Գլխաւոր լուրեր

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւն

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի Յայտարարութիւն

Վերահաստատելով 2016 թուականի փետրուարի 24-ին կնքուած քաղաքական համագործակցութեան մասին համաձայնագրով եւ 2017 թուականի մայիսի 11-ին քաղաքական քոալիսիոն կազմաւորելու մասին յուշագրով ամրագրուած ռազմավարական նպատակներին եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններին իր հաւատարմութիւնը` - Նկատի ունենալով, որ 2017 թուականի ապրիլի 2-ին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւնների արդիւնքներով եւ քաղաքական քոալիսիոնի յուշագրով ՀՀկ-ին է վերապահուած վարչապետի թեկնածու առաջադրելու իրաւունքը, - Հաշուի առնելով ՀՀԿ Խորհրդի որոշումը վարչապետի թեկնածու առաջադրելու...

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում` Ֆանարի Մէջ.  «Լիբանանի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Ըրած Է Ամէն Ի՛նչ, Որպէսզի Հայութիւնը Ամուր Մնայ Եւ Հայը Հայ Մնայ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում` Ֆանարի Մէջ. «Լիբանանի Մէջ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը Ըրած Է Ամէն Ի՛նչ, Որպէսզի Հայութիւնը Ամուր Մնայ Եւ Հայը Հայ Մնայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Էտկար Ակնունի» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ շաբաթ, 14 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 7:20-ին, Ֆանարի ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին առաջադրած չորս թեկնածուներուն հետ: Ներկայ էին ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներ` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, Սերժ Չուխատարեան եւ Ալեքսանտր Մաթոսեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան...

Համազգայինի «Ռաֆֆի Եւ Անելկա Արսլանեան» Մանկամսուրի` Լիբանանահայ  Իրականութեան Մէջ Աննախընթաց Կառոյցի Հանդիսաւոր Բացում

Համազգայինի «Ռաֆֆի Եւ Անելկա Արսլանեան» Մանկամսուրի` Լիբանանահայ Իրականութեան Մէջ Աննախընթաց Կառոյցի Հանդիսաւոր Բացում

Շաբաթ, 14 ապրիլը յատկանշական օր մըն էր համայն լիբանանահայութեան, յատկապէս` Համազգայինի մեծ ընտանիքին համար: Արդարեւ, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնն ու Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը բացումը կատարեցին «Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրին, որ իր ընդարձակ տարածքով, մանկամսուրի անհրաժեշտ պայմաններով, մասնագիտացած անձնակազմով աննախընթաց է լիբանանահայ իրականութեան մէջ, եւ որուն առաջին վերամուտը պիտի կատարուի 1 սեպտեմբեր 2018-ին: «Դեռ շատ փոքրիկ ծիլ մըն եմ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Հզօրանայ Չորս Եպիսկոպոսներու Ձեռնադրութեամբ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Հզօրանայ Չորս Եպիսկոպոսներու Ձեռնադրութեամբ

Շաբաթ, 14 եւ կիրակի, 15 ապրիլ 2018-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան չորս միաբան հայրեր` Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեան (առաջնորդ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմին), Սիփան ծ.վրդ. Քէչէճեան (Առաջնորդ Սպահանի հայոց թեմին), Մեսրոպ ծ. վրդ. Սարգիսեան (Կաթողիկոսական փոխանորդ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմին) եւ Թորգոմ ծ. վրդ. Տօնոյեան (Առաջնորդական փոխանորդ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան թեմին), արժանացան եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան...

