Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Նախարարները Ծանօթ Են Ոլորտի Խնդիրներուն

Մայիս 18, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին դաշնակցական նախարարները նշեցին, որ արդէն ծանօթացած են ոլորտի խնդիրներուն:

Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարար Արծուիկ Մինասեան յայտնեց, որ այդ մարզին մէջ մեծ թիւով փոփոխութիւններ կատարուած են` աւելցնելով, որ յառաջիկային աւելի համալրուած ծրագիրով պիտի ներկայանայ:

Ա. Մինասեան յայտնեց, որ յառաջիկային պիտի ամփոփուին տնտեսական ցուցանիշները` նկատել տալով, որ ամէն պարագայի սպառնալիք պարունակող ցուցանիշներ չկան, մանաւանդ որ մեծ թիւով ներդրումներ կատարելու ցանկութիւն ունեցող մարդիկ կան:

Գիւղատնտեսութեան նախարար Արթուր Խաչատրեան յայտնեց, որ ինք արդէն տեղեակ է այդ մարզը յուզող հարցերուն` աւելցնելով, որ անոնք հիմնականին մէջ կապուած են մթերումի, կարկտահարութեան վնասներու կանխարգիլման եւ կաթի մթերման սակերուն հետ:

Ա. Խաչատրեան հաստատեց, որ վնասներուն կանխարգիլումը շատ աւելի կարեւոր է, քան` վնասներու փոխհատուցումը:

Ինչ կը վերաբերի գիւղատնտեսական վարկերու տուգանքներուն համաներման, նախարարը նշեց. «Մենք վստահաբար շահագրգռուած ենք, որ մարդիկ այդ պարտքերէն ձերբազատին եւ նոր վարկեր ստանան, որ իր կարգին կը նպաստէ այդ մարզին զարգացումին»:

Ա. Խաչատրեան ըսաւ, թէ գիւղատնտեսութեան մարզի գիտակները պէտք է լրջօրէն ուսումնասիրեն մարզը, որպէսզի փրկուին խորհրդային գիւղատնտեսութեան հետքերէն, երբ որեւէ գիւղամթերք կ՛արտադրուէր ըստ ծրագիրի: «Անոր փոխարէն, պէտք է լուրջ ուսումնասիրութիւններ կատարուին` հասկնալու համար, որ մարզերուն մէջ ի՛նչ գիւղամթերք պէտք է արտադրուի», ընդգծեց Խաչատրեան:

Մարդուժի փոփոխութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` գիւղատնտեսութեան նախարարը դիտել տուաւ, որ անոնք չեն կրնար ինքնանպատակ ըլլալ, «եւ իր դիմաց զետեղուած խնդիրները լուծող մարդուժը կը մնայ ու զայն փոխելու կարիք չկայ», եզրափակեց Խաչատրեան:

Նախորդը

Կառավարութիւնը Կը Ցանկայ Գիւղացիները Զերծ Պահել Գիւղացիական Վարկերու Տուգանքներէն

Յաջորդը

Արսէն Համբարձումեան. «Ընտրութիւններու Նախապատրաստութեան Համար Ժամանակ Պէտք Է»

RelatedPosts

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն  Մարմինի Յայտարարութիւն
Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի Յայտարարութիւն

Սեպտեմբեր 23, 2023
Արցախի Հարցով ՄԱԿ-ի  Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ
Գլխաւոր լուրեր

Արցախի Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ

Սեպտեմբեր 23, 2023
Եւլախի Մէջ Արցախի Եւ Ազրպէյճանի  Ներկայացուցիչներու Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Եւլախի Մէջ Արցախի Եւ Ազրպէյճանի Ներկայացուցիչներու Հանդիպում

Սեպտեմբեր 23, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In