Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի 90-Ամեակին Առիթով Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը 14-20-րդ Դարերու Արժէքաւոր Ձեռագիրներ Յանձնեց Մատենադարանին

Մայիս 18, 2018
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

17 մայիսին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանի նիստերու դահլիճին մէջ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, իր 90-ամեակի յոբելենական նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ, Մատենադարանին նուիրեց 14-20-րդ դարերու 27 արժէքաւոր ձեռագիրներ (Ծիսական գիրքեր, Ժողովածուներ, Յայսմաւուրք, Սաղմոսարան, Գանձարան, Աւետարան եւ այլն):

Այս ձեռագիրներու կազմութեան, գիրքերու ցանկագրման եւ անհրաժեշտ տեղեկութիւններով օժտման աշխատանքը կատարած է պատմաբան Երուանդ Փամպուքեան:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեան, որ անդրադարձաւ նման քայլի մը կարեւորութեան` արժէքաւոր ձեռագիրները մատենադարանին պահպանման յանձնելու առումով` նշելով, որ մատենադարանը վերջին 15 տարուան ընթացքին նման արժէքաւոր ձեռագիրներու այս տարողութեամբ նուիրատուութիւն չէր ստացած: Վահան Տէր Ղեւոնդեան այս արժէքներու հայրենադարձութիւնը նշանակալի իրադարձութիւն նկատեց` շնորհակալութիւն յայտնելով Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան այս գնահատելի նախաձեռնութեան համար:

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անունով խօսք առաւ վարչութեան անդամ Վիգէն Թիւֆէնքճեան, որ ըսաւ, թէ դարեր շարունակ զիրենք ստեղծողներուն նման տարագիր կեանք ապրելէ ետք արդէն իսկ իրենց վերջնական կայքին կը հասնին Համազգայինի գուրգուրանքին տակ պահուած հայ մտքի ու արուեստի 27 արժէքաւոր նմուշներ, որոնք ունին վեց հարիւր տարուան կենսագրութիւն, կու գան հայ մտքի ու հաւատքի տարաբնոյթ ակունքներէն եւ կը կազմեն մեր ազգային ժառանգութեան կարեւոր ժողովածուներէն մէկը:

Ապա ան անդրադարձաւ Համազգայինի էութեան` հաստատելով, որ միութիւնը հովանաւորող ու կենսաւորող միութիւն մը չէ, այլ ունի առաքելութիւն ազգային արժէքներն ու մշակոյթի արտայայտութիւնները պահպանելու եւ զանոնք նորահաս սերունդներուն փոխանցելու: «Միաժամանակ, Համազգայինը կը ձգտի այդ նոյն ազգային արժէքներէն իսկ բխող ոգիին արտայայտութեան նորարար եղանակներ տալ, կը բանայ ստեղծագործական նոր հարթակներ եւ կը հաւատայ, որ այդ ուղիներով կ՛ապահովուի դարերէն եկող մեր ազգային գանձերու վերապրումը», ըսաւ ան:

Վիգէն Թիւֆէնքճեան ապա խօսեցաւ մատենադարանին մասին` իբրեւ ցուցանմուշներու ամփոփման եւ ներկայացման կարեւոր վայր: «Մատենադարանը մեր մտաւորական արգասիքին լաւագոյն արտայայտութիւնները կը մէկտեղէ, բայց նաեւ կը հանդիսանայ այն վայրը, ուր հայութեան ազգային գանձարանը ո՛չ միայն կը պահպանուի, այլ նաեւ կ՛արժանանայ ուսումնասիրական հետազօտման, որոնելու համար հայութեան հաւաքական անցեալէն մեր ժառանգած իմաստութեան եւ փիլիսոփայութեան եզրերը»:

Իր խօսքին վերջին բաժինով Վիգէն Թիւֆէնքճեան լուսարձակի տակ առաւ մերօրեայ կեանքին մէջ արհեստագիտութեան նորութիւններու եւ հաղորդակցութեան եղանակներու սրընթաց աճը` դիտել տալով, որ այս բոլորը կը մղեն մեզ անդրադառնալու մատենադարանին յանձնուող այս 27 ձեռագիրները ստեղծողներուն անխախտ նուիրումին եւ համոզումին` արտադրելու գործեր, որոնց շնորհիւ անոնք ապահովեցին հայ ինքնութեան բաղադրիչ տարրերուն վերապրումը սերունդէ-սերունդ եւ դարէ-դար: «Նիւթապաշտ մեր ներկային մէջ, ուր անցողիկ տեսանելիութիւնը դարձած է յաջողութեան արժեչափ, այս ձեռագիրներուն հեղինակները խթանող համոզումները եւ հաւատքը առաւել եւս ընդգծելի երեւոյթներու կը վերածուին, եթէ մենք կ՛ուզենք անցեալը կամրջել մեր ներկային, մեր պատմութիւնը մեզի ընելու հանապազօրեայ ընկերակից, անոնցմով առաջնորդուելու եւ կերտելու համար մեր ազգային ինքնութեան յարատեւումն ու տոկուն ապագան», եզրափակեց ան:

Ձեռագիրներու հաւաքածոյին մասին ձեռնարկին մասնակիցներուն ընդհանուր եւ ամփոփ տեղեկութիւններ տուաւ Մատենադարանի գլխաւոր աւանդապահ, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Գէորգ Տէր Վարդանեան:

Մատենադարանի տնօրէն Վահան Տէր Ղեւոնդեան Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան յանձնեց շնորհակալագիր եւ Կիլիկիոյ մէջ 1173 թուականին գրուած Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» ձեռագիրին արծաթակազմ շքեղ նմանահանութիւնը:

 

 

Նախորդը

Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Դատի Յանձնախումբի Հանդիպում` Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

«Նոր Զարթօնք» Միութիւնը Կոչ Ուղղած Է Նախագահական Ընտրութիւններուն Ժամանակ Քուէարկելու Տեմիրթաշին

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?