Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Մեր Յաղթանակը Կը Նուիրենք Հզօր Լիբանանի Հօր` Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Միշել Աունի»

Մայիս 14, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը շաբաթ գիշեր «Ֆորում տը Պէյրութ»-ի մէջ նշեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին իր արձանագրած յաղթանակը:

Յաղթանակի տօնախմբութեան ներկայ գտնուեցան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ, Հայկական երեսփոխանական պլոքի երեսփոխաններ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, Ազգային ազատ հոսանքի եւ կուսակցութեան դաշնակից նորընտիր երեսփոխանները, ինչպէս նաեւ նոյն հոսանքին մաս կազմող հազարաւոր հետեւորդներ:

Լիբանանեան քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք Պասիլ շեշտեց, թէ հակառակ անոր որ քաղաքական այլ կողմեր կը վայելեն զանազան պետութիւններու զօրակցութիւնը եւ նիւթական օժանդակութիւնը, Ազգային ազատ հոսանքը յաղթանակ արձանագրած է: «Հակառակ անոր որ այլ ուժեր հիմնուեցան սուտասանութեան վրայ, իսկ մենք պաշտպանը մնացինք ճշմարտութեան` սուղ վճարեցինք ճշմարտութիւնը պահելու գինը եւ յաղթեցինք: Մեր յաղթանակը կը նուիրենք հզօր Լիբանանի հօր` հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին», ըսաւ ան:

Պասիլ ընդգծեց, որ Ազգային ազատ հոսանքը մարդկութեան հոսանքն է, որ տապալեց հարիւր միլիոնաւոր տոլարները: Ան աւելցուց. «Յաղթանակը ունի իր զաւակները, որոնք Ազգային ազատ հոսանքն են եւ անոր դաշնակիցները: Իսկ դուք ունիք խոստում եւ պարտք. խոստում` միասնաբար շարունակելու այս հոսանքի հզօրացման հոլովոյթը, եւ կը խոստանանք հաշուետուութեան կանչել սխալ գործողը: Իսկ պարտքը` երկար ատեն յուսալքումը  հանդուրժած լիբանանցի ժողովուրդին է, որ կը հատուցուի միայն հզօր պետութիւն կառուցելով: Մենք ճշմարտութիւնը կ՛ըսենք ընտրութիւններէն առաջ եւ անոնցմէ ետք, հակառակ անոր որ քաղաքականութեան մէջ անիկա սուղ գին մըն է, որ կը վճարենք: Պիտի պայքարինք փտածութեան դէմ եւ հպարտօրէն կը յայտնենք, թէ փտածութեան դէմ պայքարի հոսանքն ենք: Մենք պարտական ենք ելեկտրականութիւն ապահովել, պարտական ենք ջուր ապահովել եւ պարտական ենք տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովել` նոյնիսկ եթէ կարիքը զգացուի միջազգային ընտանիքին ու անոր մեղսակիցներուն դէմ պայքարելու», հաստատեց ան:

Պասիլ նշեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն արձանագրուած յաղթանակը կ՛արժեւորուի նաեւ իշխանութիւնը տկարացնել փորձող ծրագիրները ձախողեցնելու ընդմէջէն: Ան աւելցուց, որ Հզօր Լիբանանի համախմբումին անդամներուն թիւը աւելցած է եւ համախմբումը ներկայիս ընդարձակուած է 15 գաւառի մէջ:

Յաղթանակի տօնակատարութեան աւարտին Հզօր Լիբանանի համախմբումին մաս կազմող բոլոր երեսփոխանները բեմ բարձրացան եւ հաւաքական լուսանկար մը ստացան:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Ժամիլ Սէյիտի Հետ Քննարկեց Պաալպեք-Հերմելի Կարիքները

Յաջորդը

Տինքի Սպանութեան Տեղեկագիրները Պահած Պաշտօնատարը Կրնայ 7,5-15 Տարի Բանտարկուիլ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»
Գլխաւոր լուրեր

Պրուսօ. «Միացեալ Նահանգներ Կ՛աջակցին Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Խաղաղութեան Ձգտման»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?