Սոչիի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպումը:
Փութին անգամ մը եւս շնորհաւորեց Փաշինեանը` Հայաստանի վարչապետ ընտրուելուն առիթով:
«Հայաստանը մեր դաշնակիցն է, գործընկերը: Ռուսիա Հայաստանի յառաջատար առեւտրատնտեսական գործընկերն է: Վերջին շրջանին կը նկատուի առեւտրաշրջանառութեան աճ: Կ՛աճին Հայաստանէն ռուսական շուկայ գիւղական մթերքի մատակարարման ծաւալները: Ատիկա շատ լաւ շարժիչ ուժ է: Ես կ՛ակնկալեմ, որ մենք յաջողինք ո՛չ միայն ատիկա պահպանել, այլեւ բազմապատկել: Յոյս ունիմ, որ մեր յարաբերութիւնները նախկինին պէս կը զարգանան: Մենք նոյնքան աշխուժօրէն կ՛աշխատինք միջազգային հարթակի վրայ` սկսած ՄԱԿ-էն, հասնելով շրջանային կազմակերպութիւններ», ըսաւ Ռուսիոյ նախագահը:
Նիկոլ Փաշինեան շնորհակալութիւն յայտնեց Փութինին ջերմ խօսքերուն համար եւ նշեց, որ ուրախ է պաշտօնը ստանձնելէն օրեր անց անոր հետ հանդիպման կարելիութիւն ունենալու գծով, քանի որ կան քննարկման ենթակայ հարցեր, սակայն կան նաեւ հարցեր, որոնք քննարկման ենթակայ չեն, օրինակ` Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ դաշնակցային, ռազմավարական յարաբերութիւնները, եւ ոչ ոք Հայաստանի մէջ հարցականի տակ դրած է եւ կը դնէ այդ յարաբերութիւններուն կարեւորութիւնը: «Մենք եռանդ ունինք` այդ յարաբերութիւններուն նոր խթան հաղորդելու համար թէ՛ քաղաքական, թէ՛ առեւտրատնտեսական տեսանկիւնէն», նկատել տուաւ ան:
Փաշինեան հաճելի նկատեց այն փաստը, որ այժմ Ռուսիայէն շատ զբօսաշրջիկներ կու գան Հայաստան: Փաշինեան նաեւ նշեց, որ Հայաստան բարձր կը գնահատէ այն հաւասարակշռուած դիրքորոշումը, որ Ռուսիա ունէր Հայաստանի ներքաղաքական ճգնաժամին ընթացքին` աւելցնելով, որ ատիկա շատ կառուցողական դիրքորոշում էր, ինչ որ բարձր կը գնահատուի ո՛չ միայն կառավարութեան, այլ նաեւ հայ հասարակութեան կողմէ:
Փաշինեան նաեւ բարձր գնահատեց Ռուսիոյ հաւասարակշիռ դիրքորոշումը, որ եղած է Հայաստանի մէջ ներքաղաքական ճգնաժամի ժամանակ` նշելով, որ ատիկա շատ կառուցողական էր:
Ան նաեւ շնորհաւորեց Փութինը մայիսեան տօներուն առիթով: Ան նշեց, որ Հայաստան տպաւորուած է այն ձեռքբերումներով, որոնք այժմ ունի ռուսական ռազմարդիւնաբերական համալիրը:
Փութին Եւրասիական Տնտեսական Միութեան
Նիստին Ընթացքին Ողջունեց Փաշինեանը
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին ողջունեց Հայաստանի նոր վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը:
«Մենք այս տարուան մէջ Եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի առաջին նիստը կը գումարենք: Նախ կը ցանկայի ողջունել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Վովայեւիչ Փաշինեանը: Անգամ մը եւս կը շնորհաւորեմ ձեզ, Նիկոլ Վովայեւիչ, բարձր պետական պաշտօնին ընտրուելու առիթով», ըսաւ Փութին:
Կոչ` Զօրացնելու Համարկման Գործընթացներու Զարգացումը
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Եւրասիական տնտեսական միութեան երկիրները պէտք է բազմապատկեն համարկման գործընթացներու զարգացումը, ներառեալ` հիւլէական մարզին մէջ:
«Օգտակար պիտի ըլլար նաեւ աւելի շատ ուշադրութիւն դարձնել ընկերային-մարդասիրական, կրթութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ միջտարածաշրջանային եւ սահմանային կապերուն», աւելցուցած է ան:
