Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Փաշինեան Ներկայացուց Փոխվարչապետները. «Գործադիրը Պէտք Չէ Երթայ Ամբոխահաճութեան Ճանապարհով»

Մայիս 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ կառավարութեան աշխատակազմին ներկայացուց առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեանը, փոխվարչապետներ Տիգրան Աւինեանը եւ Մհեր Գրիգորեանը:

Կառավարութեան ղեկավարը շնորհաւորեց փոխվարչապետները կառավարութեան կազմին մէջ ներառուելու առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւն: «Մենք կարեւոր աշխատանք ունինք ընելիք եւ պէտք է արդարացնենք Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիներուն ու հայ ժողովուրդին յոյսերը, որովհետեւ պէտք չէ մոռնանք, որ այստեղ ենք ժողովուրդին որոշումով եւ այստեղէն պէտք է հեռանանք կրկին անոր որոշումով: Ասոնք են մեր գործունէութեան մեկնարկին եւ աւարտին մասին պատկերացումները եւ այս միջակայքին մէջ պէտք է ծառայենք Հայաստանի քաղաքացիներուն ու հայ ժողովուրդին:

Կառավարութեան գործունէութիւնը պիտի ըլլայ հետեւեալ տրամաբանութեամբ. պէտք է արդիւնաւէտ քայլեր իրականացնենք եւ եթէ որեւէ քայլի ճշմարտացիութեան հարցին մէջ համոզուած ենք, հաշուի առնելով առկայ փաստարկները, ապա պէտք է անոնք կիսենք հանրութեան հետ եւ անոր յաջողինք համոզել նոյն ձեւով, ինչպէս որ մենք մեզի համոզած ենք», ըսաւ Նիկոլ Փաշինեան` աւելցնելով, որ ատիկա պէտք է ըլլայ կառավարութեան գործելակերպը, ինչ որ կը բխի ժողովրդավարութեան կանոններէն: Ըստ վարչապետին, Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացին պէտք է զգայ, որ ինքն է որոշումներու կայացման ամէնէն կարեւոր աղբիւրը: Միաժամանակ, Նիկոլ Փաշինեան շեշտեց, որ գործադիրը պէտք չէ երթայ ամբոխահաճութեան ճանապարհով, իսկ բոլոր գործողութիւնները իրականացնելու ընթացքին պէտք է ունենայ քաղաքացիներուն լիազօրագիրը: «Անոնք պէտք է համոզուած ըլլան, որ մենք կ՛առնենք աւելի արդիւնաւէտ քայլեր: Այս գործընթացի կազմակերպման ամէնէն կարեւոր դերակատարները փոխվարչապետներն են, եւ ես յաջողութիւն կը մաղթեմ ձեր գործունէութեան մէջ: Պէտք է առաւելագոյնը ընենք, որպէսզի Հայաստանի եւ սփիւռքի լաւագոյն ներուժը համախմբենք մեր կառավարութեան շուրջ: Գնահատման չափանիշը պէտք է ըլլայ արհեստավարժութիւնը եւ նուիրուածութիւնը աշխատանքին: Կը կարծեմ, որ կ՛առաջնորդուինք հետեւալ սկզբունքով. անոնք, որոնք կը համապատասխանեն այդ չափանիշներուն, կը շարունակեն աշխատիլ: Ոեւէ անձ, որ ցոյց կու տայ իր աշխատանքի արդիւնաւէտութիւնը եւ կը ցանկայ աշխատիլ, ի հարկէ, շնորհակալ պիտի ըլլանք, որպէսզի շարունակէ իր ծառայութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ժողովուրդին», նշեց Նիկոլ Փաշինեան` շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ նախկին փոխվարչապետներուն կատարած աշխատանքին համար:

Առաջին փոխվարչապետ Արարատ Միրզոյեան շնորհակալութիւն յայտնեց կառավարութեան ղեկավարին վստահութեան համար եւ ընդգծեց, որ կը կիսէ վարչապետին ներկայացուցած մօտեցումները, սկզբունքները` կապուած իշխանութեան աղբիւրին` քաղաքացիներուն, անընդհատ անոնց հաշուետու ըլլալու հետ: «Կը կարծեմ, որ առաջադրանքը բաւական յստակ է, եւ ներկաներն ու հանրութիւնը յստակ կը գիտակցին, որ կ՛ապրինք նոր Հայաստանի մէջ, որ քաշուած է յստակօրէն գիծ: Բոլորս գիտենք ինչ բանէ պէտք է ազատիլ, եւ մենք շատ հաստատուն ու վճռական քայլերով կ՛երթանք այդ ուղղութեամբ», նշեց Արարատ Միրզոյեան: Առաջին փոխվարչապետը յոյս յայտնեց, որ պետական խաւի բոլոր ներկայացուցիչները, ներառեալ` կառավարութեան աշխատակազմը, յստակօրէն կը գիտակցին իրենց առջեւ դրուած խնդիրը:

Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան համոզում յայտնեց, որ նոր կառավարութեան հիմնական գործունէութեան արդիւնքները պիտի ըլլան իրական փոփոխութիւնները, որոնք սպասուած են: «Կը կարծեմ, որ այն փոփոխութիւնները, որոնք պիտի իրականացնէ այս կառավարութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան համար պիտի ըլլայ աննախադէպ: Կ՛ակնկալեմ, որ կարճ ժամանակահատուածի մէջ կառավարման համակարգին մէջ պիտի ունենանք տրամաբանութեան լրջագոյն փոփոխութիւն», ըսաւ Տիգրան Աւինեան` վստահութիւն յայտնելով, որ կառավարութիւնը պիտի արձանագրէ լուրջ արդիւնքներ:

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան կարեւոր նկատած է միասնական աշխատանքն ու կարեւորագոյն ծրագիրներու իրականացումը` ի նպաստ ժողովուրդի բարեկեցութեան մակարդակի բարձրացման:

 

Նախորդը

Վահրամ Բալայեան. «Հայաստանի Ու Արցախի Համար Նոր Հեռանկարներ Կը Բացուին»

Յաջորդը

Արցախի Մէջ. Բակօ Սահակեան Ու Մովսէս Յակոբեան Քննարկեցին Բանակաշինութեան Վերաբերող Հարցեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի  Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ  Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Վերջ Տուէք Հայաստանի Կեանքէն Ներս Ստեղծուած Վատառողջ Մթնոլորտին, Ամօ՛թ Է»

Յուլիս 9, 2025
Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ  Անձեռնմխելիութենէ.  Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ  Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Արթուր Սարգսեան Զրկուեցաւ Անձեռնմխելիութենէ. Օհանեանի Եւ Մինասեանի Նկատմամբ Մեղադրանք Առաջադրուեցաւ

Յուլիս 9, 2025
Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը  Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ  Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին  Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ
Գլխաւոր լուրեր

Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը Խոր Մտահոգութիւն Յայտնեց Հայաստանի Մէջ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Առնչուած Վերջին Իրադարձութիւններուն Վերաբերեալ

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?