Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Բարձրաստիճան Պաշտօնեաներու Հրաժարականներ Եւ Նշանակումներ

Յունիս 7, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7 յունիսին Արցախի մէջ իրենց հրաժարականները ներկայացուցին Արցախի պետական նախարար Արա Յարութիւնեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետ Արշաւիր Ղարամեան եւ ոստիկանապետ զօրավար-գնդապետ Կամօ Աղաջանեան:

Անոնց փոխարէն, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի կողմէ հրապարակուած հրամանագիրներով Արցախի պետական նախարար նշանակուած է Գրիգորի Մարտիրոսեան, որ մինչ այդ Արցախի  ելեւմուտքի նախարար էր, գնդապետ Իգոր Գրիգորեան նշանակուած է Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանութեան պետ, գնդապետ Սամուէլ Շահրամանեան` Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն,  իսկ Արթուր Յարութիւնեան`  Արցախի ելեւմուտքի նախարար:

Իր հրաժարականը ներկայացնելէ քանի մը ժամ ետք տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին պետական նախարար Արա Յարութիւնեան յայտարարած է, որ իր հրաժարականը կապուած չէ ցուցարարներուն պահանջին` աւելցնելով, որ, բայց եւ այնպէս երիտասարդ դէմքերու կարիք կայ:

Ըստ անոր, հանրութեան մէջ ձեւաւորուած պահանջ եւ տրամադրութիւն կայ` երկրին մէջ բարեփոխումներու նոր փուլ իրականացնելու: «Վերջին քանի մը ամիսներուն, մանաւանդ Հայաստանի մէջ կատարուած իշխանափոխութենէն ետք, Արցախի ժողովուրդին մէջ եւս ձեւաւորուեցաւ փոփոխութիւններ կատարելու պահանջ», ըսած է Յարութիւնեան` միեւնոյն ժամանակ յայտարարելով, որ պիտի չհրաժարի քաղաքականութենէն, այլ պիտի շարունակէ ղեկավարել իր կուսակցութիւնը: «Կ՛ուզեմ աւելի ազատ քաղաքական գործիչ ըլլալ, որպէսզի կարելիութիւն ունենամ հանրութեան կողմէ պահանջուած բարեփոխումներուն աւելի մեծ մասնակցութիւն բերել», պարզաբանած է ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ իր հրաժարականը կապ ունի 2020-ին Արցախի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցութեան` Ա. Յարութիւնեան ըսած է. «Արցախի մէջ ամէն բան կարելի է 50 տոկոսով, որովհետեւ այստեղ ամէն պահու սահմանագիծին վրայ կրնան արձանագրուիլ լուրջ փոփոխութիւններ, որոնք կը փոխեն մեր ամբողջ օրակարգը»:

«Վերջին ամսուան ընթացքին նախագահին հետ կը քննարկէինք, թէ կարիք կայ ինչպիսի՛ բարեփոխումներու, որոնք հանրութեան վստահութիւն կը ներշնչեն: Այդ քննարկումներուն առանցքը հանդիսացաւ մարդուժի լուրջ փոփոխութիւններու հարցը», ըսած է հրաժարեալ պետական նախարարը:

Լրագրող մը հարցուցած է նախագահ Բակօ Սահակեանի հաւանական հրաժարականին մասին, իսկ Ա. Յարութիւնեան պատասխանած է. «Բակօ Սահակեան Արցախի սահմանադրութեան ու անվտանգութեան երաշխաւորն է, եւ նախագահի յաճախակի փոփոխութիւնը անիմաստ է, մանաւանդ որ անոր լիազօրութիւններուն ժամկէտը չէ աւարտած»:

Արա Յարութիւնեան նշած է, որ իր պաշտօնավարութեան ընթացքին Արցախի մէջ կատարուած են բազմաթիւ բարեփոխումներ, ժողովրդագրական աճ արձանագրուած է, նուազած են արտագաղթողները, ծնելիութիւնը աւելցած է: Անոր համաձայն, վերջին ամիսներուն Արցախի մէջ իրականացուած են վերաբնակեցման լուրջ ծրագիրներ, որոնք պէտք է շարունակուին:

