Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութեան Նոր Նշանակուած Անդամներուն Հետ Խորհրդակցութեան Ընթացքին. Վարչապետ Փաշինեան. «Մենք Պէտք Է Հաւաքենք Մեր Բոլոր Ուժերը Եւ Անցնինք Աշխատանքի»

Մայիս 14, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն, որուն մասնակցեցան կառավարութեան նոր նշանակուած նախարարները: Վարչապետը շնորհաւորեց զանոնք կառավարութեան մաս կազմելու առիթով եւ նշեց. «Կը խնդրեմ ձեզմէ այսօր իսկ անցնիլ աշխատանքի, ծանօթանալ ընթացիկ վիճակին, որպէսզի ընդհանրապէս ժամանակ չկորսնցնենք, որովհետեւ կան կարեւոր խնդիրներ, որոնք անհրաժեշտ է ժամ առաջ լուծել: Մեր աշխատանքի տրամաբանութիւնը եւ փիլիսոփայութիւնը պէտք է ըլլայ հետեւեալը. մեր կոչումը եւ խնդիրն է Հայաստանի քաղաքացիներուն կեանքը աւելի յարմարաւէտ եւ բարեկեցիկ դարձնելը, անշուշտ, մեր կառավարութիւնը քաղաքական առումով ունի առաջնահերթութիւն` Հայաստանի Հանրապետութիւնը նախապատրաստել արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններու, բայց այս ընթացքին պէտք է յաջողինք լուրջ արդիւնքներ արձանագրել: Մեր կառավարութեան ոճը պէտք է ըլլայ մշտական երկխօսութիւնը հասարակութեան հետ: Հանրութիւնը պէտք է զգայ, որ ասիկա այն կառավարութիւնն է, որ ինքը ձեւաւորեց եւ որ նախ եւ առաջ հաշուետու է իր առջեւ եւ որ ո՛չ միայն կ՛առաջարկէ գաղափարներ, այլ նաեւ ունի բոլոր փաստարկները` զանոնք հիմնաւորելու եւ անոնց օգտակարութիւնը ընդգծելու համար», ընդգծեց Նիկոլ Փաշինեան:

Վարչապետը նշեց, որ յառաջիկային կառավարութիւնը պէտք է իրականացնէ անհրաժեշտ բարեփոխումներ տարբեր մարզերու մէջ եւ այդ առումով կարեւոր նկատեց հանրութեան աջակցութիւնը: Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, հանրային աջակցութիւնը այն հիմնական գործօնն է, որուն վրայ պէտք է յենի կառավարութեան գործունէութիւնը:

«Մեր կառավարութեան վրայ դրուած են լրջագոյն յոյսեր, եւ մեր կարեւորագոյն խնդիրն է` արդարացնել Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն յոյսերը: Ասիկա կ՛ենթադրէ նոր ոճ, նոր մօտեցում, նոր փիլիսոփայութիւն, նոր մշակոյթ: Էական չէ, թէ մինչեւ այսօր Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ի՛նչ նշանակած է ըլլալ նախարար կամ փոխվարչապետ, հիմա ատիկա պէտք է նշանակէ բոլորովին այլ բան, էական չէ թէ մինչեւ այս պահը ի՛նչ նշանակած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, ես յոյս ունիմ, որ ատիկա 8 մայիսէն ետք բոլորովին նոր բան կը նշանակէ», ըսած է վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան նոր նշանակուած նախարարներուն շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան կազմին մաս կազմելու առիթով եւ նշեց, որ այսպիսով ձեւաւորուած է համաձայնութեան կառավարութիւն: «Գիտենք, որ կառավարութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են տարբեր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ, բայց կառավարութիւնը պէտք է գործէ իբրեւ խումբ, հակառակ պարագային` մենք արդիւնաւէտ չենք կրնար ըլլալ, եւ ինքզինքս կը նկատեմ երաշխաւոր, որ կառավարութիւնը այդպէս ալ կը գործէ: Յոյս ունիմ, որ այստեղ ունինք լիարժէք եւ փոխադարձ ըմբռնում», ըսաւ վարչապետը:

Փաշինեան յառաջիկայի կարեւոր խնդիրներէն նկատեց կառավարութեան ծրագիրի մշակումն ու ներկայացումը Ազգային ժողովին: «Կը խնդրեմ, որ իւրաքանչիւր նախարար իր ստանձնած ոլորտին ուղղութեամբ ժամ առաջ սկսի կառավարութեան ծրագիրի մշակման աշխատանքներուն: Անշուշտ, այդ ծրագիրը պէտք է ըլլայ լաւատեսական, արտայայտէ այն բոլոր յոյսերը, որոնք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները կը կապեն կառավարութեան գործունէութեան հետ: Մենք պէտք է հաւաքենք մեր բոլոր ուժերը եւ անցնինք աշխատանքի», շեշտած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

Խորհրդակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուած է կառավարութեան հետագայ գործունէութեան, միջնաժամկէտ ծախսային ծրագիրին, փտածութեան դէմ պայքարին առնչուող այլ հարցերու:

 

Նախորդը

Հայաստանի Կառավարութեան Կազմը Ամբողջացաւ. Դաշնակցութիւնը Ներկայացուեցաւ Երկու Նախարարով` Արծուիկ Մինասեան Եւ Արթուր Խաչատրեան

Յաջորդը

Այսօր` Փութին – Փաշինեան Հանդիպում

RelatedPosts

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ  Ընտրութիւնները Կայացան`  Սահմանափակ Խնդիրներով
Գլխաւոր լուրեր

Հիւսիսային Լիբանանի Եւ Աքքարի Մէջ Ընտրութիւնները Կայացան` Սահմանափակ Խնդիրներով

Մայիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց  Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Լեւոն ԺԴ. Նորընտիր Պապը

Մայիս 12, 2025
Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին  Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները`  Առանց Որեւէ Նախապայմանի»
Գլխաւոր լուրեր

Փութին. «Քիեւին Կ՛առաջարկենք 15 Մայիսին Պոլսոյ Մէջ Վերսկսիլ Ուղիղ Բանակցութիւնները` Առանց Որեւէ Նախապայմանի»

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?