Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի Աջը Դարձեալ Օրհնեց Բազմահազար Ուխտաւորները
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, տարիներու աւանդութեան համաձայն, այս տարի եւս յիշատակեց մեր հաւատքի հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայրապետի մուտն ի վիրապ տօնը. տօն մը, որ յատուկ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ այս տօնը Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարի Ուխտի օրն է: Արդարեւ, 18 մարտ 2018-ին, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ...



















