Շաբաթ, 26 օգոստոսին վարչապետ Կարէն Կարապետեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցած է Փտածութեան դէմ պայքարի խորհուրդի նիստ` քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ:
Նիստին ընթացքին անկախ փորձագիտական յանձնախումբի փորձագէտները ներկայացուցած են ոստիկանութեան կողմէ քաղաքացիներուն ծառայութիւններու մատուցման, առողջապահութեան, կրթութեան եւ պետական եկամուտներու հաւաքագրման մարզերուն մէջ յայտնաբերուած փտածութեան վտանգի եւ անոր նուազեցման ուղղուած գործողութիւններու ծրագիրները: Անոնց շուրջ ծաւալած է լայն քննարկում, ներկայացուած են շարք մը առաջարկներ եւ դիտարկումներ:
Վարչապետ Կարապետեան կարեւոր նկատած է նշուած մարզերուն մէջ փտածութեան վտանգի նուազեցման ուղղուած հետեւողական քայլերու իրականացումը եւ այդ ուղղութեամբ համապատասխան յանձնարարականներ տուած է: Վարչապետը յատկապէս Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան, առողջապահութեան նախարարներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահին եւ ոստիկանութեան պետին յանձնարարած է մինչեւ 20 սեպտեմբեր քննարկել ներկայացուած բոլոր դիտողութիւնները, անհրաժեշտութեան պարագային լրամշակել նախագիծերը` համագործակցելով փորձագէտներու հետ եւ լրամշակուած տարբերակը ներկայացնել կառավարութեան աշխատակազմին: Բացի ատկէ, ծրագիրի միջոցառումներու իրականացման նպատակով վարչապետը յանձնարարած է ֆինանսական միջոցներ նախատեսել պիւտճէով նախատեսուող գումարներու շրջագիծին մէջ եւ անհրաժեշտութեան պարագային քննարկման առարկայ դարձնել պիւտճէի քննարկման ժամանակ: Վարչապետ Կարէն Կարապետեան կառավարութեան աշխատակազմի ղեկավարին յանձնարարած է նոյեմբեր ամսուն, անհրաժեշտութեան պարագային քննարկելով այլ շահագրգիռ մարմիններու հետ, ամբողջացնել փաստաթուղթը` ներկայացնելով կառավարութեան քննարկումին: