը, փոքր եւ միջին ձեռնարկատիրութիւնը եւ, յատկապէս, հաւատարիմ մնալով կառավարութեան որդեգրած ծրագիրներուն` զբօսաշրջութեան զարգացումը: Տարբեր տեսակի սեմինարներ, դասախօսութիւններ, գործնական աշխատանքներ պիտի ըլլան, որոնց ընթացքին  համապատասխան գիտելիքներ պիտի տրուին մեր ձեռնարկատէրերուն»:

Նախորդը

Վարչապետ Կարապետեան Քննարկած Է Կառուցապատման Մարզի Խնդիրներու Լուծման Առնչուող Հարցեր

Յաջորդը

Նախարար Լեւոն Մկրտչեան Անգամ Մը Եւս Կարեւոր Նկատած Է Ուսուցիչին Դերը

RelatedPosts

«Տէր Ենք Մեր Հայրենիքին». Հանրահաւաք  Եւ Երթ` Հայաստանի Հանրապետութեան  Հիմնադրութեան 105-Ամեակին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

«Տէր Ենք Մեր Հայրենիքին». Հանրահաւաք Եւ Երթ` Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան 105-Ամեակին Առիթով

Մայիս 30, 2023
Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին  Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Մայիսեան Փառատօնին Ընդմէջէն Վճռեց Հաւատարիմ Մնալ Պետականութեան Արժէքներուն Եւ Յաղթահարել Այսօրուան Վիճակը

Մայիս 30, 2023
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն  Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման  Գիծեր Հաստատելը Խոտոր  Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Ազգային Շահերուն Եւ Պետական Շահերուն Միջեւ Բաժանման Գիծեր Հաստատելը Խոտոր Կը Համեմատի Մեր Պատսութեան»

Մայիս 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In