Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար զօր. Մովսէս Յակոբեանը:
Ըստ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնական կայքին, հանդիպման, որուն մասնակցած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան, քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցեր: