Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայրենի Լեզուի Պահպանման Սատարող «Ճիշդ Հնչենք» Յայտագիրի Աւարտական Փուլ Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

Մայիս 14, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 12 մայիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:00-ին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ «Վանայ Ձայն»-էն ուղղակի ձայնասփռումով տեղի ունեցաւ 8 տարեկան դարձած «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրի աւարտական փուլն ու մրցանակաբաշխութիւնը` հովանաւորութեամբ Մարաշի հայրենակցական միութեան եւ կազմակերպութեամբ «Վանայ Ձայն» ձայնասփիւռի կայանին:

Այս տարի «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերած են 17 հայկական վարժարաններէ 6-րդ, 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններու 45 աշակերտներ: Յայտագիրը ընթացք առած է 24 փետրուար 2018-ին` երկու փուլով:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրը պատրաստող եւ հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան: Ան ըսաւ, թէ յայտագիրը կը նպատակադրէ երեք կարեւոր կէտեր, առաջին` մայրենի լեզուի նկատմամբ յաւելեալ սէր, գուրգուրանք եւ յարգանք փոխանցել: Նոր սերունդի զաւակներուն միտքերուն մէջ ամրագրել այն իրականութիւնը, որ առանց մայրենի լեզուին չկայ ինքնութիւն: Լեզուն է, որ մեզի կու տայ հպարտ հայ ըլլալու առանձնայատկութիւնը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ եթէ կ՛ուզենք, որ մեր ազգային բոլոր իղձերը իրականանան, նախ եւ առաջ կառչած պէտք է մնանք մայրենիին, որ կը սորվինք եւ մեր էութեան մէկ մասը կը դարձնենք միայն հայկական վարժարանին մէջ:

Երկրորդ կէտով Հուրի Փափազեան-Էմմիեան յայտնեց, որ «Վանայ Ձայն»-ի հիմնական առաքելութիւններէն է պահել հայկական մաքուր անզուգական երգն ու երաժշտութիւնը, ըլլալ հայ մշակոյթի պահպանման հաւատարիմ զինուոր մը: Այն ինչ որ մենք կը փորձենք կատարել մեր  կարելիութեան սահմաններուն մէջ մնայուն արժէքերը` լեզուն ու մշակոյթը պահելն է:

Երրորդ` կը փորձենք այս յայտագիրին միջոցով աշակերտը ծանօթացնել «Վանայ Ձայն»-ի աշխատանքներուն, որովհետեւ կը հաւատանք, որ «Վանայ Ձայն»-ը սովորական ձայնասփիւռի կայան մը ըլլալէ անդին նաեւ վստահութեան կեդրոն է ո՛չ միայն լիբանանահայութեան, այլ նաեւ սփիւռքահայութեան համար:

Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, թէ 8 տարիէ ի վեր «Վանայ Ձայն»-էն կը սփռուի այս յայտագիրը, բազմաթիւ աշակերտներ իրենց լեզուն ճիշդ հնչելու համար սորված են նոր բառեր, աւելի եւս ամրապնդած են իրենց գիտելիքները, ինչպէս նաեւ մարզական ազնիւ հոգիով մրցած են. այս բոլորը մեզի մեծ բաւարարութիւն կու տան եւ վճռական կը դարձնեն շարունակելու այս յայտագիրը:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մարաշի հայրենակցական միութեան ատենապետ Ժան Մոմճեանին, «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէնութեան, հայկական վարժարաններու տնօրէններուն եւ ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, «Ազդակ» օրաթերթին, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լրատուութեան բաժինին, ընտանիքի անդամներուն, ձայնագրութեան պատասխանատուներուն եւ բոլորին քաջալերանքին ու օժանդակութեան համար:

Այս տարի յայտագիրին վերահսկեց «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ապա տեղի ունեցաւ մրցումին աւարտական փուլը: 6-րդ դասարանէն մրցանակակիր դարձաւ Փաթիլ Թասլաքեան` Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն, 7-րդ դասարանէն Կալի Սահակեան` Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, իսկ 8-րդ դասարանէն Քրիստին Տէր Յարութիւնեան` հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն: Երկրորդ հանդիսացան 6-րդ դասարանէն Մանէ Թորոյեան` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն,  7-րդ դասարանէն Սերժիօ Միսիսեան` Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, իսկ 8-րդ դասարանէն Նարէ Գարամանուկեան` Հայ աւետարանական քոլէճէն:

Այնուհետեւ խօսք առաւ «Վանայ Ձայն»-ի տնօրէն Վիգէն Աւագեան: Ան ըսաւ, թէ անցնող երկուքուկէս ամիսներուն ընթացքին 17 հայկական վարժարաններու աշակերտները մրցեցան իրարու դէմ, յաղթեցին, սորվեցան եւ պարտութեան ընդմէջէն սորվեցան նոր բառեր, նոր գիտելիքներ: Շնորհիւ յայտագիրին բոլոր աշակերտները հարուստ բառապաշար ունեցան, ուղղագրական եւ քերականական օրէնքներ սորվեցան, որպէսզի կարենան ներկայանալ այստեղ եւ այս մրցանքին մասնակցիլ: Ան հաստատեց, որ այս յայտագիրը միջոց մըն է, որպէսզի հայ լեզուի եւ մշակոյթի ճամբով մեր աշակերտները, ապագայ ծնողները կապենք մեր մշակոյթին, հայկականութեան, մեր ինքնութեան եւ արժէքներուն:

Ան նշեց, որ այս յայտագիրը միջոց մըն է, ինչպէս «Վանայ Ձայն»-ի միւս յայտագիրները, երգ եւ երաժշտութիւն սփռելու, գիտելիք եւ տեղեկութիւն տարածելու, որոնք ինքնանպատակ չեն, չեն կրնար ըլլալ որեւէ լրատուամիջոցի համար, ուր մնաց կայանի մը համար, որ 32 տարիէ յանձնառութիւն ունի այս գաղութին մէջ սփիւռքի ամբողջ տարածքին հայկականութիւն տարածելու, հայկական արժէքներուն տէր եւ պաշտպան ըլլալու:

Խօսքի աւարտին Աւագեան ըսաւ, թէ «Ճիշդ հնչենք» յայտագիրով պատգամ մը կ՛ուղղենք բոլորին. ճիշդ հնչենք, ճիշդ խօսինք, ճիշդ գրենք եւ ճիշդ կարդանք:

Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն: Իւրաքանչիւր առաջին հանդիսացող ստացաւ 300 հազար լիբ. ոսկի, իսկ 2-րդ հանդիսացող աշակերտները` 200 հազար լիբ. ոսկի:

Նախորդը

«Կարկաչ» Մանկական Եւ Պատանեկան Երգչախումբի Հրաշալի Համերգը

Յաջորդը

Թրամփ Իրանի Հետ «Լաւ Գործարք»-ի Կ՛ուզէ Հասնիլ

RelatedPosts

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կազայի Պատերազմին Աւարտը Յայտարարեց

Հոկտեմբեր 15, 2025
Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»
Գլխաւոր լուրեր

Մաքրոն. «Աշխատանք Պիտի Տանինք Կազայի Մէջ Միջազգային Ուժ Տեղակայելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին.  Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ «Տը Նեշընըլ»-ին. Ապահովութեան Խորհուրդը Կը Քննարկէ Շարհի Եւ Խաթթապի Անունները ՄԱԿ-ի Պատժամիջոցներուն Ենթակայ Անուններու Ցուցակէն Ջնջելու Օրինագիծ Մը

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?