Երկրորդ Տարին Ըլլալով .  «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Փոքրիկ Լրագրողներու Աշխատանոց»-ը Մեծ Խանդավառութիւն Ստեղծեց

Երկրորդ Տարին Ըլլալով . «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի «Փոքրիկ Լրագրողներու Աշխատանոց»-ը Մեծ Խանդավառութիւն Ստեղծեց

15 ապրիլ 2018-ին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի մանկապատանեկան յաւելուած «Պզտիկ-Մզտիկ»-ի խմբագրական կազմին կազմակերպած «Փոքրիկ լրագրողներու աշխատանոց»-ը: Երկրորդ տարին է, որ տեղի կ՛ունենար այս աշխատանոցը: 12 հայկական վարժարաններէ` Հայ աւետարանական քոլեճէն, Հայ աւետարանական երկրորդական բարձրագոյն վարժարանէն, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանէն, Հայ աւետարանական Փ. եւ Է. Թորոսեան վարժարանէն, Ազգային Միացեալ վարժարանէն, Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան վարժարանէն, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն,...

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (21).  Արտակ Սարգսեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Հայաստանի Մէջ Գործող Լրատուական Դաշտը

Լրագրութեան Վարժողական Ծրագիր (21). Արտակ Սարգսեան «Ապագայ Լրագրողներ»-ուն Ներկայացուց Հայաստանի Մէջ Գործող Լրատուական Դաշտը

Ուրբաթ, 13 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 5:30-ին, «Ազդակ»-ի կազմակերպած Լրագրութեան վարժողական ծրագիրի շրջագիծին մէջ, խմբագրատուն այցելեց ՀՅԴ Բիւրոյի հանրային կապերու գրասենեակի նախագահ Արտակ Սարգսեան: Ա. Սարգսեան «Ապագայ լրագրողներ»-ուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ գործող լրատուական դաշտը` սկսելով պատկերասփիւռի կայաններէն: Ան նշեց, որ պատկերասփիւռի կայանները Հայաստանի լրատուական դաշտին մէջ գերակայ աղբիւր են, որովհետեւ կը ներկայանան իբրեւ ժողովուրդին 70 առ հարիւրէն աւելիին լրատու աղբիւրը:...

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան  Ղեկավար Ժըպրան Պասիլը

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէն Ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք Կուսակցութեան Ղեկավար Ժըպրան Պասիլը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Աշգարեան երէկ «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեցին Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլը, ընկերակցութեամբ` կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Նիքոլա Սահնաուիի, նախկին նախարար Էլիաս Ապու Սաապի եւ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաանի եւ երեսփոխանական ընտրութիւններու թեկնածու Էտի Մաալուֆի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ ՀՅԴ...

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում Զալքայի Մէջ

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում Զալքայի Մէջ

«Հայ Քաղաքացիները Մեզի Համար Արժէք Են Եւ Ոչ Թէ Պարզապէս Անուն Մականուն, Սըժըլի Թիւ Եւ Քուէատուփ: Այն Օրը, Երբ Մենք Ձեզի Մօտենանք Իբրեւ Քուէատուփին Մէջ Քուէ Նետող Մարդերու` Մեր Երեսին Թքեցէք» Շեշտեց Յ. Բագրատունի ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան ժամը 8:25-ին, Զալքայի ակումբի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում` ՀՅԴ Կեդրոնական...

Հայ Դատը Կոչ Կ՛ուղղէ` Զօրակցելու Թրամփի  Ուղղուած` Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նամակին

Հայ Դատը Կոչ Կ՛ուղղէ` Զօրակցելու Թրամփի Ուղղուած` Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու Նամակին

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին հետ համագործակցաբար, Քոնկրեսի Հայկական համախմբումը ապրիլ 11-ին կոչ ուղղեց Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի եւ Ներկայացուցիչներու տան անդամներուն` ստորագրելու իր հեղինակած այն նամակը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփէն կը պահանջէ վերջ տալ Հայոց ցեղասպանութիւնը ուրանալու նպատակով Թուրքիոյ կողմէ Ուաշինկթընին պարտադրուած լռութեան, եւ անկեղծօրէն, յստակօրէն ու ճշգրտութեամբ ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը: «Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ամէն...

Ժընեւի Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի`  «Յիշողութեան Լապտերներ»-ու Բացման Հանդիսութիւն

Ժընեւի Մէջ Ցեղասպանութեան Յուշակոթողի` «Յիշողութեան Լապտերներ»-ու Բացման Հանդիսութիւն

ՄԱԹԻԿ  ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ Հայ ժողովուրդի անժամանցելի դատը` Ցեղասպանութեան Ճանաչումը, յիսնամեակէ մը ի վեր միջազգային քաղաքական բեմահարթակի վրայ է: Պետութիւններու կողմէ ճանաչման մակարդակէն, յուշակոթողներու եւ խաչքարերու զետեղումէն, պողոտաներու եւ փողոցներու անուանումէն, հասնելով մինչեւ գիրքերու ու օտարալեզու հրատարակութիւններու, դրոշմաթուղթերու եւ մետալներու հրապարակման: Զուիցերիահայ գաղութի հիմնական կորիզը կազմուած է Եղեռնէն ճողոպրած շուրջ երկու հարիւր որբերէ, որոնք  աւետարանական մարդասէր պատուելիի մը` Անթոնի Քրաֆթ-Պոննարի խնամքին արժանացած...

Ակնարկ.  Եթէ Հարկը Զգացուի` Ամէն Գնով

Ակնարկ. Եթէ Հարկը Զգացուի` Ամէն Գնով

Համաշխարհային լրատուամիջոցներու հետեւողներ կրնան կազմել այն արագ տպաւորութիւնը, որ համաշխարհային պատերազմի նախաշեմին կը գտնուի երկրագունդը: Սպառնալիքները  եւ որոշ առումներով Սուրիոյ ուղղութեամբ զինուժի նախապատրաստական տեղաշարժները այդ տպաւորութիւնը կը ստեղծեն: Միաժամանակ սակայն արդէն դիտուածի (տէժա վիւ) տեսութիւնը կը շրջագայի հետեւողներու մտապատկերին մէջ, պարզ այն տրամաբանութեամբ, որ նման փոխսպառնական հռետորութիւն, նոյնիսկ անոնց հետեւած հարուածներ մնացած են սահմանափակ, առանց տեղի տալու համընդգրկուն բռնկումներու: Առանց...

«Ո՞վ Կը Հաւատայ, Որ Մէկ Գիշերուան Մէջ  Մէկը Կրնայ Քսան, Երեսուն Տարուան Կուսակցական  Իր Գաղափարներն Ու Գործունէութիւնը Մոռնալ  Եւ Քաղաքացիական Ընկերութեան Մաս Կազմել»  Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

«Ո՞վ Կը Հաւատայ, Որ Մէկ Գիշերուան Մէջ Մէկը Կրնայ Քսան, Երեսուն Տարուան Կուսակցական Իր Գաղափարներն Ու Գործունէութիւնը Մոռնալ Եւ Քաղաքացիական Ընկերութեան Մաս Կազմել» Ընդգծեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ գիշեր դարձաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի «Թոք աֆ տը թաուն - Հատիս էլ Պալատ» յայտագիրին հիւրը: Ընկերային բնոյթ ունեցող այս յայտագիրին ընթացքին կատարած իր յայտարարութիւններուն մէջ երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ ինք երրորդ անգամն է, որ կը հիւրընկալուի այդ յայտագիրին կողմէ: Ապա հարցումի մը պատասխանելով, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ 2018-ի երեսփոխանական...

Քոնկրեսականները Թրամփը Յորդորած Են  Ապրիլի 24-ը Սահմանել Իբրեւ  Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

Քոնկրեսականները Թրամփը Յորդորած Են Ապրիլի 24-ը Սահմանել Իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակի Օր

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի ղեկավարութիւնը Ներկայացուցիչներու տան գործընկերներուն կոչ ուղղած է` միանալու իրենց եւ ճնշում բանեցնելու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վրայ, որպէսզի վերջինս մերժէ թրքական կողմի ճնշումներն ու այս ապրիլի 24-ին յաւուր պատշաճի յիշատակէ Հայոց ցեղասպանութիւնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին տեղեկացուցած է Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը: Նախագահ Թրամփին ուղղուած նամակին մէջ Քոնկրեսի հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահներ Ֆրենք...

