Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քանատայի Խորհրդարանական Պատուիրակութիւնը Հանդիպումներ Ունեցած Է Հայաստանի Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներուն Հետ

August 31, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

28 օգոստոսին Երեւան հասած է Քանատայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը, որուն ղեկավարն է «Մէկ ազատ աշխարհ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Մաժետ Շաֆին: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Քանատայի խորհրդարանի ստորին պալատի Պահպանողական կուսակցութեան երեսփոխաններ Ռաքել Հարտըրը եւ Թոնի Քլեմընտը: Պատուիրակութեան  կ՛ընկերակցի Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթաուայի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Սեւակ Պելեան:

29 օգոստոսին պատուիրակութիւնը հանդիպումներ ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին, արտաքին գործոց նախարարին եւ պաշտպանութեան նախարարին հետ: Պատուիրակութեան հետ հանդիպած են նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեանն ու ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ, Հայաստան-Քանատա խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի անդամ Արմէն Բաբայեանը:

30 օգոստոսին պատուիրակութիւնը մեկնած է Արցախ:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Արա Բաբլոյեան 29 օգոստոսին ընդունած է «Մէկ ազատ աշխարհ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Մաժետ Շաֆիի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Արա Բաբլոյեան շնորհակալութիւն յայտնած է պատուիրակութեան ղեկավարին եւ քանատացի խորհրդարանականներուն Արցախ այցելելու որոշումին համար` նշելով, որ այնտեղ անոնք անաչառ տեղեկատուութիւն պիտի ստանան թէ՛ Արցախի, թէ՛ Լեռնային  Ղարաբաղի տագնապին մասին:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահը բարձր  գնահատած է Քանատայի օրէնսդիր եւ գործադիր մարմիններուն կողմէ  Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հանգամանքը` փաստելով, որ այսօր ալ Թուրքիոյ իշխանութիւնները, շարունակելով ժխտել այդ փաստը, կը ցուցաբերեն նոյն մօտեցումները, ինչ որ 102 տարի առաջ կ՛ընէին: Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը, օրինակ բերելով Գերմանիոյ եւ Իսրայէլի հաշտութեան փաստը, նշած է, որ անազնուութեան բեռը տակաւին կը ծանրանայ պաշտօնական Թուրքիոյ  վրայ, եւ ի տարբերութիւն նախորդ տարիներուն` այսօր Թուրքիան յետընթաց կ՛ապրի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան առումով:

Արա Բաբլոյեան կարեւոր նկատած է Քանատայի վարած քաղաքականութիւնը, որ տարբեր ազգութիւններու եւ դաւանանքներու պատկանող մարդոց առիթ կու տայ լիարժէքօրէն դրսեւորուելու եւ արտայայտուելու: Արա Բաբլոյեանի համաձայն, մարդու իրաւունքը բարձրագոյն արժէք է` անկախ ազգութենէ եւ դաւանանքէ. պէտք է յարգել կրօնական պատկանելիութիւն ունենալու, ընտրելու իրաւունքը:

Արա Բաբլոյեան նշած է. «Ուրախ եմ, որ պիտի այցելէք Արցախ: Այնտեղ կը ծանօթանաք խաղաղասէր ու ազատատենչ ժողովուրդի մը եւ պիտի համոզուիք, որ ճիշդ ուղիին վրայ էք` պաշտպանելով արցախցիներուն ազատ ապրելու իրաւունքը»:

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահին համաձայն արցախցին, ի տարբերութիւն ազրպէյճանցիին, կը պաշտպանէ իր տան  մէջ խաղաղ ապրելու իրաւունքը:

Ընդգծելով խորհրդարանական դիւանագիտութեան դերը երկկողմանի  յարաբերութիւնները զարգացնելու մէջ` Արա Բաբլոյեան կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Քանատայի խորհրդարաններուն մէջ գործող բարեկամական խումբերու գործունէութիւնը` նշելով, որ մեր երկիրը շահագրգռուած է զարգացնելով համագործակցութիւնը բոլոր մարզերուն  մէջ:

