Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ղեկավարներ ու համակիրներ Լոս Անճելըսի մէջ հանդիպում մը ունեցան քոնկրեսական Պրետ Շըրմընի հետ` քննելու համար Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ հարկային նոր համաձայնագիր մը գոյացնելու ջանքերուն յաջորդ քայլերը, յատկապէս` Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խաղաղ, սահմանադրական եւ ժողովրդավար իշխանափոխութեան լոյսին տակ:
Մասնագիտութեամբ հաշուապահ մը ըլլալով եւ նկատի ունենալով, որ ան ներկայիս Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի բարձրաստիճան անդամ է` քոնկրեսական Շըրմըն միջազգային հարկերու համակարգի հեղինակաւոր մասնագէտ մը կը նկատուի:
Նշեալ քննարկումը տեղի ունեցաւ Շըրմընի ի նպաստ կազմակերպուած զօրակցական հաւաքոյթի մը ընթացքին, որուն հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր հայ համայնքի ղեկավարներէն` Մայքըլ Մահտէսեան: Ներկաներուն մէջ կային Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Րաֆֆի Համբարեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Նորա Յովսէփեան եւ Հայաստանի «Մարիոթ» պանդոկի ներդրողներէն Բեգլար Փիլաւճեան:
Համբարեան շնորհակալութիւն յայտնեց համաձայնագիրի վերջնականացման գծով քոնկրեսականին տարած կարեւոր աշխատանքին համար, որուն գլխաւոր նպատակն է վերցնել երկկողմանի առեւտուրի ու ներդրումներուն առջեւ դրուած արհեստական արգելքները: Ան միաժամանակ յոյս յայտնեց, որ Հայաստանի իրադարձութեանց նկատմամբ Սպիտակ տան եւ արտաքին գործոց նախարարութեան ջերմ խօսքերը կ՛առաջնորդեն յատկանշական քայլերու` իրենց երկրորդ դարը թեւակոխող Հայաստան-Ամերիկա յարաբերութիւններուն մէջ:
Յայտնենք, որ Հայաստանի մէջ մօտաւորապէս ամիս մը առաջ տեղի ունեցած խաղաղ իշխանափոխութենէն անմիջապէս ետք եւ նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակները դրուատած էին այդ իրողութիւնը եւ փափաք յայտնած` նոր էջ մը բանալու Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ յարաբերութեան պատմութեան մէջ, Հայ դատի յանձնախումբը նոր թափով սկսած է յառաջ տանելու Հայաստանը կրկնակի հարկումէ զերծ պահելու արշաւը:
Անցեալ փետրուարին, քոնկրեսականներ Տէյվիտ Վալատաօ եւ Շըրմըն ձեռնարկած էին ստորագրահաւաքի արշաւի մը, որուն նպատակն էր իրենց պաշտօնակիցներէն աջակցութիւն ապահովել` Հայաստանը կրկնակի հարկումէ զերծ պահելու եւ ժամանակակից համաձայնագիր մը գոյացնելու ջանքերուն համար: Անոնք ապահոված էին աւելի քան 30 քոնկրեսականներու զօրակցութիւնը: Այս արշաւին ի պատասխան` Միացեալ Նահանգներու գանձապետ Սթիվ Մնուչին ընդունած է, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ առեւտուրի եւ ներդրումներու վրայ դրուած տուրքերուն վերաբերեալ աւելի արդիական համակարգով օժտուած համաձայնագիր մը` աւելի՛ նպաստաւոր պիտի ըլլայ երկու կողմերուն համար:
Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտուրը ներկայիս կը բանի Խորհրդային Միութեան օրերէն (1973) մնացած համաձայնագիրի մը պայմաններով, ինչ որ ճշգրտօրէն չ՛արտացոլացներ երկու ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւնը եւ խոտոր կը համեմատի արդի առեւտրական պայմաններուն:
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը տարիներէ ի վեր աշխատանք կը տանի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ տնտեսական կապերը ամրապնդելու գծով:



