Արցախի մէջ տեղի ունեցած պաշտօնանկութիւններու, Արցախի ներքին կայունութեան եւ այլ հարցերու շուրջ «Երկիր»-ը զրուցած է ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանի հետ:
Իշխանեան ընդգծեց, որ պաշտօնանկութիւններէն ետք ՀՅԴ-ն Արցախի մէջ իբրեւ քաղաքական ուժ նախ ներկուսակցական քննարկումներ կազմակերպած է, ապա հանդիպումներ ունեցած է նախագահ Բակօ Սահակեանի եւ պետական նախարար Արա Յարութիւնեանին հետ` պատկերացնելու եւ հասկնալու, թէ այս զարգացող գործընթացները ո՛ւր կրնան տանիլ եւ ի՛նչ դրդապատճառներ կան աւելի խորքը:
«Մենք բաւարարուած զգացինք նախագահին հետ ունեցած մեր հանդիպումէն: Մեզի որոշ բացատրութիւններ տրուեցան, նաեւ որոշ քայլերու յաջորդականութեան, քատրային փոփոխութիւններու առումով: Շեշտուեցաւ, որ Արցախի մէջ յառաջացած էր բարեփոխումներու եւ քատրային փոփոխութիւններու որոշ անհրաժեշտութիւն», ըսաւ ան, ապա տեղեկացուց, որ յառաջիկայ ժամերուն պիտի ըլլան շարք մը հրամանագիրներ եւ նոր նշանակումներ:
Անոր համաձայն, իրենք նախագահին տուած տեղեկութիւններն ու բացատրութիւնը լսելէ ետք իրենց տեսակէտները ներկայացուցած են անոր: «Ընդգծած ենք, որ անհրաժեշտ է այդ ընդհանուր բարեփոխումներու շրջանակին մէջ կարեւոր տեղ տալ բարեփոխումներու բերումով յաւելեալ զարգացման գործընթաց ապահովելու անհրաժեշտութեան` քաղաքական, տնտեսական, անվտանգութեան համակարգի, ընկերային երաշխիքներու, ընկերային լարուածութեան թուլացման եւ այլ բնագաւառներու մէջ»:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Արցախի մէջ զարգացող այս իրադարձութիւնները պիտի ազդե՞ն Արցախի ներքին անվտանգութեան վրայ, Իշխանեան շեշտեց, որ Արցախի Հանրապետութեան ներքին կեանքին մէջ տեղի ունեցող այս անցուդարձերը ուղղակի փոխկապակցուած են Արցախի տագնապին: «Մենք չենք կրնար ունենալ անկայուն ու լարուած ներքին մթնոլորտ եւ ձգտիլ յուսալի անվտանգութեան համակարգի: Մեր անվտանգութեան ու պաշտպանութեան համակարգը յուսալի է եւ երաշխաւորուած, եթէ առկայ է ներքին կայունութիւն, համախոհութեան մթնոլորտ, քաղաքական հանդուրժողականութիւն, ընկերային արդարութիւն, քաղաքացիական հասարակութիւն եւ նման շարք մը կարեւոր բաղադրիչներ, որոնք կը լրացնեն այդ անվտանգութիւնն ու պաշտպանութիւնը», ըսաւ ան:
Իսկ թէ արդեօք քատրային փոփոխութիւնները անցնցում կ՛անցնի՞ն, ըստ Իշխանեանի, որեւէ փոփոխութիւն որոշակի ցնցումներ կ՛ենթադրէ: «Էական ու լուրջ ցնցումներ պիտի չըլլան: Օրեր առաջ տեսանք, որ որոշակի դժգոհութիւններու ալիք ծագեցաւ ժողովուրդին մէջ, ճիշդ է` պատճառները այլ տեղ էին, բայց, այնուհանդերձ, շրջանառուող տեսակէտները, թէ Արցախի մէջ ռազմական յեղաշրջում կայ, ինչ որ ուժային կառոյցներու կողմէ իշխանութիւնը վերցնելու փորձեր կան եւ այսպիսի այլ ըսի-ըսաւներ չեն համապատասխաներ իրականութեան: Ժամեր ետք, երբ ըլլան նշանակումները, աւելի յստակութիւն պիտի մտցուի բարեփոխումներու այս գործընթացին մէջ», ընդգծեց ան:
Ամփոփելով խօսքը` Իշխանեան նշեց, որ փոփոխութիւնները այս փուլին որոշակի մտահոգութիւններ յառաջացուցած էին, սակայն նախագահին հետ հանդիպումէն ետք այդ մտահոգութիւնները փարատած են: «Դեռ կան որոշ մտահոգութիւններ, որոնք յաւելեալ քայլերու եւ բացատրութիւններու անհրաժեշտութիւն կը պահանջեն: Կ՛ուզեմ շեշտել, որ Դաշնակցութեան համար կարեւոր է անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան ամուր համակարգը եւ երկրին ներքին կայունութիւնը», եզրափակեց ան:



