Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսէն Համբարձումեան. «Ընտրութիւններու Նախապատրաստութեան Համար Ժամանակ Պէտք Է»

May 18, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պնդումներուն, որ արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւնները պէտք է տեղի ունենան այս տարուան ընթացքին, քաղաքական շրջանակները կը պնդեն, որ ատիկա անկարելի է: Հարցը այն է, որ Վենետիկի յանձնախումբի որդեգրած սկզբունքներուն համաձայն, սահմանադրութեան կամ սահմանադրական օրէնքին մէջ ընտրակարգի փոփոխութենէն առնուազն տարի մը ետք կարելի է միայն ընտրութիւնները կատարել: Իսկ առայժմ նոյնիսկ փոփոխութիւններու ժամկէտները յայտնի չեն:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան խօսելով արտակարգ ընտրութիւններու իրենց պատկերացումներուն մասին, կրկին յիշեցուցած է այդ պահանջին մասին` աւելցնելով, որ ընտրութիւններու երկրորդ նախապայմանը պէտք է հանդիսանայ քաղաքական ուժերու համաձայնութիւնը, որովհետեւ, ըստ Համբարձումեանի, պէտք է բոլոր քաղաքական ուժերը, որոնք ցանկութիւն ունին մասնակցելու ընտրութիւններուն, նախապատրաստուելու ժամանակ ունենան:

«Արտակարգ ընտրութիւնները պէտք է կայանան ողջմիտ ժամկէտներուն մէջ, անկախ քաղաքական հաշուարկներէն, ցանկութիւններէն եւ մօտեցումներէն, Հայաստանի մէջ մէկ անգամ պէտք է ունենանք ազատ, անկախ ընտրութիւններ, որոնք պիտի ըլլան նախադէպ յաջորդ ընտրութիւններուն համար, իսկ անոր համար ընտրութիւններուն պէտք է մասնակցիլ լաւ նախապատրաստուած, ինչ որ կ՛ենթադրէ, որ Ընտրական օրէնսգիրքին եւ յարակից ծրարներուն մէջ պէտք է կատարուին փոփոխութիւններ, թեքնիք բազմաթիւ խնդիրներու լուծում` մատնահետքերու վերաբերեալ, ելեկտրոնային քուէարկութեան վերաբերեալ, ընտրացուցակներու եւ այլն, իսկ այս ամէնը կ՛ենթադրէ ժամանակ եւ նիւթական միջոցներ»:

 

 

Նախորդը

Դաշնակցական Նախարարները Ծանօթ Են Ոլորտի Խնդիրներուն

Յաջորդը

Ֆրանչիսկոս Պապն Ու Էրտողան Քննարկած Են Երուսաղէմի Հարցն Ու Կազայի Դէպքերը

RelatedPosts

Ակնարկ.  Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Մրցակից-Գործակից Միջնորդներ

October 29, 2026
Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը  Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Արդիւնքը Այսօր Երեկոյեան Կը Սպասուի

October 29, 2026
Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Ժողովը Վաւերացուց ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրը. Ընդդիմադիր Խմբակցութիւնները Դէմ Քուէարկեցին

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.