Պատգամաւորական Հանդիպումներ  Մարտունի Քաղաքին Մէջ

Պատգամաւորական Հանդիպումներ Մարտունի Քաղաքին Մէջ

11 ապրիլին Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւորներ Դաւիթ Իշխանեան եւ Վահրամ Բալայեան հանդիպումներ ունեցած են  Մարտունի քաղաքին մէջ եւ պատգամաւորական հաշուետուութեամբ հանդէս եկած են Մարտունիի շրջանային հիւանդանոցին ու շրջանային կեդրոնի դպրոցներու ուսուցչական անձնակազմերուն համար: Հանդիպումներուն սկիզբը պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեան նախ շնորհաւորած է ներկաները` Արցախեան շարժումի 30-ամեակին եւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 100-ամեակին առիթով` շեշտելով, որ անցեալը արժեւորելով, կը ճշգրտուին...

Վիգէն Սարգսեան. «Կառավարութիւնը  Կը Կատարէ «Ազգ-Բանակ» Հայեցակարգը Կեանքի  Կոչելու Չորրորդ Կարեւոր Քայլը»

Վիգէն Սարգսեան. «Կառավարութիւնը Կը Կատարէ «Ազգ-Բանակ» Հայեցակարգը Կեանքի Կոչելու Չորրորդ Կարեւոր Քայլը»

Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը ընդունած է շարք մը  որոշումներ, որոնք ուղղուած են «Ազգ-բանակ» հայեցակարգի իրականացման: Պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վիգէն Սարգսեան նշած է, որ այսօր կը կատարուի «Ազգ-բանակ»-ը կեանքի կոչելու վերաբերող խիստ կարեւոր չորրորդ քայլը: Առաջին քայլը, ըստ Վիգէն Սարգսեանի, գաղափարականն էր, որ կը բխէր նախագահ Սերժ Սարգսեանի ելոյթներէն եւ ուղեցուցային հիմնական մօտեցումներէն: «Երկրորդ կարեւոր քայլը իրաւական էր: Մենք ընդունեցինք  երկու կարեւոր...

Լիբանանի Հայոց Թեմի  Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի  2018 Տարեշրջանի Բ. Նիստ

Լիբանանի Հայոց Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի 2018 Տարեշրջանի Բ. Նիստ

Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովի երկրորդ նիստը տեղի ունեցաւ երեքշաբթի, 10 ապրիլ 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ, նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ` Շահէ եպս. Փանոսեանի: Առաջնորդ սրբազան հօր աղօթքէն ետք Ազգային երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Գառնիկ Մկրտիչեան բացուած յայտարարեց ժողովը ու, համաձայն նիստին համար ճշդուած օրակարգին,  առիթ ընծայեց, որ ժողովականներ քննարկեն ու վաւերացնեն նախորդ նիստի...

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման  Ժողովրդային Հանդիպում-Լսարան.  «Լիբանանցի Հայ Երեսփոխանը Տարբեր Է  Լիբանանցի Երեսփոխանէն, Որովհետեւ  Ան Կը Հաւատայ, Որ Լիբանանի Հայութեան Քաղաքական  Որոշումը Ինքնուրոյն Պէտք Է Ըլլայ»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ-ի Թեկնածուներու Ծանօթացման Ժողովրդային Հանդիպում-Լսարան. «Լիբանանցի Հայ Երեսփոխանը Տարբեր Է Լիբանանցի Երեսփոխանէն, Որովհետեւ Ան Կը Հաւատայ, Որ Լիբանանի Հայութեան Քաղաքական Որոշումը Ինքնուրոյն Պէտք Է Ըլլայ» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

2018-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն առաջադրուած ՀՅԴ-ի չորս թեկնածուներու ծանօթացման ժողովրդային հանդիպում-լսարանները կը շարունակուին: Այդ ծիրին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Քարոզչական մարմինին եւ ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» եւ «Հրայր Մարուխեան» կոմիտէներուն, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային հանդիպում մը` ներկայութեամբ ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն` ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, Յակոբ Թերզեանի, Սերժ Չուխատարեանի եւ Ալեքսանտր Մաթոսեանի, Պուրճ...

