Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Շրջանցում, Որ Անպայման Ուղենշային Չէ

Մայիս 12, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
1
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ-թուրք յարաբերութիւններու հեռանկարային պատկերացումներու մասին խօսելով` վարչապետ Փաշինեան հիմնականին մէջ վերաբանաձեւած էր պաշտօնական Երեւանի դիրքորոշումը` կողմ ենք Անգարայի հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման` առանց նախապայմանի: Ճիշդ չէ, որ երրորդ երկրի հետ Անգարան պայմանական հարց արծարծէ յարաբերութիւններու բնականոնացման համար: Երեւանը կը շարունակէ առաջադրել Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը, որ նախ եւ առաջ կը նպատակադրէ ցեղասպանութիւններու կրկնութեան կանխարգիլումը:

Փաշինեանի  մօտեցումը միաժամանակ թէ՛ արցախեան հակամարտութեան եւ թէ՛ ցեղասպանութեան ճանաչումի հարցով մերժել է Անգարայի նախապայմանները, ինչ որ համահունչ է Երեւանի ցարդ որդեգրած եւ կիրարկած պաշտօնական կեցուածքին:

Պաշտօնական Անգարան արձագանգած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի այս յայտարարութեան:

«Տեսնենք, եթէ Հայաստանը Թուրքիոյ նկատմամբ տարիներ շարունակ ունեցած թշնամական դիրքորոշումը փոխէ, հրաժարի Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութեան ու սահմաններու նկատմամբ ունեցած սխալ դիրքորոշումներէն, հրաժարի այդ ամէնէն, ցանկայ նոր էջ բանալ, մենք ալ ուսումնասիրելով  մանրամասնութիւնները, համարժէք պատասխան կու տանք: Մենք չենք ցանկար ոեւէ մէկուն, յատկապէս մեր դրացիներուն հետ թշնամանալ: Եթէ այդպիսի մօտեցում ըլլայ, բնականաբար մեր պետութեան շահերուն շրջանակներուն մէջ կը քննարկենք զայն»:

Արձագանգը ուղղակի Թուրքիոյ վարչապետ Եըլտըրըմին կը պատկանի: Այսպէս ուրեմն. Անգարան պատրաստ է քննարկելու դիւանագիտական կապերու հաստատման Երեւանի մօտեցումները, եթէ Երեւանը ճանչնայ ընդհանուր պետական այսօրուան սահմանը եւ Թուրքիոյ տարածքային ամբողջականութիւնը: Գէթ այս բանաձեւումին մէջ Ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջէն հրաժարելու ուղղակի պայման չկայ. հրաժարումի պահանջը յստակօրէն տարածքայինին կը վերաբերի:

Բայց աւելի կարեւորը այն է, որ վարչապետ Փաշինեանի արծարծած առաջին խնդիրին չ՛ակնարկեր Եըլտըրըմը: Հրապարակուած այս արձագանգին մէջ Արցախի խնդիրը շրջանցուած է: Թուրք վարչապետը կը խօսի Թուրքիոյ վերաբերող հարցերուն:

Արցախի հարցի շրջանցումը այս պարագային չի կապուիր անշուշտ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին այն մատնանշումին, որ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու հաստատման հարցին պէտք չէ առնչել երրորդ կողմը:

Թուրքիոյ վարչապետին այս մօտեցումը ուղենշային նկատելը կանխահաս է հաւանաբար: Այնուամենայնիւ, նախապայմաններու առաջնահերթութեան հարց կը ստեղծէ, երբ արցախեան հակամարտութեան խնդիրը միշտ անմիջականութեամբ եւ հրատապութեամբ կ՛արծարծուէր:

Մէկ հանգամանք եւս որոշ նրբութիւն կը փոխանցէ հարցին ուղենշային բովանդակութիւն տալու ուղղութեամբ: Փաշինեանը պատասխանած է լրագրողի հարցումին եւ ոչ թէ յատուկ յայտարարութիւն  կատարած` նոր մեկնարկ կամ նոր գործընթաց սկսելու միտում փոխանցելու իմաստով: Եըլտըրըմը իր հերթին արձագանգած է Փաշինեանի այս պատասխանին մասին դարձեալ լրագրողի տուած հարցումին:

Հայկական կողմը այս պարագային որեւէ փոփոխութիւն չէ բերած հայ-թուրք յարաբերութիւններու հաստատման համար Երեւանի որդեգրած դիրքորոշումներուն, մինչ թրքականը շրջանցած է մէկ նախապայման: Ոչ անպայման ընդառաջելով այն մօտեցումին, որ երկկողմ յարաբերութիւնները պէտք չէ պայմանականացնել երրորդ կողմով:

«Ա.»

Նախորդը

Վստահ Եմ` Մեր Ցանած Սերմերը Եւ Բացած Ճամբաներն Առաւել Կը Խորանան. Հրանոյշ Յակոբեան

Յաջորդը

Պասքեթպոլ. Ռոնի Ապու Ժաուտէի Յիշատակին Նուիրուած Մրցաշարք` Մասնակցութեամբ 16 Խումբերու

RelatedPosts

Ակնարկ.  Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

Մայիս 14, 2025
ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի  Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի  Չգոյութեան Բերումով
Գաղութային

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Մայիս 14, 2025
Թրամփ. «Պատրաստ Ենք Լիբանանին Օգնելու  Տնտեսական Բարգաւաճման Եւ Իր Դրացիներուն Հետ  Խաղաղութեան Ապագայ Կառուցելու Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Եւ Սալման Երկու Երկիրներուն Միջեւ Ռազմավարական Տնտեսական Գործընկերութեան Փաստաթուղթ Ստորագրեցին

Մայիս 14, 2025

Comments 1

  1. aziz says:
    7 years ago

    #Afrin #Barinkobani
    same old strategy,they will never change.this regime is responsible for unrest and butchering in Syria,Iraq,Greece,Kurdistan mountains,Lebanon,Armenia,Artsakh,Yemen,Georgia…..Good neighbor my ARSE, A similar tug,davutoghloo said “it will be no leaf turned in this region without our permission”.their political views will jump from a tree to a tree depend on the season.
    Recognize and Condemn the GENOCIDE first,verchaged

    Reply

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?