Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Երուսաղէմի Մէջ Ամերիկեան Դեսպանատան Բացում, Պաղեստինեան Բողոքի Ցոյցեր Եւ Բազմաթիւ Զոհեր

May 15, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ երէկ բացումը կատարեցին բռնագրաւեալ Երուսաղէմի մէջ իրենց դեսպանատան` հիմնուելով դեսպանատունը Թել Աւիւէն փոխադրելու եւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին վրայ:

Դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ «Իսրայէլ Միացեալ Նահանգներէն աւելի բարեկամներ չունի»` շնորհակալութիւն յայտնելով Թրամփին` «իր խոստումը կատարելու քաջութեան համար»:

«Այս պահը յիշեցէ՛ք, անիկա պատմական է: Այսօր կը նշենք Իսրայէլի պետութեան համար պատմական օր մը: Երուսաղէմ ենք` այստեղ մնալու համար, եւ իրականութեան մէջ Երուսաղէմն էր եւ պիտի մնայ հրէական պետութեան ու հրեայ ժողովուրդին մայրաքաղաքը»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ  տեսակապով ուղերձի մը ընթացքին ողջունեց դեսպանատան փոխադրումը:

Ան յայտնեց, որ նշեալ քայլը «շատոնց պէտք էր առնուէր»` աւելցնելով. «Իսրայէլ գերիշխան պետութիւն մըն է, որ իրաւունք ունի ճշդելու իր սեփական մայրաքաղաքը, սակայն տարիներով չճանչցանք այն, ինչ որ յայտնի էր»:

Թրամփ նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ յարատեւ խաղաղութեան համաձայնութեան մը գոյացումը դիւրացնելուն յանձնառու են:

Նշենք, որ Երուսաղէմի մէջ ամերիկեան դեսպանատան բացման վայրին մէջ տեղի ունեցաւ մեծաթիւ պաղեստինցի գործիչներու, ինչպէս նաեւ Քնեսեթի արաբ երեսփոխաններու ցոյց մը, որուն ընթացքին իսրայէլեան բանակը բռնի ուժ գործադրեց: Իսկ Կազայի արեւելքը ամերիկեան դեսպանատան Թել Աւիւէն Երուսաղէմ փոխադրման դէմ բողոքի «մեծ վերադարձ»-ի երթի ընթացքին արձանագրուեցան տասնեակներով զոհեր եւ հազարաւոր վիրաւորներ:

Երուսաղէմի մէջ ցուցարարներ ամերիկեան վարչակազմին եւ արաբական վարչակարգերուն դէմ կարգախօսներ բացագանչեցին:

«Միացեալ Նահանգներ Կորսնցուցած Են Պաղեստինեւիսրայէլեան
Տագնապին Մէջ Միջնորդի Դերի Իրենց Իրաւունքը» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան քննադատած է Միացեալ Նահանգները` իրենց դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ տեղափոխելու քայլին համար: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Աքշամ» օրաթերթը:

Ըստ Էրտողանի, այդ քայլով Միացեալ Նահանգներ կ՛արհամարհեն պատմական իրողութիւնները, միջազգային իրաւունքի արժեչափերը, ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի` հարցին վերաբերեալ կայացուցած բոլոր որոշումներն ու միջազգային ընտանիքի կարծիքը:

«Միացեալ Նահանգներ այս քայլով կորսնցուցած են տագնապին մէջ միջնորդի դերի իրենց իրաւունքը: Անոնք դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելով` կը պատժեն պաղեստինեան կողմը, որ բազմիցս ապացուցած է, որ իր ուզածը խաղաղութիւնն է: Մարդկութիւնը պիտի չներէ պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ կատարուած այս անարդարութիւնները», յայտարարած է Էրտողան:

 

Նախորդը

Թրամփ Մաքրոնի Հետ Քննարկած Է Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Էրտողան. «Կը Սպասենք Այն Օրուան, Երբ Հայաստանի Կառավարութենէն Խելամիտ Որոշում Եւ Սթափ Դատողութիւն Պիտի Տեսնենք»

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի  Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները  Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»
Միջազգային

Փեսքով. «Ապու Տապիի Մէջ Նոյեմբերի Առաջին Կիսուն Տեղի Ունենալիք Բանակցութիւնները Եռակողմ Ձեւաչափով Պիտի Ըլլան»

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.