Մաժետ Շաֆի շնորհակալութիւն յայտնած է ընդունելութեան համար` ներկայացնելով պատուիրակութեան անդամները եւ այցելութեան նպատակը: «Մէկ ազատ աշխարհ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարը նշած է, որ անցեալ տարի ականատես եղած է Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի նկատմամբ կիրարկուած զինուորական  գործողութիւններուն, որոնց զոհ գացած են թէ՛ զինուորականներ եւ թէ՛ խաղաղ բնակիչներ:

Հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարին համաձայն, Ազրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը ներկայացուի իբրեւ  կրօնական եւ ոչ թէ քաղաքական տագնապ. այսպիսի մօտեցում, անշուշտ, շահաւէտ է Ազրպէյճանին:

Հանդիպումի աւարտին Արա Բաբլոյեան նշած է, որ դարեր շարունակ քրիստոնէութիւն դաւանող հայ ժողովորդը այսօր ալ կ՛ընթանայ  խաղաղութեան մէջ ապրելու եւ արարելու ճամբով. ատիկա հիւրերը կը տեսնեն Արցախի մէջ:

29 օգոստոսին արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Քանատայի խորհրդարանական պատուիրակութիւնը` «Մէկ ազատ աշխարհ» կազմակերպութեան ղեկավար Մաժետ Շաֆիի գլխաւորութեամբ:

Ողջունելով Քանատայի խորհրդարանի երեսփոխանները` նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած է քանատացի խորհրդարանականներուն  պարբերական այցելութիւնները եւ անոնց ներդրումը երկկողմանի  յարաբերութիւններու զարգացման գործին մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար` քանատացի խորհրդարանականները ներկայացուցած են «Մէկ ազատ աշխարհ»  կազմակերպութեան` մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ուղղուած գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստան եւ Արցախ իրենց փաստահաւաք առաքելութեան նպատակը` ուսումնասիրել անցեալ տարուան Ազրպէյճանի ապրիլեան յարձակումին ընթացքին կատարուած մարդու իրաւունքներու կոպտագոյն խախտումներն ու զինուորական յանցագործութիւնները եւ զեկուցում պատրաստել անոնց մասին:

Հիւրերուն խնդրանքով նախարար Նալբանդեան ներկայացուցած է ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման ուղղութեամբ Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ գործադրուող միացեալ ջանքերը, անդրադարձած է ապրիլեան յարձակումներուն ընթացքին Ազրպէյճանի զինուած ուժերու գործած զինուորական յանցագործութիւններուն:

29 օգոստոսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունած է քանատացի երեսփոխանները: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած հարցերու շրջագիծին մէջ անդրադարձ  կատարուած է ղարաբաղեան տագնապին եւ Հարաւային Կովկասի մէջ  շրջանային անվտանգութեան ապահովման հարցերուն:

Նախարար Վիգէն Սարգսեան հիւրերուն ներկայացուցած է  ղարաբաղեան տագնապին նախապատմութիւնը, խաղաղ լուծման հոլովոյթը եւ շփման գիծին մէջ տեղի ունեցած զարգացումները` յատկապէս ապրիլ 2016-ին Արցախի Հանրապետութեան դէմ Ազրպէյճանի զինուորական գործողութիւնները եւ այդ ընթացքին  վերջինիս զինուած ուժերուն կատարած զինուորական յանցագործութիւնները:

 

Նախորդը

Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանի Յաղթանակը Պաշտօնապէս Յայտարարուեցաւ Պաապտայէն . Նախագահ Աուն. «Այսօր Կը Յայտարարենք Ահաբեկչութեան Դէմ Լիբանանի Յաղթանակը»

Յաջորդը

Պաշտպանութեան Եւ Զինուորական Ծառայութեան Վերաբերող Օրէնքի Նախագիծերու Ներկայացում

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնեու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.