Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Եղիազարեան. «Դաշնակցութիւնը Յստակ Իր Ուղեգիծին Վրայ Է»

May 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ժողովրդական շարժումը, անոր յառաջացման պատճառներն ու հետեւանքները, հաւանական ելքերը` այս հարցերուն շուրջ լրագրողներուն հետ հանդիպման ժամանակ երէկ զրուցեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Արթուր Եղիազարեան:

Ըստ անոր, երկրին մէջ յառաջացած է նոր իրավիճակ` ժողովրդական շարժման հետ կապուած. տարիներով կուտակուած էին բազմաթիւ խնդիրներ, ինչ որ բնականօրէն ժողովուրդին մօտ յառաջացուցած էր դժգոհութիւն, եւ հանգուցալուծումը տեղի ունեցաւ ժողովրդական շարժման բռնկումով` Նիկոլ Փաշինեանի առաջնորդութեամբ: Այս ամէնը, Եղիազարեանի գնահատումով, բերաւ վերջին 20 տարուան քաղաքական ընթացքի որոշակի փոփոխութեան: «Ի հարկէ, Փաշինեան կը վստահեցնէ, որ կտրուկ շրջադարձեր տեղի պիտի չունենան` երկրի անվտանգութեան հետ կապուած: Սակայն պէտք է արձանագրենք, որ այս ամէնով սկիզբ դրուեցաւ նոր հիմքի, եւ խնդիրները, որոնք տարիներով լուծում չէին ստանար կամ դանդաղ էր անոնց լուծման ընթացքը, այս շարժման միջոցով կարելիութիւն տրուեցաւ նոր հանգուցալուծման տանիլ եւ փորձել լուծել զանոնք», ըսաւ ան:

Ըստ Եղիազարեանի, արտաքին քաղաքականութեան մէջ մեծ փոփոխութիւններ չեն սպասուիր. Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ այն քաղաքական ընթացքին, որ մինչեւ հիմա որդեգրած էր: Սակայն, ըստ Եղիազարեանի, պիտի փոխուին խնդիրներու լուծման մարտավարութիւնը, մօտեցումները: Իսկ ինչ կը վերաբերի երկրի ներքին խնդիրներուն, ապա, ըստ անոր, այստեղ բաւական փոփոխութիւններ կը սպասուին` հիմնականին մէջ կապուած ընտրական համակարգին հետ: «Տեսէք` ամբողջ գործընթացը պիտի տանի դէպի արտակարգ ընտրութիւններ: Կը կարծեմ, որ արտակարգ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ողջմիտ ժամկէտներու մէջ, հակառակ որ բազմաթիւ խնդիրներ կան, որոնք մինչեւ չլուծուին, կարելի պիտի չըլլայ արտակարգ ընտրութիւն իրականացնել: Յոյս ունիմ, որ առնուազն մէկ տարի անց մենք կ՛ունենանք այնպիսի Ընտրական օրէնսգիրք, որ կարելիութիւն կու տայ ժողովուրդի իրական քուէն ներկայացնող ընտրութիւն կայացնել: Երկիրը ցնցումներէ զերծ պահելու համար պէտք է համախոհութեան սկզբունքով ձեւաւորուի կառավարութիւն` իր ծրագիրով, որ ես կ՛անուանեմ անցումային կառավարութիւն: Յառաջացած է իրավիճակ, ուր շատ խնդիրներ իրենց լուծումներուն մէջ ոչ միանշանակ են, եւ անցումային կառավարութիւն կոչուածը հաւանաբար տակաւին փոփոխութիւններու ենթարկուի», նշեց Արթուր Եղիազարեան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կառավարութեան կազմը գոհացուցի՞չ է, կամ դեռ պէ՞տք է աշխատիլ, Եղիազարեան պատախանեց, որ պէտք չէ շտապողական կարծիքներ տալ: «Հաշուի առնելով, որ բաւական անծանօթ, քաղաքական եւ պետական մարզերուն մեծ կենսագրութիւն չունեցող մարդիկ կան կառավարութեան մէջ, բնականաբար, այս անորոշութիւնները որոշակի հարցեր կը ծնին: Բայց եկէք քիչ մը լաւատեսօրէն նայինք: Այստեղ կարեւորը անձերը չեն, այլ այն ընթացքը, որ պիտի որդեգրուի կառավարութեան գործունէութեան նոր ծրագիրով: Ի վերջոյ, պէտք է հասկնանք, որ միայն նախարարներով չէ, որ համակարգերը կը գործեն, համակարգերը արհեստավարժներ պիտի տան, այլ կախեալ է անկէ, թէ քաղաքական ի՛նչ խնդիր պիտի դրուի, եւ ղեկավար անձը որքանո՛վ հետեւողական պիտի ըլլայ տուեալ ընթացքը առջեւ տանելուն», ըսաւ Եղիազարեան:

Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴ-ի` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան հետ կազմած համաձայնական դաշինքէն դուրս գալուն եւ Փաշինեանին սատարելու հարցին, ապա, ըստ Եղիազարեանի, Դաշնակցութիւնը յստակ իր ուղեգիծին վրայ է: Ըստ անոր, խնդիրներն ու առաջնահերթութիւնները, որ ունեցած են նախորդ իշխանութեան հետ` քաղաքական համագործակցութիւն ձեւակերպելու ընթացքին` անոնք այս նոր իշխանութեան պարագային նոյնպէս կը տեսնեն. «Եթէ տեղեակ էք, մենք նաեւ բանակցային գործընթաց ունեցած ենք, յստակացուցած ենք, որ դէպի ո՛ւր կ՛երթանք եւ որքանո՛վ կրնանք անոնց հետ միասին ճամբայ անցնիլ: Մեր մտահոգութիւնները փարատած են, ինչ որ նպաստեց, որ նոր շարժման հետ համընթաց երթանք: Պէտք է մէկ բան գիտակցիլ` համաձայնական դաշինքը քաղաքական գործընթաց է, ամուսնութիւն չէ որոշ ուժերու հետ, եւ մէկը պէտք է յարատեւ միւսին հետ քաղաքական համագործակցութեան մէջ ըլլայ: Կար յստակ օրակարգ, կային խնդիրներ, ունէինք պայմանաւորուածութիւն եւ հաւատարիմ էինք այդ խնդիրներուն, բայց երկրին մէջ յառաջացաւ նոր իրավիճակ, ուր յանկարծ քոալիսիոնը դադրեցաւ գոյութիւն ունենալէ»:

Ըստ Եղիազարեանի, խնդիրները, որոնք ՀՀԿ-ի հետ ուրուագծած էին, անոնց լուծումը առաջ չէր երթար` կա՛մ տեղը կը մնային, կա՛մ ալ արդէն յետընթաց քայլեր կը նկատուէին: Բացի անկէ, ըստ անոր, երբ ժողովրդական շարժումը սկսաւ, ՀՅԴ-ի եւ ՀՀԿ-ի մարտավարական մօտեցումները բաւական տարբեր էին. «Հետեւաբար, նոր իրավիճակին մէջ մենք չէինք կրնար չկիսելով մեր գործընկերոջ տեսակէտը` մնալ այդ դիրքին վրայ: Մենք ունէինք մեր ինքնուրոյն խօսքը եւ մեզ ազատութիւն տալու համար պէտք է դադրեցնէինք համաձայնական դաշինքը, որպէսզի յաջողէինք այն դերակատարութիւնը ունենալ, որ ունեցանք»:

Ան նշեց, որ ՀՅԴ-ն յայտարարած էր, որ, ճիշդ է, կ՛աջակցի շարժման, սակայն խնդիր չէ դրած նոր կառավարութեան մաս կազմելու: Սակայն, ըստ Եղիազարեանի, երբ նոր ղեկավարներէն ստացան հրաւէր, ապա հաշուի առնելով իրենց մօտեցումները` համախոհութեան, միասնականութեան, ճիշդ քայլ չէր ըլլար չաջակցիլ: «Մենք քաղաքական առեւտուրի մէջ չենք մտած ներկայ շարժման առաջնորդներուն հետ, այսինքն` փոխհամաձայնեցուած տարբերակով որքանով որ անոնք մեր մասնակցութեան կարիքը կը զգան, այդքանով պատրաստակամ ենք աջակցիլ: Ինչ կը վերաբերի ապագային «Ելք»-ի հետ համաձայնական դաշինք կազմելուն, ապա տակաւին կանուխ է բան մը ըսել: Սակայն, եթէ նկատած էք, Դաշնակցութիւնը միշտ ինքնուրոյն գացած է:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ ՀՅԴ-ն դուրս եկաւ համաձայնական դաշինքէն, երբ մինչ այդ կը յայտարարէր, որ Սերժ Սարգսեան վարչապետի լաւագոյն թեկնածուն է, Եղիազարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութեան համար լաւագոյն թեկնածուն իր թեկնածուն եղած է: Ան ընդգծեց, որ կար իրավիճակ, ուր համաձայնական կառավարութեան մէջ Դաշնակցութիւնը պարտաւորուածութիւն ունէր եւ ըսած էր, որ պիտի աջակցի ՀՀԿ-ի առաջադրած թեկնածուին: Ան աւելցուց, որ Դաշնակցութիւնը իր խօսքին տէրը եղած է` վերապահում ունենալով, որ նախընտրելի կ՛ըլլար Դաշնակցութեան թեկնածու ունենալ:

