Մանուկներու Օրուան Նշում` Անոնց Իրաւունքները Յարգելու Կոչով
ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած Մանուկներու միջազգային օրուան ձեռնարկը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 22 մարտ 2018-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ` ներկայութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, Լիբանանի Մանուկներու ազգային մարմինի նախագահ դոկտ. Նուր Սալմանի եւ հայկական վարժարաններու աշակերտութեան ու անոնց ընկերակցող ուսուցիչներուն: Լիբանանի, Հայաստանի եւ ԼՕԽ-ի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք բացման խօսքը կատարեցին...




