Փաշինեան Սոչիի Մէջ Հանդիպումներ Ունեցաւ Տիգրան Սարգսեանի,
Իկոր Տոտոնի Եւ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի Հետ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Սոչիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) յանձնաժողովի անձնակազմի նախագահ Տիգրան Սարգսեանի հետ:
Ըստ վարչապետի պաշտօնական կայքին, հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Եւրասիական տնտեսական միութեան յառաջիկայ վեհաժողովի օրակարգային հարցերուն:
Զրուցակիցները քննարկեցին ԵՏՄ շրջանակին մէջ համագործակցութեան հետագայ զարգացման ու անդամ պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու ընդլայնման վերաբերող այլ հարցեր:
Եւրասիական բարձրագոյն խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ Հայաստանի վարչապետը երկկողմանի հանդիպում ունեցաւ նաեւ ԵՏՄ-ի մէջ դիտորդ պետութեան կարգավիճակ ունեցող Մոլտովայի նախագահ Իկոր Տոտոնի հետ:
Նիկոլ Փաշինեան անհրաժեշտ նկատեց նոր թափ հաղորդել երկկողմանի տնտեսական փոխադարձ գործակցութեան եւ ընդգծեց, որ ատիկա չի համապատասխաներ քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակին: «Մենք պէտք է համապատասխան քայլեր իրականացնենք տնտեսական մարզին մէջ համագործակցութիւնը խթանելու ուղղութեամբ: Այդ առումով, կարեւոր կը նկատեմ երկկողմանի միջկառավարական յանձնախումբի աշխուժ գործունէութիւնը եւ յառաջիկային նիստի կայացումը», ըսաւ Փաշինեան` յիշեցնելով Մոլտովայի մէջ դեսպանութիւն բանալու Հայաստանի կառավարութեան որոշումը:
Տոտոն շնորհաւորեց Փաշինեանը Հայաստանի վարչապետ ընտրուելու առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւն պաշտօնավարման ընթացքին:
«Պիելոռուսիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ խնդիրներ չկան ու պիտի չըլլան», երէկ Սոչիի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպման ընթացքին յայտարարեց Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ, կը յայտնէ անոր պաշտօնական կայքը:
Լուքաշենքօ պատրաստակամութիւն յայտնեց մանրամասնօրէն պատմել Հայաստանի վարչապետին երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման, ԵՏՄ գործունէութեան մասին:
Լուքաշենքօ նաեւ շնորհաւորեց Փաշինեանը Հայաստանի վարչապետ ընտրուելուն առիթով: «Մեր վրայ կրնաք յոյս դնել` անցեալին նման: Մեր քաղաքականութիւնը մեզի համար շատ հարազատ հայ ժողովուրդին հանդէպ երբեք չէ փոխուած: Ատիկա ես ձեզի կը խոստանամ: Ատիկա անցեալին պէս կառուցողական եւ բարեկամական պիտի ըլլայ», ըսաւ Լուքաշենքօ:
Փաշինեան. «Մեր Նպատակը Մեծ Հայրենադարձութիւնն Է»
Սոչի այցելութեան ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախ ուղեւորուեցաւ Ատլերի Ս. Սարգիս եկեղեցի, որուն մօտ զինք դիմաւորեցին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ռուսիոյ հարաւային հայոց թեմի առաջնորդ Մովսէս եպս. Մովսիսեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերը, տեղւոյն հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ: Անոնք ջերմօրէն շնորհաւորեցին Նիկոլ Փաշինեանը եւ մաղթեցին յաջողութիւններ, Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին գործունէութեան ընթացքին: Կառավարութեան ղեկավարը կատարեց մոմավառութիւն եւ ծաղիկներ զետեղեց եկեղեցւոյ բակին վրայ դրուած խաչքարերուն մօտ:
