Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անցում Դէպի Մասնագիտական Համագործակցութիւն*

June 9, 2018
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

5-րդէն մինչեւ 9-րդ` լրագրողներու համահայկական համաժողովներու ընդհանուր թեմաները հետեւողականօրէն նպատակ ունեցած են ամենահամահայկական խնդիրներու շուրջ համախմբել հայկական աշխարհի լրատուադաշտի ղեկավարները:

Պետութեան տանիքին տակ, թէ հայրենիքին մէջ համախմբումը, ըստ էութեան, միջոցին առընթեր, եղած է նաեւ նպատակ` ոլորտին մէջ գործող համահայկական մարդուժի հաւաքագրման առումով:

Իրերայաջորդ համաժողովներու թեմաները` հայկական աշխարհի լրատուամիջոցներու դիմագրաւած հարցերը, 21-րդ դարու տեղեկատուական մարտահրաւէրները, տեղեկատուական անվտանգութեան խնդիրները, լրատուական քաղաքականութեան մէջ պետականութեան առանցքային դերը փաստօրէն կ՛ընդգծեն թեմաներու համահայկական բնութագիրը, ինչ որ իբրեւ առաջին նպաստող գործօն` հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է համախմբումի աննախադէպ ընդառաջումներու:

Ընդառաջումներ, որոնք համաժողովէ համաժողով արձանագրած են նկատելի աճ: Փոխճանաչողական գործառոյթը, որ իրականացուցած են իրերայաջորդ համաժողովներ, կայացած է ոչ միայն ՀՀ-Արցախ-սփիւռք հիմնական փոխադարձ ուղղութիւններով, այլ նաեւ` սփիւռք-սփիւռք ուղղութեամբ կամ ներսփիւռքեան հարթութեան վրայ, նկատի ունենալով, որ սփիւռքը առանձինը որեւէ ատեն նման երեւոյթ չէր արձանագրած:

Երրորդ հիմնական արդիւնքը, որ, կարելի է ըսել, բխած է այս համաժողովներէն, փոխճանաչողականութենէն համագործակցութեան դաշտի անցումն է: Այստեղ գտնուող սփիւռքի տարբեր լրատուամիջոցներ իրենց սեփական թղթակիցները ունին ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Արցախի հանրապետութեան մէջ, ինչը, իր հերթին, հետզհետէ տեղի տուած է` բացի արտաքին քաղաքականութեան գերակայ ուղղութիւններուն վերաբերող թեմաներէն, որ սփիւռքեան լրատուամիջոցներու մէջ նկատելի դառնան նաեւ ներհայաստանեան իրադարձութիւններու լուսաբանումները:

Տեղեկատուական անվտանգութեան հիմնախնդիրներու մասին համաժողովի քննարկումները ծառայեցին ապրիլեան պատերազմին առընթեր սանձազերծուած ապատեղեկատուական արշաւին չներքաշուելու եւ ճգնաժամային տեղեկատուութեան համարժէք հակախուճապային տեղեկատուական գործողութիւններ իրականացնելու առաջադրանքին:

Ցանցային աշխատելաոճը ինքզինք զգալի դարձուց, երբ փոխադարձաբար ՀՀ-Արցախ-սփիւռք լրատուամիջոցներու աշխատակիցներ, համաժողովներու ընթացքին ձեռք բերած ծանօթութիւններով գործնական հաղորդումներ թողարկեցին` իւրաքանչիւրը իր հերթին սկզբնաղբիւրի հանգամանք վերցնելով:

Հայաստանի հիմնադրութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ, 9-րդ համաժողովի գումարման առիթով, կ՛արծարծուին նման համաժողովներու կենսունակութեան զարգացումը առաջադրող ձեւաչափային եւ բովանդակային փոփոխութիւններ:

Ինչպէս նկատելի է, զեկուցական նիստերու կողքին, ներառուած է արդէն յատուկ բաժին, տարբեր գերատեսչութիւններու ղեկավարներուն հետ ճանաչողական-աշխատանքային հանդիպումներ` իրազեկուելու համար կարեւորագոյն ոլորտներու վերաբերեալ հայեցակարգային նոր նախագիծերու եւ բնականաբար այդ բոլորը հետագային լուսաբանելու համար:

Ներկայ յարափոփոխ, արագօրէն նորացուող դասական եւ այլընտրանքային լրատուամիջոցներու դաշտին մէջ անհրաժեշտութեան առջեւ ենք նորարար, մասնագիտական ոճային եւ բովանդակային մեթոտաբանութեան իրացման եւ ցանցային կառոյցի նպատակաուղղուած կիրարկման:

Մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութեամբ անցում կը կատարուի նոր համակարգի` համահունչ արդի ժամանակներու օրինաչափութիւններուն: Լրատուամիջոցները ոչ միայն իրենց գործառոյթներով կ՛արձագանգեն այդ բոլորին, այլ նաեւ համաշխարհային ԶԼՄ-ներու կանոններով եղանակ կը ճշդեն այդ գործընթացներուն:

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակի շրջագիծին մէջ 9-րդ համաժողովը այս ուղղութիւններով կրնայ նախադրեալներ ստեղծել եւ նպաստել մեր երկրին ու պետութեան միջազգային յաւելեալ վարկի ու հեղինակութեան իրացման:

 

* Լրագրողներու համահայկական 9-րդ համաժողովին համակարգող խորհուրդի նախագահ Շահան Գանտահարեանի խօսքը, Երեւան, 30 մայիս 2018:

Նախորդը

Փարիզի Մէջ Ներկայացուեցաւ «Անկախութեան Ձգտումը… Եւ Լեւոն Շանթ» Ստեղծագործութիւնը

Յաջորդը

«Էս-400»-ի Ձեռքբերումը Թուրքիոյ Համար Ազգային Խնդիր Է» Կ՛ըսէ Սոյլու

RelatedPosts

Խմբագրական.  Նախապայմաններ Եւ Բախումներ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Նախապայմաններ Եւ Բախումներ

October 31, 2026
Վանս. «Ներկայիս Ուաշինկթընի Թիւ  Մէկ Առաջնահերթութիւնը Միջազգային  Տնտեսութեան Ուժանիւթի Մատակարարման  Շարունակութիւնն Է, Իսկ Իրանին Հիւլէական Զէնք Ձեռք Ձգել Արգիլելը` Երկրորդը»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Թրամփ Իրանի Հետ Երկարատեւ Պատերազմ Մը Պիտի Չարտօնէ»

October 31, 2026
Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ`  Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի  Նախարարներու Հանդիպումին
Գլխաւոր լուրեր

Լաւրով Միացեալ Նահանգներ Կ՛այցելէ` Մասնակցելու Համար Քսաններու Խմբակի Նախարարներու Հանդիպումին

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.