Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կարկաչ» Մանկական Եւ Պատանեկան Երգչախումբի Հրաշալի Համերգը

May 14, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկար հնչեցին ծափահարութիւնները: Բեմին վրայ հպարտօրէն կանգնած էր «Կարկաչ» երգչախումբը` իր թովիչ ձայնով եւ բարձրորակ կատարումներով: Պատանիներու եւ փոքրերու կատարումներէն ի յայտ կու գային անոնց սէրն ու կառչածութիւնը հայ երգին ու հայ երաժշտութեան նկատմամբ: Ուրախալի էր ականատես ըլլալ եւ հմայուիլ նոր սերունդի հրաշալի կատարումներով:

Երէկ` կիրակի, 13 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային միացեալ վարժարանի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական եւ պատանեկան երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, դաշնակահար` Լիանա Յարութիւնեան:

Խօսք առաւ Զաքար Քէշիշեան: Ան ըսաւ, թէ տարիները շատ արագ կը սահին: «Անցեալ տարուան այս օրերուն նշուեցաւ «Կարկաչ»-ի հիմնադրութեան 20-ամեակը, այս տարի դեկտեմբերին կատարեցինք մեզի համար ստեղծուած հայրենի երաժշտահան Արմենուհի Կարապետեանի օրաթորիան, եւ ահաւասիկ այսօր կը ներկայանանք մեր տարեկան ելոյթով` հինգ տարբեր գեղեցիկ առիթներով: Բեմի վրայ մանկական խումբն է, որ իր իւրայատկութիւնը ունի: Կ՛երգեն միաձայն եւ իրենց առաջին երգչական թոթովանքները կը կատարեն` հետագային հասնելու համար արհեստավարժ պատանեկան, աւելի ուշ երիտասարդական երգչախումբ, ապա «Գուսան» երգչախումբ, որպէսզի իրենց քով ամրապնդուին երգչախմբային արուեստի սկզբունքները: Մենք կը հաւատանք մեր առաքելութեան եւ կը շարունակենք», ընդգծեց Քէշիշեան:

Յայտագիրի առաջին բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» մանկական խումբը, որ ներկայացուց «Ժառանգներն ենք  Արցախի», «Սիրուն Երեւան», «Անդրանիկ» եւ հայկական ժողովրդական երգաշար` «Ելայ մութին», «Մառան մտայ», «Պուպու-պուպու», «Հինգ էծ ունեմ», «Կապեմ վզիդ», «Արեւ-արեւ», «Լեպհո լէ լէ»:

Յայտագիրի երկրորդ բաժինով ելոյթ ունեցաւ «Կարկաչ» պատանեկան երգչախումբը, որ ներկայացուց «Կարկաչ», «Հաւատի երգ», «Ելէք հայեր, ելէք քաջեր» երգերը: Երգչախումբը մեկնաբանեց Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին նուիրուած երկու երգ` «Մեր սիրելի Երեւան» եւ «Գարուն Երեւան». վերջինս խմբավարեց Լիւսի Գռուզեան: Երգչախումբը կատարեց նաեւ Արցախի նուիրուած երկու երգ` «Կենաց երգ» եւ «Ղարաբաղցին»: Ուշագրաւ էր հայկական հայրենասիրական երգաշարը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց հանդիսատեսին քով: Հիանալի կատարումներ էին նաեւ «Երեւան Էրեբունի» եւ «Սարդարապատ» երգերը: Համերգը իր աւարտին հասաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու քայլերգներով:

 

 

Նախորդը

Հրաշալին Եւ Հարցականը

Յաջորդը

Մայրենի Լեզուի Պահպանման Սատարող «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրի Աւարտական Փուլ Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.