Դիմելով հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն` Նիկոլ Փաշինեան մասնաւորաբար նշեց. «Բոլորիդ կ՛ողջունեմ եղբայրական Ռուսիոյ Սոչի քաղաքին մէջ եւ կը ցանկամ ըսել, որ հպարտ եմ ձեզմով: Ամբողջ քաղաքական մեր գործընթացի ընթացքին զգացած եմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին շունչը, աջակցութիւնը, եւ այս յաղթանակը ձեզմէ իւրաքանչիւրին յաղթանակն է, ասկէ ետք հայ ժողովուրդը պիտի ըլլայ յաղթող, հայ ժողովուրդը ի վերջոյ պիտի վերադառնայ իր հայրենիքը: Ես կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել եղբայրական Ռուսիոյ, որ նման պայմաններ ստեղծուած են հայ ժողովուրդին համար, բայց կ՛ուզեմ նաեւ ըսել, թէ մեր նպատակը մեծ հայրենադարձութիւնն է, մեր նպատակը հայութեան մարդկային, տնտեսական, հոգեւոր, գիտական ներուժը կամ անոր զգալի մասը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կեդրոնացնելն է եւ անոր անվտանգութիւնն ու բնականոն զարգացումն ապահովելը: Ես Ռուսիոյ հայ եւ ռուս գործարարներուն կոչ կ՛ուղղեմ գալու Հայաստան եւ կատարելու ներդրումներ, ստեղծելու աշխատատեղեր, որովհետեւ հիմա արդէն նոր Հայաստան է, ուր իւրաքանչիւր ներդրում պաշտպանուած պիտի ըլլայ, եւ որեւէ ներդրում պիտի չըլլայ սպառնալիքի ներքեւ: Այսօր մեր երկրին, հայ ժողովուրդին հեղինակութիւնը բարձր է աւելի քան երբեւէ, եւ ստեղծուած են բոլոր պայմանները, որ մենք ապրինք ու երջանիկ ըլլանք մեր հայրենիքին մէջ:
Ամէնէն կարեւորը, որ կ՛ուզեմ ըսել. իսկապէս դուք այստեղ էիք, բայց իրականութեան մէջ Երեւան էիք` Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ձեզմէ շատերը նաեւ ֆիզիքապէս, որովհետեւ ես այսօր այստեղ տեսայ բազմաթիւ մարդիկ, որոնց վերջին անգամ հանդիպած էի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ երջանիկ եմ ձեր երջանիկ աչքերը տեսնելով, հպարտ եմ ձեր հպարտ աչքերը տեսնելով, կը ծառայեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրին, եւ ոեւէ մէկը չկասկածի, որ մեր պայքարը ամէն անգամ, ամէն օր, ամէն շաբաթ, ամէն տարի նոր յաղթանակներ պիտի բերէ Հայաստանին, հայ ժողովուրդին եւ Արցախին: Եւ ուրեմն հայ ժողովուրդը համախմբուած է Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ, հայ ժողովուրդը համախմբուած է հայրենիքի շուրջ եւ վճռական է, լի եռանդով` շէնացնելու, ծաղկեցնելու, հզօրացնելու Հայաստանը եւ Արցախը: Եւ ես կ՛ուզեմ անգամ մը եւս ըսել, որ կը խոնարհիմ ձեր առջեւ, կը հպարտանամ ձեզմէ իւրաքանչիւրով, կը սիրեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը եւ կը համբուրեմ ձեզմէ իւրաքանչիւրը:
Կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցէ՛ք դուք եւ ձեր երեխաները, որ շատ շուտով պիտի ապրիք ազատ եւ երջանիկ Հայաստանի մէջ: Չկայ որեւէ կասկած, որ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները պիտի ըլլան շատ աւելի ամուր, աւելի դաշնակցային եւ եղբայրական»:







