Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը Այցելեց Նախագահ Աունի

June 8, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, որ հանրապետութեան նախագահէն պահանջեց կառավարութեան մէջ հայ կաթողիկէ համայնքին ներկայացուցչութիւն ապահովել:

Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը շեշտեց, որ հայ կաթողիկէ համայնքը մեծ սէր կը տածէ նախագահ Աունի նկատմամբ եւ կը զօրակցի անոր ազգային կեցուածքներուն, յատկապէս գնահատելով երկրին  ապահովական կայունութիւնն ու երկրին մէջ արդարութիւնը պահպանելու անոր սկզբունքները:

Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը անդրադարձաւ նաեւ լիբանանեան ընկերութեան մէջ հայ կաթողիկէ համայնքին ունեցած աշխուժ դերակատարութեան եւ իբրեւ այդպիսին նախագահ Աունէն պահանջեց կառավարութեան մէջ հայ կաթողիկէ համայնքին ներկայացուցչութիւն ապահովել, յատկապէս նկատի ունենալով, որ վերջին անգամ 27 տարի առաջ հայ կաթողիկէ համայնքը Լիբանանի կառավարութեան մէջ ունեցած է նախարար մը:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց երկիրը յուզող ապահովական իրադարձութիւններն ու բանակին կարիքները:

Սարրաֆ նախագահ Աունին ներկայացուց Պուլկարիա կատարած իր պաշտօնական այցելութեան արդիւնքները` լիբանանեան-պուլկարական զինուորական երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու վերաբերեալ:

Սարրաֆ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց նաեւ յառաջիկայ երկու օրերուն ընթացքին Ֆրանսա կատարելիք իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ընթացքին ֆրանսացի իր պաշտօնակիցին` Ֆլորանս Պարլիի հետ պիտի քննարկէ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ եւ Տնտեսական-ընկերային խորհուրդի նախագահ Շարլ Արպիտ:

 

Նախորդը

«Պէտք Է Աշխատինք Քաղաքականութիւնը Վերածել Երկրին Ապահովական Կայունութեան Եւ Քաղաքացիական Անվտանգութեան Երաշխիքին» Շեշտեց Ապպաս Իպրահիմ

Յաջորդը

Ըստ «Իսրայէլնեշընըլնիուզ»-ի. Իսրայէլի Խորհրդարանը Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Հարցով Քննարկումներ Պիտի Կատարէ

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.