Ան նաեւ նշեց, որ իրենք չեն ուրանար նախորդ իշխանութեան հետ ունեցած իրենց յարաբերութիւնները: Ըստ անոր, իրենք անցած են ճամբայէ մը, ուր եղած են սխալներ եւ լաւ կողմեր:

Անդրադառնալով Դաշնակցական նախարարներու նշանակման` Եղիազարեան յայտնեց, որ ՀՅԴ-ն շատ պատրաստուած տարրեր ունի, բայց ունի մօտեցումներ, սկզբունքներ եւ այդ տարրերը կը նշանակէ անոնցմէ մեկնելով:

Ան նաեւ նշեց, որ Արթուր Խաչատրեան ինքզինք ցուցաբերեց իբրեւ լաւ մարզպետ, իսկ Արծուիկ Մինասեանն ալ այժմ իր մասնագիտութեան համահունչ քաղաքական պաշտօն կը զբաղեցնէ: Անդրադառնալով այն հարցումին, որ Մինասեան չունէր ազատ դրսեւորուելու կարելիութիւն, Եղիազարեան յայտնեց, որ «որոշակի վերապահումներ կարծես կային, բայց վստահ եմ, որ հիմա աւելի արդիւնաւէտ պիտի ըլլայ անոր գործունէութիւնը»:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք կը կիսե՞ն Նիկոլ Փաշինեանի` արցախեան տագնապին հետ կապուած մօտեցումները, Եղիազարեան յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը Փաշինեանին հետ ունեցած է բանակցութիւններ, եւ անոնց մօտեցումները արցախեան հարցի լուծման շուրջ բաւական մօտ են:

Անդրադառնալով բանակցութիւններու սեղանին Արցախի վերադարձի հարցին` Եղիազարեան յայտնեց, որ հայկական կողմը այս ուղղութեամբ պէտք է ընթանայ: Ըստ անոր, այսօր իրականութեան մէջ բանակցային գործընթաց չկայ` ապրիլեան պատերազմէն ետք իրավիճակը փոխուած է, եւ այն մօտեցումները, որոնք մինչ այդ առկայ էին, արդէն այս շրջանակին մէջ չէին կրնար շարունակուիլ:

«Ասիկա վերադարձնելն է, ոչ թէ Արցախի իշխանութիւններուն բերել, քանի որ մինչեւ 90-ականներու վերջը Արցախը ներկայ էր բանակցութիւններու գործընթացին մէջ»:

Ինչ կը վերաբերի հայ-թրքական յարաբերութիւններուն, ապա Թուրքիան իր մօտեցումները պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ, եւ մինչեւ իր մօտեցումներէն չհրաժարի` մենք ընելիք չունինք: «Մեր ամէնէն մեծ զիջումը այն է, որ Ցեղասպանութեան խնդիրը իբրեւ նախապայման չենք դներ, ուստի Թուրքիան պէտք է նախ եւ առաջ իր մօտեցումները վերատեսութեան ենթարկէ, որովհետեւ յստակ է, որ Արցախի հարցին մէջ Ազրպէյճանի հետ ունի իր դիրքորոշումը: Եթէ ան իր մօտեցումներէն չհրաժարի, մենք անոր ըսելիք չունինք: Մենք պատրաստ ենք Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան` առանց որեւէ նախապայմանի, ուստի անոնք ալ պէտք է առանց նախապայմանի նստին երկխօսութեան», ըսաւ Եղիազարեան:

Ըստ անոր, ամէն պարագայի մենք պէտք է փորձենք Թուրքիոյ հետ մեր յարաբերութիւնները կարգաւորել: «Մենք կ՛ընդունինք, որ կայ դրացի երկիր, որուն հետ պէտք է երկխօսութիւն կատարել. այս մօտեցումէն չենք հրաժարիր: Կը կարծեմ, որ ծրագրային տարբերակով պիտի կարգաւորուին հայ-թրքական յարաբերութիւնները` լուծումը ասիկա է», ըսաւ Եղիազարեան:

 

 

Նախորդը

Մամետեարով Հանդիպում Ունեցաւ ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Հետ

Յաջորդը

Վահրամ Բալայեան. «Հայաստանի Ու Արցախի Համար Նոր Հեռանկարներ Կը Բացուին»

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.