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց  Հայաստանի Հանրապետութիւն –  Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

Հայաստանի Ազգային Ժողովը Վաւերացուց Հայաստանի Հանրապետութիւն – Եւրոպական Միութիւն Համաձայնագիրը

10 ապրիլին Հայաստանի խորհրդարանը քննարկեց Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը վաւերացնելու մասին հարցը: Երէկ Ազգային ժողովը միաձայնութեամբ` 95 ձայնով, կողմ քուէարկեց համաձայնագիրին: Յիշեցնենք, որ փաստաթուղթը կը կանոնակարգէ երկկողմանի քաղաքական, տնտեսական, առեւտրական յարաբերութիւնները, կը խրախուսէ անոնց շարունակականութիւնը: Այդտեղ կը խօսուի Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան ընդհանուր սկզբունքներու, կազմակերպուած յանցագործութեան ու փտածութեան դէմ պայքարի, ուժանիւթի եւ փոխադրութեան, շրջակայ միջավայրի պաշտպանութեան, գրեթէ բոլոր...

Շարմազանով. «Սերժ Սարգսեանը`  Հայաստանի  Հանրապետական Կուսակցութեան  Վարչապետի Թեկնածու»

Շարմազանով. «Սերժ Սարգսեանը` Հայաստանի Հանրապետական Կուսակցութեան Վարչապետի Թեկնածու»

Երէկ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) Գերագոյն մարմինի հերթական նիստը: Նիստի աւարտէն ետք ՀՀԿ բանբեր Էդուարդ Շարմազանով լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսաւ, թէ նիստը վարած է ՀՀԿ նախագահ Սերժ Սարգսեանը: Նիստի ընթացքին Գերագոյն մարմինի անդամները ամփոփած  են  նախագահ Սերժ Սարգսեանի կառավարման տասը տարիները: «Այդ տասը տարիները բարդ, մարտահրաւէրներով լի, բայց միեւնոյն ժամանակ պետականաշինութեան, նախաձեռնող արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան...

Կարէն Կարապետեանը` Աղուան Վարդանեանին.  «Ունինք Բաւական Յուսադրող Թիւեր Եւ Չենք  Թաքցներ, Որ Մեր Համախմբական Դաշինքը  Անոնցմով Բաւարարուելու Իրաւունք Ունի»

Կարէն Կարապետեանը` Աղուան Վարդանեանին. «Ունինք Բաւական Յուսադրող Թիւեր Եւ Չենք Թաքցներ, Որ Մեր Համախմբական Դաշինքը Անոնցմով Բաւարարուելու Իրաւունք Ունի»

Կառավարութեան հետ հարցուպատասխանի ժամանակ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան վարչապետի պաշտօնակատար Կարէն Կարապետեանին եւ համախմբական  կառավարութեան բոլոր անդամներուն նախ շնորհակալութիւն յայտնեց մէկուկէս տարուան արդիւնաւէտ աշխատանքին համար: «Կը կարծեմ` ձեր գործունէութեան առաջին արդիւնքները ակնյայտ ու յուսադրող են», ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Նոր կառավարութեան կազմաւորումէն առաջ կ՛ուզէի ամփոփէիք, թէ որո՞նք են այս կառավարութեան հիմնական յաջողութիւնները, ձեռք բերուած տնտեսական ցուցանիշները, ո՞ր ուղղութիւններով ընելիքներ...

Page 567 of 796 1 … 566 567 568 … 796

Արխիւներ