Արցախի Հանրապետութեան ոստիկանապետ Կամօ Աղաջանեան եւս իր հրաժարականէն ետք ուղերձ յղած է արցախցիներուն` դիտել տալով, որ վերջին օրերուն տեղի ունեցած բողոքի ալիքը առիթ տուած է մտածելու, իսկ իր մտահոգութեան տուն տուող պատճառը իր հրաժարականին պահանջը չէր միայն, այլեւ երկրի ներքին ապահովութիւնը չխաթարելն ու երկիրը ներքաղաքական լարուածութենէ զերծ պահելը:

«1991-էն ես հող հայրենիի կանչով եւ ձեզմէ շատ շատերու օրինակով կամաւորագրուած եմ արցախեան ազատամարտին: Լեռնային Ղարաբաղի ինքնապաշտպանական ուժերու Ուխտաձորի ջոկատի հրամանատարէն հասնելով Հայաստանի պաշտպանութեան բանակի բանակային զօրախումբի հրամանատարի պատասխանատու, պաշտօնիս ամբողջ ծառայութեան ընթացքին սեփական կենսագրութեամբ ու օրինակով փորձած եմ ներկայացնել հայրենիքին հանդէպ գերագոյն նուիրումի դրսեւորումը: 25 մարտ 2013-էն մինչեւ օրս կը վարեմ ոստիկանութեան պետի պաշտօնը, իմ հիմնական նպատակս ու առաքելութիւնս կը նկատեմ ծառայել ժողովուրդիս, ստեղծել ու ամրապնդել լիարժէք վստահութեան մթնոլորտ ոստիկանութեան եւ հասարակութեան միջեւ:

«Թէ` որքան յաջողած եմ այդ առումով, կը ձգեմ ձեր դատին: Որքան ալ բարձրագոչ հնչէ, ինծի համար միշտ ամէնէն առաջնայինը եղած է ու կը շարունակէ մնալ արտաքին, ինչպէս նաեւ ներքին անվտանգութիւնը, ժողովուրդին խաղաղ կենսագործունէութեան համար բոլոր պայմաններու ապահովումը, որուն համար ոչինչ պարտաւոր ենք խնայել ու ոչ մէկ խոչընդոտի առջեւ կանգնիլ:

«Սիրելի՛ բարեկամներ, հաշուի առնելով իմ հրաժարականի ներկայացման վերաբերեալ հասարակութեան մէջ յառաջացած պահանջը, ոստիկանութեան պետի պաշտօնէն զերծ կացուցուելու զեկուցագիր ներկայացուցած եմ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանին: Կ՛ուզեմ հաստատել, որ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակեմ հաւատարիմ մնալ Արցախի Հանրապետութեան պետականութեան ամրապնդման գործին եւ հայրենիքին սպառնացող իւրաքանչիւր վտանգի պարագային պատրաստ եմ սեփական օրինակով ապացուցել ատիկա: Եղած եմ ու կը մնամ հայրենիքիս զինուորը», եզրափակած է ոստիկանապետը:

Նախորդը

Իշխանեան. «Մեր Անվտանգութեան Ու Պաշտպանութեան Համակարգը Յուսալի Է Եւ Երաշխաւորուած»

Յաջորդը

Հայկական Ֆութպոլ. Ռաֆայէլ Նազարեան Գլխաւորեց «Արցախ»-ը

RelatedPosts

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի,  Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Օրթէյկըս Հանդիպումներ Ունեցաւ Աունի, Պըրրիի Եւ Սալամի Հետ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան»  Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը
Գլխաւոր լուրեր

Տեղի Ունեցաւ «Հայաստան» Խմբակցութեան Մամլոյ Ասուլիսը

Հոկտեմբեր 29, 2025
Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է  Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ  Պատանդներու Ազատ Արձակումը»
Գլխաւոր լուրեր

Խաչատրեան. «Այս Վեհաժողովը Անվարան Պէտք Է Պահանջէ Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդներու Ազատ Արձակումը»

Հոկտեմբեր 29, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?