Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Եւ Ցիփրաս Շնորհաւորեցին Վարչապետ Փաշինեանը

May 17, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորական ուղերձ յղեց Նիկոլ Փաշինեանին` Հայաստանի վարչապետ ընտրուելուն առիթով:

Ուղերձին մէջ կը նշուի. «Կը շնորհաւորեմ ձեր ընտրութեան առիթով: Կ՛ակնկալեմ աշխատիլ ձեզի հետ մեր երկիրներուն համար միացեալ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ մարզերու մէջ, ներառեալ` ամրացնել առեւտրական կապերը, ժողովրդավարական հիմնարկները եւ շրջանային ապահովութիւնը: Փտածութեան դէմ պայքարին մէջ, քաղաքական կուսակցութիւնները համախմբելու գործին մէջ յառաջընթացը, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծումը կ՛օգնեն այս ջանքերուն ու կ՛ապահովեն Հայաստանի պայծառ ապագան: Լաւագոյն մաղթանքներս ձեզի եւ Հայաստանի ժողովուրդին»:

Իր կարգին, Յունաստանի վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս շնորհաւորական ուղերձ յղեց Նիկոլ Փաշինեանին` վարչապետ ընտրուելուն առիթով, անոր մաղթելով ամենայն յաջողութիւն իր պարտականութիւններու իրականացման գործին մէջ:

«Յունաստան եւ Հայաստան ունին ամուր պատմական, կրօնական եւ մշակութային կապեր, եւ մեր երկկողմանի յարաբերութիւնները հիմնուած են փոխադարձ բարեկամութեան, վստահութեան եւ յարգանքի վրայ: Դարերու ընթացքին դժուարին պահերուն այս կապերը ամրացած եւ սերտացած են, ին չոր մեր ժողովուրդները դարձուցած է միաւորող անսասան հենք: Վստահ եմ, որ ձեր պաշտօնավարման ընթացքին մեր երկկողմանի ռազմավարական յարաբերութիւնները աւելի կ՛ընդլայնին եւ կը խորանան, եւ ես մեր պատրաստակամութիւնը կը յայտնեմ յառաջ մղելու մեր բազմաոլորտ համագործակցութիւնը, ներառեալ` տնտեսական, առեւտրական, մշակութային եւ կրթական ոլորտներուն մէջ», նշուած է Յունաստանի վարչապետի շնորհաւորական ուղերձին մէջ:

Նախորդը

Արծուիկ Մինասեան. «Պիտի Ներկայացնենք Տնտեսական Համակարգի Ծրագիրը, Յեղափոխական Մօտեցումներ Պիտի Ըլլան»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի  Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ  Յաղթանակներ Արձանագրեցին
Հայկական

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Աջակցութիւնը Վայելող Թեկնածուները Համոզիչ Յաղթանակներ Արձանագրեցին

November 6, 2026
Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն  Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը
Գլխաւոր լուրեր

Ընդդիմադիր Ուժերը Կը Յայտարարեն Համազգային Համախմբման Ձեւաւորումը

November 6, 2026
Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.