Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաշտօնանկութիւններ Եւ Նշանակումներ Հայաստանի Մէջ

May 11, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Արթուր Վանեցեան                                                     Վալերի Օսիպեան

10 մայիսին Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ ստորագրուեցան քանի մը հրամանագիրներ, որոնք կը վերաբերէին պետական տարբեր պաշտօններ վարող անձերու պաշտօնանկութեան եւ նորերու նշանակման:

Արդարեւ, իրենց պաշտօններէն ազատ կացուցուեցան Հայաստանի ոստիկանութեան պետ Վլատիմիր Գասպարեանն ու Հայաստանի ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գէորգի Կուտոյեանը: Անոնց փոխարէն Վալերի Օսիպեան նշանակուեցաւ ոստիկանութեան պետ, իսկ Արթուր Վանեցեան` Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն:

Հրաժարական ներկայացուցած է Հայաստանի ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Վարդան Արամեանը, ինչպէս նաեւ կառավարութեան առընթեր պետական գոյքի կառավարման վարչութեան պետ Արման Սահակեանը:

Էդուարդ Աղաջանեան նշանակուած է վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ոստիկանութեան նոր նշանակուած պետ Վալերի Օսիպեանին եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նոր նշանակուած տնօրէն Արթուր Վանեցեանին մասին խօսելով ըսած է, որ անոնցմէ կ՛ակնկալէ լրջագոյն արդիւնքներ:  «Այս որոշումը պէտք է խորհրդանշանակութիւն ունենայ, լաւ խորհրդանիշ է, որ փորձենք այդ փշալարերու մշակոյթը վերացնել  Հայաստանէն»:

«Մեր յեղափոխութիւնը նոր էջ կը բանայ: Յեղափոխութենէն առաջ ես ու Վալերի Օսիպեանը, դուք եւ Վալերի Օսիպեանը, մենք եւ ոստիկանութիւնը ֆիզիքապէս կը գտնուէինք փշալարերու տարբեր կողմերը, եւ ես մտածեցի, որ այս որոշումը պէտք է խորհրդանշական նշանակութիւն ունենայ: Պէտք է բոլորս այս որոշումէն ետք նոյն կողմը ըլլանք:  Յոյս ունիմ, որ Վ. Օսիպեան կ՛արդարացնէ Հայաստանի քաղաքացիներուն յոյսերը, որովհետեւ այսօր ոստիկանութենէն շատ բան կախեալ է, մասնաւորաբար իրաւակարգի, օրինականութեան, քաղաքացիի ինքնազգացողութեան առումով: Վալերի Օսիպեանի առջեւ շատ յստակ խնդիրներ կը դնեմ, որ Հայաստանի քաղաքացիները պէտք է զգան ինքնավստահ, պաշտպանուած, եւ որեւէ բան պէտք չէ սպառնայ անոնց»:

Ըստ վարչապետին, Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը պէտք է լուրջ քայլերու դիմէ` փտածութեան դէմ պայքարին մէջ: «Ի հարկէ, ասիկա կը վերաբերի նաեւ ոստիկանութեան, եւ մենք պէտք է փտածութիւնը ուղղակի արմատախիլ ընենք Հայաստանի Հանրապետութենէն ու այդ մէկը պէտք է ընենք շատ արագ, չափազանց արագ: Հայաստանի քաղաքացիները ամէն օր ատիկա պէտք է զգան: Այս գործառոյթներու իրականացման մակարդակէն կախեալ է ոստիկանութեան պետի եւ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան աշխատանքի գնահատականը: Մեզի պէտք են արդիւնքներ, ժողովուրդը պէտք է տեսնէ արդիւնքներ, եւ մենք այս պահէն սկսեալ եւ հետագային ալ պաշտօնեան գնահատելու ատեն պիտի նայինք անոր տուած արդիւնքներուն»:

Նախորդը

ՀՅԴ Խմբակցութենէն Արմէն Բաբայեան Եւս Հրաժարած Է. Սպարտակ Սէյրանեան Եւ Ռուզաննա Առաքելեան` ՀՅԴ Խմբակցութեան Նոր Անդամները

Յաջորդը

Արժանթինեան Ֆութպոլ. Պոքա Ժունիորզ` Ախոյեան

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.