Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպումներ Ունեցած Է Եւրոպական Միութեան Եւ Գերմանիոյ Դեսպաններուն Հետ

Յունիս 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փեոթր Սվիտալսքին:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան շարունակական զարգացումը եւ անդրադարձած  կառավարութեան գործունէութեան առաջնահերթութիւններուն ու ծրագիրներուն: Մասնաւորապէս, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած  է, որ մեր երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները էապէս նպաստած են ժողովրդավարութեան զարգացման եւ ամրապնդման: Վարչապետին համաձայն, ստեղծուած բարենպաստ մթնոլորտը նոր խթան պիտի հանդիսանայ տարբեր ոլորտներու մէջ բարեփոխումներու եւ արմատական փոփոխութիւններու իրականացման: Վարչապետը  շեշտած է, որ կառավարութեան թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը փտածութեան դէմ պայքարն է, եւ գործադիրի քայլերը ուղղուած են ժողովրդավարական հաստատութիւններու զարգացման, գործարարական միջավայրի շարունակական բարելաւման, ներառեալ` ներդրումներու պաշտպանուածութեան բարձրացումը, մենաշնորհներու դէմ պայքարը, պետական գնումներու ոլորտին մէջ փտածութեան դրսեւորումները նուազագոյնի հասցնելը, ներդրումներու ներգրաւումը եւ այլն: «Մենք վճռական ենք մեր կողմէ նախանշուած նպատակները, ծրագիրներն ու միջոցառումները կեանքի կոչելու հարցով` յստակ արդիւնքներ արձանագրելու նպատակով», ընդգծած է վարչապետը:

Փեոթր Սվիտալսքի ողջունած եւ կարեւոր նկատած է վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած կառավարութեան ծրագիրները` ընդգծելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է առարկայական օժանդակութիւն ցուցաբերելու անոնց իրականացման, այդ կարգին` Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի ժամանակաւոր կիրարկման շրջագիծին մէջ: Դեսպանը նշած է, որ կը տեսնէ դէպի Հայաստան եւրոպական ներդրումներ ներգրաւելու լաւ  կարելիութիւններ, յատկապէս, պետութիւն-մասնաւոր հատուած համագործակցութեան շրջագիծին մէջ տարբեր ծրագիրներ իրականացնելու ուղղութեամբ: Փեոթր Սվիտալսքիի համաձայն, եւրոպացի ներդրողները պատրաստ են քննարկելու յստակ ծրագիրներ:

Հանդիպումին ընթացքին զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են նաեւ Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու  կազմակերպման, Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներուն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութիւն-Եւրոպական Միութիւն  յարաբերութիւններու օրակարգային շարք մը այլ հարցերու:

Նաեւ` Գերմանիոյ Դեսպանին Հետ

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ նաեւ ընդունած է Հայաստանի մէջ Գերմանիոյ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պերնհարտ Մաթիաս Քիսլերը:

Վարչապետը կարեւոր նկատած է հայ-գերմանական գործընկերութեան զարգացումը եւ ընդգծած, որ Հայաստանի կառավարութիւնը շահագրգռուած է ձեռնարկելով քայլեր, որոնք նոր ազդակ պիտի հաղորդեն երկկողմանի քաղաքական եւ տնտեսական կապերու  ընդլայնման եւ ամրապնդման: «Մենք կ՛ողջունենք Գերմանիոյ կողմէ  Հայաստանի մէջ ենթակառուցուածքներու  զարգացման եւ այլ ոլորտներու մէջ իրականացուող ծրագիրները: Պատրաստ ենք միացեալ աշխատանքով նոր մակարդակի բարձրացնելու մեր երկիրներու համագործակցութիւնը, որոնք կը նպաստեն առեւտրական-տնտեսական յարաբերութիւններու աշխուժացման, ներդրումներու ներգրաւման ու անոնց արդիւնաւէտ իրականացման», ըսած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան` ընդգծելով նաեւ Հայաստանի մէջ  տարբեր ուղղութիւններով նախատեսուող բարեփոխումներու  իրականացման գործին մէջ փոխադարձ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը:

Դեսպանը վստահութիւն յայտնած է, որ միացեալ ջանքերով կարելի կ՛ըլլայ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ խթանել բազմաոլորտ համագործակցութիւնը: Անոր համաձայն, անհրաժեշտ են այնպիսի նախաձեռնութիւններ, որոնք կը խթանեն տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ ներդրումային ծրագիրներու իրականացումը: Մաթիաս Քիսլեր հեռանկարային նկատած է փոխադարձ գործակցութիւնը  արդիւնաբերութեան, ենթակառուցուածքներու զարգացման, ուժանիւթի եւ այլ ոլորտներու մէջ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական շրջանառութեան ծաւալներու բարձրացման, շրջանին մէջ ստեղծուած աշխարհաքաղաքական իրավիճակին, Հայաստանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններու կազմակերպման, Ընտրական օրէնսգիրքի բարեփոխումներուն վերաբերող, ինչպէս նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող  շարք մը այլ հարցեր: Անդրադառնալով ընտրութիւններու մասին հարցումին` վարչապետը կարեւոր նկատած է Ընտրական օրէնսգիրքին մէջ իրականացումը այնպիսի փոփոխութիւններու, որոնք կ՛երաշխաւորեն անոնց ազատ, արդար եւ ժողովրդավարական չափանիշներուն համապատասխան կայացումը:

 

 

Նախորդը

Արթուր Եղիազարեան. «Արցախի Մէջ Երկու Կողմերն Ալ Կը Փորձեն Առանց Ցնցումներու Հարցերու Լուծման Հասնիլ»

Յաջորդը

Ալլեկրի Հրաժարեցաւ Գլխաւորել Ռէալ Մատրիտը

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?