Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արթուր Եղիազարեան. «Արցախի Մէջ Երկու Կողմերն Ալ Կը Փորձեն Առանց Ցնցումներու Հարցերու Լուծման Հասնիլ»

Յունիս 6, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ, ռազմական փորձագէտ Արթուր Եղիազարեան, խօսելով Ստեփանակերտի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն եւ անոնց պատճառներուն մասին, ըսած է, որ եթէ խորքային պատճառներ գոյութիւն չունենային, մէկ դէպքը նման ցնցումներ չէր կրնար յառաջացնել ու ժողովուրդը ոտքի հանել:

Ըստ անոր,  հիմնական շարժառիթը այն էր, որ փորձ կատարուած է օգտագործելու պաշտօնական դիրքը, ինչ որ բողոքի ալիք բարձրացուցած է Արցախի մէջ, սակայն ատոր ճամբով ժողովուրդը սկսաւ արտայայտել ընդհանրապէս Արցախի մէջ արդարութեան հաստատման խնդիրներ: «Ասիկա բնական է, քանի որ կը բացառուի, որ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած փոփոխութիւնները իրենց ազդեցութիւնն ու ալիքը չհասցնէին Արցախ: Մարդիկ կը տեսնեն` ինչպէս հոս յաջողեցաւ որոշակի իշխանափոխութիւն, եւ նոյն խնդիրները բարձրացուեցան հոն», նշած է Եղիազարեան: Ան աւելցուցած է, որ կարելի չէ ըսել, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցերը ուղղորդուած էին Երեւանէն, այլ դէպքերուն ընթացքը ցոյց կու տար, որ տեղական բնոյթի շարժում էր, որ ուղղակիօրէն կը կրէր Հայաստանի փոփոխութիւններու շունչը: Եղիազարեանի համաձայն, Արցախի մէջ իրավիճակը քիչ մը տարբեր էր հայաստանեան իրականութենէն, Երեւանի մէջ տեղի ունեցած գործընթացներէն, քանի որ Արցախի մէջ ամբողջական իշխանափոխութեան հարց չէր դրուած, այլ մարդիկ արդարութեան վերականգնման նպատակով կը բողոքէին, իսկ  Արցախի իշխանութիւնները շուտով արձագանգեցին:

Ան ուշագրաւ նկատած է այն հանգամանքը, որ Արցախի մէջ բոլոր ցոյցերուն ընթացքին բանակին հետ կապուած խնդիր չկար, ինչ որ շատ կարեւոր է: Այսինքն, ըստ անոր, այս դժգոհութիւնը ոչ մէկ առնչութիւն ունի բանակին հետ, եւ Արցախի զինուած ուժերը ոչ մէկ քայլ առին միջամտելու, այլ իրենց իրաւասութիւններու ծիրին մէջ շարունակեցին ծառայել պաշտպանական դիրքերուն մէջ:

Արթուր Եղիազարեան խօսած է նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կոչին մասին, որուն արձագանգեցին ցուցարարները: «Կարեւոր էր նաեւ այն հանգամանքը, որ ցուցարարները հաստատեցին, թէ իրենք կը հասկնան Արցախի մէջ ցնցումներուն ունենալիք հետեւանքները եւ ոչ մէկ քայլ կ’առնեն իրենց գործողութիւններով Արցախի ապահովութիւնը վտանգելու: Ասիկա կարեւոր քայլ էր ե՛ւ իշխանութիւններուն, ե՛ւ ցուցարարներուն կողմէ` երկու կողմերն ալ կը գիտակցէին տարածքին մէջ հարցին լրջութիւնը եւ կը փորձէին առանց ցնցումներու հասնիլ հարցերու լուծման», ըսած է ան:

Ա. Եղիազարեան լուսարձակի տակ առած է այն երեւոյթը, որ Արցախի մէջ ցարդ ժողովրդավարական գործընթացը հիմնականին մէջ պայմանաւորուած էր վերէն` իշխանութեան կողմէ, նաեւ միջազգային հարթակի մէջ տեսանելի ըլլալու հանգամանքով: Սակայն, Եղիազարեան նկատել տուած է նաեւ, որ Արա Յարութիւնեանի ելոյթէն կարելի է եզրակացնել, որ իշխանութիւնները նոյնպէս կ’ողջունեն այս քայլը եւ կ’ընդունին ժողովուրդին բարձրացուցած խնդիրները, ինչ որ նոր իրավիճակ է, երբ ժողովրդավարութիւնը նաեւ ներսէն կը պարտադրուի իշխանութիւններուն. «Շատ կարեւոր է, որ յատկապէս ռազմագօտիին մօտ, սահմանամերձ համայնքներուն մէջ ապրող մարդիկ շատ աւելի արժանապատիւ կեանք ապրին, ու այդպիսով չվտանգուի նաեւ սահմանամերձ հատուածներու բնակչութեան նօսրացումը»:

 

Նախորդը

Արման Մկրտումեան Հրաժարական Տուած Է Վճռաբեկ Դատարանի Նախագահի Պաշտօնէն

Յաջորդը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպումներ Ունեցած Է Եւրոպական Միութեան Եւ Գերմանիոյ Դեսպաններուն Հետ

RelatedPosts

Ակնարկ.   Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Դէպի 2026` Գիւմրիի Օրինակով

Հոկտեմբեր 20, 2025
Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար.  Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Յիշարժան Օր Մը Հայութեան Համար. Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակ Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ Հոգեպարար Ու Պատմական Արարողութեամբ

Հոկտեմբեր 20, 2025
Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում` «Հայկական Սփիւռքի Մարտահրաւէրները Եւ Հայրենիքը» Նիւթով

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?