Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ծառուկեան» Դաշինքը Պիտի Ներգրաւուի Քոալիսիոնին Մէջ, Իսկ ՀՅԴ-ին Հետ Քննարկումները Կը Շարունակուին

May 12, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

11 մայիսին տեղի ունեցաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ կառավարութեան առաջին նիստը, որուն ներկայ գտնուեցան նաեւ լրագրողները, որոնց մուտքը փակուած էր Սերժ Սարգսեանի կողմէ այս պաշտօնի ստանձնումին ընդառաջ:

Նախքան օրակարգին անցնիլը` Փաշինեան դիմեց գիւղատնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Իգնատի Առաքելեանին` նշելով, որ Արմաւիրի մարզին մէջ կարկտահարութեան դէպք տեղի ունեցած է, ուզեց այդ մասին մանրամասնութիւններ ունենալ: Առաքելեան պատասխանեց, որ մասնագէտներ ուղարկուած են շրջան եւ համապատասխան գնահատականներ պիտի կատարեն: Վարչապետը նաեւ տեղեկութիւն ուզեց այն մասին, թէ որքա՛ն օժանդակութիւն կը տրամադրուի վնաս կրած անձերուն` հաստատելով, որ պէտք է աջակցութիւն ցուցաբերուի այնքան, որ մարդիկ զգան պետութեան իրենց կողքին ըլլալը: Ան նաեւ խօսեցաւ հակակարկտային համակարգը աւելի ընդարձակելու կարեւորութեան մասին:

Նիստէն ետք լրագրողները հարցուցին քոալիսիոն կառավարութեան կազմութեան մասին. Փաշինեան ըսաւ, որ «Ծառուկեան» դաշինքը պիտի ներգրաւուի, իսկ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հետ այս գծով քննարկումները կը շարունակուին:

Արձագանգելով նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կատարած մատնանշումներուն` Փաշինեան ըսաւ, թէ առկայ հանրային աջակցութիւնը լիարժէքօրէն պիտի օգտագործուի երկրի զարգացման նպատակով: «Այն վայրկեանէն, երբ գոյութիւն չունենայ հանրային աջակցութիւն, ես կը դադրիմ Հայաստանի վարչապետ ըլլալէ», նշեց ան:

Կառավարութեան կազմութենէն ետք Նիկոլ Փաշինեան յաջորդող քսան օրերուն պէտք է ծրագիր ներկայացնէ  Ազգային ժողովին. ան յոյս յայտնեց, որ այս ծրագիրը չի մերժուիր:

Նիկոլ Փաշինեան նաեւ ըսաւ, թէ չի հրաժարիր արտակարգ ընտրութիւններէն: «Շատ կարելիութիւններ կան: Եթէ դուք ուշադրութեամբ կարդաք սահմանադրութիւնը, կը կարծեմ, թէ պիտի նկատէք այդ կարելիութիւնները», յայտնած է ան: Լրագրող մը հարցուց, թէ ե՞րբ պիտի կատարուին այդ ընտրութիւնները. վարչապետը պատասխանեց. «Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք պիտի որոշենք: Ամէնէն սեղմ, բայց տրամաբանական ժամկէտներու մէջ»:

Փոխադրութեան նախարար Վահան Մարտիրոսեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ զրուցելով ըսաւ, թէ չ՛ուզեր պաշտօնավարութիւնը շարունակել, իսկ առողջապահութեան նախարար Լեւոն Ալթունեանը կը սպասէ առաջարկի:

Կառավարութեան նիստին մասնակցեցաւ նաեւ Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան, որուն հրաժարականի պահանջներ հնչեցին նախորդող օրերուն: Քաղաքապետը, սակայն, ըսաւ, թէ մտադիր չէ հետեւելու իր կուսակցութեան առաջնորդ Սերժ Սարգսեանի օրինակին:

 

Նախորդը

Պելճիքացի Երեսփոխաններու Նամակը` Պելճիքայի Արտաքին Գործոց Նախարարին. «Ազրպէյճան Պէտք Է Դադրեցնէ Քաղաքական Հետապնդումը Գասպար Կարապետեանի Նկատմամբ»

Յաջորդը

Ալիեւ. «Արցախը Ազրպէյճանի Անբաժանելի Մասն Է»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան  Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Հորմուզ, Պապ Մանտեպ Եւ Ռուս-Ամերիկեան Ուժանիւթային Խորհրդակցութիւններ

October 6, 2026
Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ  Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին»  Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի
Գլխաւոր լուրեր

«Իմացէք, Որ Եթէ Իրանի Դէմ Նոր Պատերազմ Ծագի, Անոր Բոցերը Բոլորին Պիտի Հասնին» Շեշտեց Զօր. Ապտելլահի

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.